Երեքշաբթի նոյեմբեր 19, 2019 ին՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ՝ եւ իրենց կեդրոնատեղիի մէջ՝ Ժընեվ, Զուիցերիա, տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի անգլերէն լեզուով Աստուածաբանական-Աստուածաշնչական գիրքի՝ «Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը՝ Վերագտնել Հաւատք, Յոյս եւ Անձը» գիրքի ներկայացում-քննարկումը։
Դոկտ. Ճէպէճեանի այս հատորը՝ Յունիս 2019 ին՝ եւ Աթէնքի մէջ կայացած Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերակցութիւններու միջազգային մէկ համագումարին՝արժանացած է լաւագոյն մրցանակի՝մեկնելով նոյն ընկերակցութեան աշխատանքային ծրագիրներու համար հաստատուած նպատակակէտերէ։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Պրն. Փիթըր Փրով՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջազգային կապերու վարիչ-Տնօրէնը։ Ան ներկայացուց Դոկտ. Ճէպէճեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը՝ ընդգծելով անոր միջ-եկեղեցական կեանքի մէջ ունեցած բազմաթիւ ծառայութիւնները եւ ի մասնաւորի անոր Աստուածաշունչի առաքելութեան մէջ իր տածած տարիներու գործունէութիւնը Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու մէջէն։
Դոկտ. Ճէպէճեան ապա ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը՝ սկսելով Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի աշխարհագրական ու ընկերային եւ տնտեսական իւրայատկութիւններէն եւ ընդգծելով թէ շրջանը տարբեր հաւաքականութիւններ համախմբող երկիրներ են՝ ուր աւելի քան հարիւր եւ յիսուն ազգութիւններ կ՚ապրին։ Ան խօսեցաւ նաեւ մեծ թիւով բանուորներու ներկայութիւնը այս տարածաշրջանի մէջ՝եւ մեկնելով նոյն այս երկիրներուն բնական հարստութիւններու կարելիութիւններէն՝ ինչ որ մեծ գործառնութիւններու կարելիութիւն կը՚ստեղծէ՝ եւ որուն պատճառով կայ կարիքը այս բանուորներուն՝որոնք առաւելաբար կ՚ուգան Ասիական եւ Ափրիկեան երկիրներէ։ Ան նաեւ ներկայացուց այս բանուորներու ոչ բարւօք եւ արդար կեանքի ու աշխատանքի իրավիճակները այս երկիրներուն մէջ։
Դոկտ. Ճէպէճեան ապա ներկայացուց Քրիստոնէական եկեղեցիներու պատմական հոլովոյթը՝ սկսելով Ք.Ե. Չորրորդ դարէն՝ուր եկեցեցիներ կը գործէին եւ տարածաշրջանը բոլոր Քրիստոնեայ եղած էր եւ մինչեւ Իսլամութեան տիրապետութիւնը հինգերորդ դարէն սկսեալ։ Ան խօսեցաւ նաեւ ներկայ օրերու Քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայութեան եւ կազմութեանը վրայով՝որ «օտարերկեայ» ինքնութիւն ունի։
Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադառձաւ գիրքին Աստւածաբանական-Աստուածաշնչական պարունակութեան՝եւ թէ ինչպէս հաւաքականութիւններ Աստուածաշունչի պատգամը կը կարդան իրենց մայրենի լեզուով՝ եւ թէ ինչ՞ տեսակի նշանակութիւն եւ իմաստ կը՚ստանան ու տակաւին կրնան այդ բոլորը կ՚իրակել իրենց կեանքերուն համար։ Ան նաեւ ընդգծեց այն սերողութիւնը որ կատարուած է գիրքին մէջ՝ թէ ինչպէս բանուոր հաւաքականութիւններ՝ուսեալ եւ ոչ՝կարդացած, լսած եւ հասկցած են Աստուածաշունչի հատուածը՝ եւ իրենց հասկցածը ինչ տեսակի նշանակութիւն ունեցած է իրենց համար՝ եւ որ նաեւ փորձած են կ՚իրարկել իրենց կեանքերուն մէջ։
Տիկ Գարլա Խիճոյեան՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի վարիչ-համադրողը՝ կատարեց եզրափակիչ վերլուծում-համադրումը եւ առիթը տուաւ ներկաներու որպէսզի իրենց հարցումները ներկայացնեն։ Տեղի ունեցաւ քննարկում եւ խորհդածութիւն գիրքի բովանդակութեան՝ բայց նաեւ տարածաշրջանին ընկերա-քաղաքական ու յատկապէս Քրիստոնէական իրավիճակներու վրայով։ Ձեռնարկին ներկայ էին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատու վարիչներ՝ ինչպէս նաեւ քաղաքէն այլ հիւրեր։
Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրում եւ հիւրասիրութիւն։
Դոկտ. Հրայր Ճէպճէեան Ընդհանուր քարտուղարն է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը՝որ հիմնուած է 1948 թուականին՝կը համախմբէ մեծ թիւով եկեղեցական համայնքներ՝տարբեր յարանուանութիւններէ եւ աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններէն։ Եւ իւրաքանչիւր տարի՝Խորհուրդը կը կեդրոնանայ յատուկ նիւթի եւ մտահոգութեան մը վրայ՝որ ունի միջազգային պարունակ։ Եւ 2019 տարուայ նիւթը՝« Ցեղապաշտութիւն եւ Խտրականութիւն» է։ Դոկտ. Ճէպէճեանի գիրքի ներկայացումը ընթացաւ Խորհուրդի այս տարուայ ծրագիր-բնաբանի բովանդակութեան մէջէն՝մեկնելով այն իրականութենէ՝ թէ գիրքը կը ներկայացնէ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի օտարերկեայ բանուորներու կեանքի եւ աշխատանքային դժուառ իրավիճակները։