Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Տեղւ Ունեցաւ Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան Ընդհանուր Ժողովը

Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան անդամական ընդհանուր ժողովը, Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ֆարաճեան լսարանին մէջ։ Ժողովին, Միութեան ընթացաւարտ վարչութիւնը ներկայացուց իր եռամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, որ, յետ քննարկումին, արժանացաւ ժողովականներու դրական գնահատականին։ Անդամական ժողովը ընտրեց նոր վարչութիւն՝ երկամեայ շրջանի մը համար։ Կատարուեցան յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերեալ առաջարկներ։

Լիբանանի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան նորընտիր
անդամներն են՝

Կրէկուար Գալուստ (ատենապետ)
Սոնա Մայպալեան Մելքոնեան (փոխ ատենապետ եւ գանձապահ)
Սեդա Սմսարեան Գարաքըլեան (ատենադպրուհի)
Շանթ Գալայճեան (հաշուապահ)
Սեդա Բագրատունի Գուրույեան
Ռաֆֆի Իսահակեան
Տիգրան Տօնապետեան
Սարին Յակոբեան
Նայիրա Պաղտասարեան
Պէյրութ, Լիբանան
21 Նոյեմբեր, 2019

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին