Անոնք, որոնք բախտը ունեցած են ապրելու 1990-ական թուականներուն, անկասկած, կը յիշեն բոլորին յայտի այս գերհիթը, եւ նոյնիսկ կը համարձակիմ գրաւի գալ ու պնդել, որ երբ լսեն, անմիջապէս՝ եթէ ոչ պարելու, ապա շարժելու աշխոյժ ցանկութիւն կ՛ունենան։ Երգը համաճարակի նման վարակած էր բոլորին ։ Նոյնիսկ հիմա, տարիներ անց, բազմաթիւ ձայնի հաղորդավարներ (DJ) իրենց ելեկտրոնային ստեղծագործութիւններուն մէջ, որպէս հիմնական մեղեդի կը գործածեն Նեսդըր Ալեքսանտր Հետուէյի «Ուաթ իզ Լավ» երգը։
Երգը գրած են երգահան Թոնի Հենտրիքը եւ Ճունիոր Թորելլոն։ Հեղինակները երկար ժամանակ կը փնտռէին երգիչի, որ պիտի կատարէր երգը։ Վերջապէս շատ պատահականօրէն կը լսեն Հետտուէին եւ անոնց փնտռտուքները կ՛աւարտին։ Թրինիտատցի երգիչը այդ պահուն կը պարէր պարային խումբի մը մէջ եւ կը զբաղէր պարուսուցութեամբ։ Մինչ այդ ան եղած էր ֆութպոլիստ, Քաւր խումբի երգիչ, նոյնիսկ գորգերու յաջող վաճառող։
«Երգը լսելուս պէս հասկացայ, որ այս պարզունակ մեղեդին շատ արագ յայտնի կը դառնայ եւ երկար ժամանակ կը պահէ իր հանրաճանաչութիւնը։ Ես շնորհակալ եմ այս հանգամանքին, որ ինձ երջանիկ դարձուց ։ Ես մինչեւ օրս կ՛ուզեմ երգել այս երգը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի երգին վրայ կատարուած աշխատանքներուն, մենք կ՛ուզէինք ընել այնպիսի բան, որ այդ ժամանակ շատ արդի էր, բայց , միեւնոյն ժամանակ, մեզմէ առաջ ոչ ոք ըրած չէր»,- կը պատմէ Հետտուէյը։
Ինչի՞ մասին է երգը։ Ան անյոյս սիրահարած տղու տառապալից աղերսներու մասին երգ է։ Երգին մէջ, թերեւս տարօրինակ է այն հանգամանքը, որ այս պարային, ռիթմիկ, աշխոյժ երգը իրականին մէջ ընկճուած եւ կոտրուած հոգեկան ապրումներու մասին նկարագրող բնագիր ունի։
«Մարդիկ ինձ անընդհատ կը հարցնէին, թէ ինչի՞ մասին է երգը , ի՞նչ նկատի ունեցած եմ երգելու համար։ Իրականութեան մէջ ես կ՛ուզէի ըսել, որ իւրաքանչիւրը ինքը պիտի որոշէ, թէ իր համար ինչ է սէրը։ Ես կը կարծեմ, որ այն ուղղակիօրէն կապուած պիտի ըլլայ վստահութեան, ազնուութեան եւ հաւատարմութեան հետ»,- Հետտուէյ։
Եւրոպայի մէջ երգը թողարկուեցաւ սինկըլի՝ մէկ երգի սկաւառակի տեսքով՝ 1993ի Մայիսին։ Ան անմիջապէս աւելի քան 30 երկիրներու մէջ գլխաւորեց ազգային հիթ-շքերթները, բայց Միացեալ Նահանգներու Պիլպորտ Հաթ 100ի մէջ զբաղեցուց ընդամէնը 11րդ տեղը։ Սակայն մի քանի ամիս անց, ան վաճառուեցաւ աւելի քան 2.5 միլիոն օրինակով եւ դարձաւ «ոսկէ» սկաւառակ։
Երգի տեսահոլովակը նկարահանեց գերմանացի բեմադրիչ Ֆոլկեր Հաննուաքերը։ Ան նկարահանուեցաւ հին ամրոցի մը մէջ, ուր Հետտուէի խաղընկերներն էին վեմփայրի հագուստներ հագած աղջիկներ։
Երգը ունի բազմաթիւ վերաերգուած տարբերակներ։ Ան բազմաթիւ ձեւափոխութիւններու ենթարկուած է, երգուած է քավր երգիչներու կողմէ եւ օգտագործուած է ժամանակակից ձայնի հաղորդավարներու ստեղծագործութիւններու մէջ։ Եթէ որեւէ մէկը հարցնէր իմ կարծիքը՝ կ՛ըսէի, որ անոնք աւելի լաւ կատարուած են դաշնամուրի ուղեկցութեամբ վերաերգուած տարբերակները, ուր երեւան եկած է բնագրի մելամաղձոտ տրամադրութիւնը։
2014ին երգչուհի Քայզան երգը վերաերգեց՝ փոխելով անոր ոճը՝ ելեկտրոնային փոփը վերածելով պալլատի։ « Ես միշտ սիրած եմ այս երգը։ Նկատած էի, որ ան իմ մէջ ջերմ զգացողութիւններ կը յառաջացնէ։ Երբ որոշեցի կատարել զայն, հասկացայ, որ այս երգը, որ ինձ ամէն անգամ տեղէս վեր թռչիլ եւ պարել կը ստիպէ, բոլորովին ուրախ երգ չէ։ Այն շատ խոր ու ճնշող հոգեկան ապրումներու մասին է։ Այդ էր պատճառը, որ այս երգը կատարելու պահուս ես ան մեկնաբանեցի տարբեր ոճով, որ իմ կարծիքով աւելի լաւ կ՛արտայայտէր երգի ամբողջ տրամադիզմը»,- կը պատմէ ան։
Ինչ որ է, կարծիքները տարբեր են, ինչպէս տարբեր կ՛ըլլան ճաշակները։ Կը մնայ փաստել միայն, որ երգը կ՛երգուի ու կը շարունակուի վերաերգուիլ մինչ օրս։ ԵՒ, ինչպէս միշտ, երգը անմահ է քանի դեռ զայն լսող կայ։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
շ