Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Լիբանանը՝ Իւրայատուկ Իր Տարածաշրջանին Մէջ. Լիբանանահայութեան Ակնարկային Նկարագրական

Լիբանանահայութեան Ակնարկային  Նկարագրական

Վեր. Դոկտ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ

Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ

Քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդին արդէն անկարելի է ներկայացնել Լիբանանը առանց հաշուիչ առնելու անոր հիմնաւորուած եւ հիմնարար հայկական համայնքը:  

Լիբանան, որպէս միաժամանակ լեռնային  ու ծովեզերեայ երկիր, ճանչցուած է իբրեւ ուրոյն բնօրրան աւելի քան եօթը հազար տարիներէ  ի վեր. Իր Քանաանական նախապատմական օրերէն մինչեւ ներկայի պատմամշակութային ու բնական գանձերովը՝ ան իր մէջ կ’ամփոփէ անսահման հմայք:  Լիբանան- կամ ձիւնի նման ճերմակ-անունն իսկ իր փիւնիկեան լեզուական արմատներովը իր շուրջի ընդհանրապէս դաշտային, չոր կամ անապատային տարածաշրջանին մէջ զինք կը դարձնէ իւրայատուկ:

Համաշխարհային քաղաքակրթութեան եւ նամանաւանդ կրօնի պատմութեան մէջ Լիբանանը կը սեպուի աստուածաշնչական կամ պիպլիական երկիր այն առումով որ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ արձանագրուած դրուագներէն եւ վայրերէն կարեւոր թիւ մը կը գտնուին ներկայ Լիբանանի տարածքին վրայ: Անոնց մէջ են Լիբանանի հարաւային շրջանի Սիդոն, Տիւրոս եւ Սարեփթա քաղաքները, հմայիչ մայրիի ծառերն ու Լիբանանի ձիւնածածկ լեռները, անոր պտղատու դաշտերն ու զուլալ ջուրերը,  ինչպէս նաեւ Լիբանանի գինին, եւ նշանաւոր Հերմոն Լեռան կարեւոր մէկ մասը:

Լիբանանի բնակչութիւնը բնութագրուած է իբրեւ բազմամշակութային, բազմալեզու եւ բազմակրօն:  Այսպէս, Լիբանանի պատմութիւնը միատարրութենէ է հեռու եղած է ի սկզբանէ: 

Լիբանանի աշխարհագրական դիրքը, այլ խօսքով իր Միջերկրական Ծովու արեւելեան աւազանի կեդրոնը գտնուիլը, ապահոված է երկրին ու մշակոյթին շարունակականութիւն, կենսունակութիւն եւ առեւտրական ու ռազմական գրաւիչ երթեւեկութիւն:  Անոր կլիման յատկանշուած է չորս եղանակներու զանազանութեամբ, եւ- նկատի առած երկրի համեմատական փոքր տարածքը –նոյն ժամանակին մէջ երկու տարբեր կլիմաներ վայելելու հնարաւորութիւնը:

Լիբանանի ինքնութեան ու պատմութեան կորիզը եղած է յատկապէս Լեռնալիբանանը որը շրջապատող արեւելեան, հիւսիսային ու հարաւային տարածքները տարբեր ժամանակներու մէջ միացած են անոր կամ՝ անջատուած անկէ: Ուստի, այսօր ու ան մայրաքաղաքն ու երկրի կարգ մը այլ կեդրոնները ընդհանրապէս գտնուած են դրացի երկիրներու կամ նուաճող օտար ուժերու ազդեցութեան տակ, մինչ Լեռնալիբանանը միշտ մնացած է այն կորիզը, որ երաշխաւորած է երկրին ինքնութիւնը: 

Լիբանանը յատուկ դարձնող գործօններ էն եղած է անոր նպաստաւոր եւ հիւրասէր երթուղի ըլլալու հանգամանքը: Արդարեւ, ան դէպի միջինարեւելեան ներքնաշխարհ, ինչպէս նաեւ իրար եւ ելքն ու արեւմուտքը կամրջելու աշխարհագրական ու մշակութային դեր ստանձնած է:  Այս մէկը Լիբանանը կատարած է յատկապէս առեւտրական մարզին մէջ՝ պատմութեան հնագոյն օրերէն ի վեր:

Լիբանանը եղած է հալածուած կրօնական փոքրամասնութիւններու թէ հալածուած ժողովուրդներու ապաստան-երկիր: Այդպիսի փոքրամասնութիւններու՝ Լիբանան ապաստանելու օրինակներ կարելի է գտնել քրիստոնէական առաջին դարերէն սկսեալ: Սակայն, Սուրիոյ մէջ ծնունդ առած մարոնիթ շարժման, ապա եւ մարոնիթ վանականներու եւ համայնքին հաստատումը Լիբանան՝ կը սեպուի Լիբանանի վերջին 1500 տարիներու ինքնութեան հիմնական մէկ ակունքը:

Լիբանանի իւրայատուկին քնութեան կերտման նպաստող ազդակներէն եղած է անոր սպասարկման ու կենսական ծառայութիւններու երկիր ըլլալու հանգամանքը երկար դարեր շարունակ:  Հնագոյն օրերէն ի վեր, անոր նաւահանգիստները, ինչպէս՝ Պիպլոսը, Թրիփոլին, Սիդոնը եւ Տիւրոսը, անոր ուսման կեդրոնները (ինչպիսին էր Պէյրութի Իրաւաբանական Դպրոցը Ք.ե. 3րդ դարուն), իսկ յետագային Լիբանանի դրամատնային ու բժշկական հաստատութիւնները, անոր հանգստավայրերը եւ ուրիշ այլատեսակ հանգամանքներ ծառայած են Լիբանանի մօտակայ երկիրներուն:

Լիբանանը ծանօթ եղած է որպէս գիրի, գրականութեան, թուղթի եւ տպագրութեան երկիր:  Այս առումով, ամէն էն ծանօթ օրինակը Պիպլոս, կամ    այսօրուան Ճիպէյլ քաղաքն է, ուրկէ կը ծագի պիպլիա բառին գործածութիւնը եւ  papyrusի արտադրութիւնը, ուր եւ կատարուած է փիւնիկեան գիրերու  գիւտը:

Լիբանանի ժողովուրդի, ուրեմն լիբանանցի անհատի, յատկանիշերուն մէջ հին ժամանակներ էն յիշուած են անոր ուժեղ, կարող, ճկուն, բանակցող, ճամփորդող ու գիտակ ըլլալը, նաեւ՝ լեզուական կարողութիւնները: Կարգ մը գիտական սերտողութիւններ գտած են թէ Միջերկրական Ծովու շուրջ ապրող քաղաքներու ժողովուրդներու 6 առ հարիւրը կը սեռի փիւնիկեան ազգէն: Հետեւաբար, Լիբանանի նման փոքր երկիր մը կը գտնէ իր ծինային շարունակականութիւնը միջինարեւելեան լայն աշխարհագրական տարածքներու վրայ: Կարելի է այս բոլորին վրայ նկատի առնել նաեւ այն որ Լիբանանի ազդ ու սփիւռքը թիւով կը հաշուէ երկրին մօտաւորապէս հինգ միլիոն բնակչութեան կրկին է նաւելին՝ հիւսիսամերիկեան, հարաւամերիկեան, ափրիկեան, եւրոպական, ասիական եւ աւստրալիական ցամաքամասերուն վրայ: Լիբանանեան յատկութիւններն ու մշակութային հարստութիւնը անոնց մովկը տարածուին աշխարհով մէկ, միաժամանակ նպաստելով երկրի հետ կապերու ամրապնդման:

ԱՐԴԻ ԼԻԲԱՆԱՆԸ

Վերոյիշեալ բազմաթիւ նկատումներուն պատճառով, Լիբանանի վերջին հարիւրամեակներու ինքնութիւնը կազմուած է արտաքին-մերձաւոր թէ հեռաւոր-ազդեցութիւններով ու կապուածութիւններով, ինչպէս նաեւ ներքին-ընտանեկան, մարզային, կրօնական, քաղաքական, տնտեսական –բնորոշիչ ազդակներով: Այս բոլորէն բխած են ու կը բխին ազգային պատկանելիութեան ու միութեան, ինչպէս նաեւ ինքնութենական հարցեր:  Այս հարցերուն աւազանին մէջ, երկիրը շարունակած է որոնել հաւասարակշռութիւն, անկախութիւն եւ խաղաղութիւն:  Լիբանանը մնացած է որպէս դաշտ, մէկ կողմէն՝ մնայուն շարժման, կենսունակութեան եւ զարգացման, եւ միւս կողմէն՝ կեդրոն այլազան պայքարներու եւ նոյնիսկ պատերազմներու եւ քաղաքացիական լարուածութեան: Քրիստոնէական եւ իսլամական կրօնական համայնքներու եւ խմբակցութիւններու գոյակցութեան պատմութիւնը ունեցած է հարուստ ու օրինակելի շրջաններ եւ համերաշխութեան դրսեւորումները տարածուած են լիբանանեան հաստատութիւններու, պետականութեան եւ ընկերային կեանքին վրայ:  Լիբանանեան համակարգին մէջ ապահովուած են կրօնական համայնքներու իրաւունքներն ու իրաւասութիւնները, դերերը, դիրքերն ու համաչափութիւնները՝ բարձր յստակութեամբ ճշտուած:  Այս բոլորը յաճախ կը բանան էջը նաեւ լարուածութեան եւ քաղաքական թէ կրօնական արմատական մտածողութեան՝ Լիբանանի կարգ մը զանգուածներու մօտ:

Այսպէս՝ լիբանանեան ինքնութեան հարցը կը մնայ  մնայուն քննարկման եւ բանակցութեան առարկայ, իր առաւելութիւններովն ու անբարենպաստ պայմաններովը:

Հայը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանեան գունաւոր ու դարաւոր խճանկարը եւս ճոխացաւ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին հայկական նրբերանգով:

Ցեղասպանութեան պատճառած տեղահանութեան ու գաղթի հետեւանքով, մեծաթիւ հայ ընտանիքներ հաստատուեցան Լիբանանի զանազան ծովեզերեայ շրջաններուն՝ նամանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ եւ շատ շուտով հանդիսացան որակական մեծ կշիռ ու շարունակեցին այդպէս ըլլալ մինչեւ օրս՝թէ եւ տարբեր տարողութիւններով:

Այդուամենայնիւ,  հայկական ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ բացարձակ նորութիւն չէր, նկատի առնելով այն որ Տիգրան Մեծի իշխանութեան թեւերը հասած էին Լիբանան եւ Սուրիա՝ առաջին դարուն ընթացքին նախքան Քրիստոս: Մինչ Քրիստոսէ ետք կանուխ դարեր էն սկսեալ Երուսաղէմի քրիստոնէական ուխտագնացութեան ճանապարհներ էն մէկը եղած էր լիբանանեան հողը:

18րդ դարէն սկսեալ հայ կաթողիկէներու եկեղեցականներ կայութիւնը յատկապէս Զմմառի վանքով, Օսմանեան Կայսրութեան երկար դարերու ընթացքին կարգ մը հայ ընտանիքներու գաղթը դէպի Լիբանան, 1861 ին հաստատուած Լեռնալիբանանի կառավարչութեան՝ օսմանեան դրութեամբ կառավարիչ-մութասարրէֆ նշանակուած հայ կաթողիկէ Տաուտ փաշայի դերակատարութիւնը, քսաներորդ դարու սկիզբին Մանուկ Աւետիսեան (Պշարա Էֆենտի) նշանաւոր ճարտարապետի Պէյրութ քաղաքի փլանաւորում-յատակագծումը փայլուն  օրինակներ են հայկական որակական արհեստավարժ ներդրումին:

Յետ Եղեռնեան մեծաթիւ հայերու հոսքը դէպի հարուստ ու դարաւոր մշակութային ու առեւտրական լիբանանեան նոր հայրենիք, անպայման պիտի յատկանշուէր երկկողմանի պատուաստումի բնական եւ երկարամեայ գործընթացով:  Եւ այս երեւոյթը արդէն իր ծաղկած վիճակին հասած էր 1950-60 ականներու կազմակերպուած լիբանանահայութեամբ մը, որ պիտի տանէր հայկական եւ սփիւռքեան առաջնորդողի դեր՝ մշակութային (արուեստի կեդրոններ, ազդու արուեստագէտներ, թատրոններ, միութիւններ, փառատօներ, հայրենակցական միութիւններ), լեզուական (բառարաններ, գիրքեր, դասագիրքեր, հայագիտական կեդրոններ, հրատարակչատուներ, տպարաններ) եկեղեցական (Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական համաշխարհային կեդրոններ), կրթական (դպրոցական ցանցեր, համալսարան, դպրեվանքեր եւ աստուածաբանական ճեմարան), քաղաքական (հայկական աւանդական կուսակցութիւններ, պետական ու կառավարական ներկայացուցչութիւն), տնտեսական (շուկաներ, գործարաններ, արհեստավարժութիւն, ճարտարարուեստ), լրատուական (օրաթերթեր, պարբերականներ, ապա՝ ռատիօժամեր), եւ ընկերային (թաղամասեր, ընտանեկան մթնոլորտ, ծերանոցներ, անկարներու տուներ, բժշկական կեդրոններ) հարուստ բնագաւառներուն մէջ: Լիբանանահայութիւնը, ուրեմն, կը սատարէր Լիբանանի յաւելեալ գրաւչութեան ու բազմակողմանի զարգացումին, մինչ լիբանանեան ընդհանուր յատկութիւնները յաւելեալ մղիչ ուժ կը դառնային լիբանանահայութեան ճկունութեան, համարձակութեան, եւ ամրապնդման: Վերոյիշեալները տեղական ու միջազգային լուրջ կշիռ ու հմայքով նշանաւորեցին լիբանանահայութիւնը. Իրավիճակ մը ուր համալիբանանահայ ներգործակցութեան եւ արդար մրցակցութեան դաշտ մը կը զարգանար եւ հայկական ամբողջութիւնը կը զարգացնէր, միաժամանակ ծառայելով հայու բարի վկայութեան եւ լիբանանեան հայրենիքի կայուն զարգացման:

Հաւանաբար այս բոլորին մէջ թոյլ կը մնար լիբանանեան ինքնութեան բնորոշիչներու հարցը, բան մը որ կը նկատուէր լիբանանահայուն համար գրաւիչ ազդակ՝ իր հայկականութեան երկարատեւ պահպանման համար: Ո՞վ է լիբանանցին հարցումին պատասխանը այնքան բարդ ու բազմաշերտ էր (ու տակաւին է), որ լիբանանահայը կը զգար թէ ինք բաւարարաչափ հաւասար էր ուրիշ քաղաքացիներու հետ եւ կը միանար անոնց ազգային ինքնութեան ճշտումի անաւարտելի պայքարին: Այսինքն, լիբանանահայը ներլիբանանեան հաւասարակշռութիւններ ստեղծելու բարդ հարցին մէջ կ’ունենար դրական դեր, կը զգար ապահով՝ բազմաշերտ ու բազմալեզու իրականութեան մը մէջ:

Դժբախտաբար թոյլ կը մնար նաեւ միջին արեւելեան ընդհանուր անկայուն ու պայթուցիկ իրավիճակը, ինչ որ ունեցաւ տարբեր ժամանակներու մէջ իր             աղէտալի ազդեցութիւնը բոլորին վրայ, մինչ լիբանանեան բեմահարթակին վրայ արտաքին ու ներքին պայքարները կը գտնէին բաց տարածք:

Լիբանանահայութիւնը անպայմանօրէն պիտի ազդուէր այդ իրավիճակներէն եւ վճարէր սուղ գին:  Այսպիսի օրինակներ են 1958ի եւ 1975ի քաղաքացիական պատերազմները, որոնց մէջ լայն տարածաշրջանային ու համաշխարհային ազդակներն ու միջամտութիւնները յստակ են:

Տակաւին, հայկական հարազատ զգացում մը կար ու կայ Լիբանանի մէջ:  Հալածուած ժողովուրդներու հոգեբանութեան հարցերն ու սփոփանքը, լեզուն պահպանելու հնարաւորութիւնը, լայն աշխարհին հետ առնչուելու եւ հաղորդակցելու անխափան ճամփան, որպէս ինքնուրոյն համայնք ճանչցուելու եւ ապրելու առիթը, ազատ շուկայի մէջ գործելու իրականութիւնը, կիլիկեան հողերու աշխարհագրական մերձաւորութիւնը, առաջին ու երկրորդ հայրենիքի գաղափարներու համերաշխութեան ստեղծման հնարաւորութիւնը, քաղաքական անկախ մտածողութեան առիթները, պատերազմներու եւ արդի օրերու տեղահանութիւններու ընթացքին միջինարեւելեան այլ երկիրներու հայ համայնքներու աջակից զանգուած ըլլալը, ու տակաւին շատ աւելին լիբանանահայ հաստատութիւններով ու կեանքով:

Յստակ է որ ներկայ օրերու Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կորսնցուցած են անցեալի փառքերէն ու դիւրութիւններ էն շատերը, այսինքն՝ մեծ թիւերը, տնտեսական կայունութիւնը, հաստատութենական կազմակերպուածութիւնը,  սփիւռքը առաջնորդողի դերը, մշակութային ինքնութեան մեքենայի ամրութիւնը եւն.:  Այդ չի նշանակեր, սակայն, որ այն դերը որ կը վերագրուէր լիբանանահայութեան փոխարինուած է այլ գաղութներով:  Լիբանանի ընձեռած հնարաւորութիւններն ու յատկութիւնները կարելի էր մասամբ փոխադրել բայց ոչ զանոնք փոխարինել:  Համաշխարհայնացումի սլացքը ունեցաւ նաեւ իր ազդեցութիւնը բոլորին վրայ՝ Լիբանանի մէջ եւ այլուր, ինչ որ առաջնորդեց համահայկական հաղորդակցութեան նոր առաւելութեանց, մտածողութեանց արդիականացման եւ բնական պատշաճեցումներու, միաժամանակ խախտելով հայկական ինքնութեան եւ պատմական աւանդոյթներու դարաւոր հիմքերը:

Լիբանանահայութեան հմայքը տակաւին առկայ է: Աւելի քան երբեք կը գտնենք ընդհանուր լիբանանեան  թղթածրարներում էջ հայկական ներգրաւուածութիւն, հայկականութեան  զգացումի զարգացման լայն առիթներ, կիլիկեան աւանդի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ երկրորդ հայրենիքներու իրականութիւններու միջեւ համադրութեան գործիքներ: Վերջին տարիները ցոյց կու տան նաեւ լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս լիբանանցիներու անմիջական ու զարգացող կապերու սահուն ընթացքը Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր ժողովուրդին եւ շուկաներուն հետ, որպէս պտուղ՝ լիբանանահայութեան դրական ու աշխուժ փորձին:

21 րդ դարու լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ ինքնութեան, լեզուի, թիւերու, տնտեսութեան, հաւաքական մթնոլորտի, կազմակերպուածութեան եւ ռազմավարութեան զանազան հարցեր: Նոյնը կը դիմագրաւեն նաեւ մեծաթիւ սփիւռքեան գաղութներ, իրականութեան մէջ՝ ընդհանրապէս աշխարհի բոլոր ժողովուրդներն ու պատմական եւ էթնիք ազգային ինքնութիւնները:   

Կը մնայ որ լիբանանահայութիւնը գտնէ կերպը նորոգելու ինք զինք ու իր հաստատութիւնները, ճշտելով նոր հաւասարակշռոյթներ ու նորոգուած ու նորոգող զարգացման առիթներ որոնք հարազատ են անցեալին եւ բաց են ապագային:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ

Էթնոսոցիոլոգիական Հետազօտութիւններ

Երեւան – Պէյրութ 2019

 

       

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին