Հինգշաբթի, 19. 02. 2026

spot_img

Խորքը

Ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընթացքին կը հետեւի. Այս շատ բնական երեւոյթ է երբ բնութեամբ մարդիկ մտածելու հակամէտ չեն «Մարդիկ կը նախընտրեն մեռնիլ քան մտածել» եւ սակայն կայ ու միշտ ալ եղած են բացառութիւններ անոնցմէ ամէն մէկը կարծես կ՛ուզէ առանձինն բեռը իր ուսերուն վրայ տանիլ. Ա՛յդ կ՛ընէ իր առաքելութիւնը, կեանքի ուղին նայած պէտքերուն իր խորազգացութեան ու մտածողութեան:

Վերջին հաշուով ներքին ուժականութիւն մը անձը կը մղէ պրպտելու, խորհրդածելու, հասնելու համար եզրակացութեան մը որով գոհունակութիւն պիտի ստանայ եւ իմաստաւորէ իր կեանքն ու շրջապատին ալ բաժին տալու առաքելութեամբ :

Ինչ որ հասած է մեզի հազարաւոր տարիներէ, հին Արեւելքէն, Լաօ Ցէ մը, Քանկ ֆու Ցէ մը, եւ ուրիշներ, Հնդկաստանէն՝ Պրահմանականութեան խորքէն՝ Կուաթամա Սիտհարդա մը (Պուտտհա), Պարսկաստան ունի Զրադաշտը, Միջին Արեւելք, Եգիպտոս, Հրէութենէն՝ Աստուածաշունչը,Արաբական անապատէն՝ Մոհամմատ  եւ Արեւմուտք՝ Յունաստան իր հանճարներով, փիլիսոփայութեան կամ կրօնի միջոցաւ  մարդութիւնը քայլ մը դէպի առաջ, լիցքաւորելու նպատակաւ եւ սակայն բարձր միտքերը արծիւներու նման հասու չեն ըլլար ու չեն կրնար ըլլալ դժբախտաբար իսկ ընկալուածն ալ կը մնայ կամ թերի կամ թիւրիմացութեան ենթակայ. Հուսկ՝ ժողովուրդը կ՛ապրի իր առօրեայով հետամուտ՝ «զհաց մեր հանապազորդ»ով (Հաց՝ այսինքն առօրեայ պէտքերը ամբողջութեան մէջ ի հարկէ ): Կեանք մը՝ որ արդէն հարուածուած է բազմատեսակ «անհրաժեշտութիւն»ներէ  ուր ունենալու կիրքերը կը հրահրուին ի գին տնտեսական եռքի, մրցակցութեան առիթ տալով արհեստագիտական միջոցներու զարգացման հնարքներու որոնք թէեւ կը սկսին իբրեւ ցանկալի իրականութիւն, ժամանակի ընթացքին անհրաժեշտութեան կը վերածուին որոնց միջին  դասակարգի հասարակութեան համար արդէն տառապանք է, ալ ու՞ր մնաց ժամ ժամանակ ուր մարդ պէտք է ինքզինք կարենայ բարելաւել հոգեմտային մարզի մէջ. Հուսկ՝ ապրելակերպի. Պօղոս Առաքեալի բառերով՝«մտքի նորոգութեամբ նորոգուիլ»ը բան մը որ ժողովուրդի առաջնորդներէն կամ մտաւորականութենէն կը սպասուի  իբրեւ ուսուցիչ կամ պետական բարձրաստիճան գործիչ, որոնք սակայն իրենց մարդկային տկարութեամբ կը տարուին նոյն հոսանքներէ ինչ որ կը գայթակղեցնէ հասարակ ժողովուրդը,որուն ուրիշ բան չի մնար եթէ ոչ՝ հաւատք ընծայել  առաջնորդ ըսուածներուն, ու կը պոռթկայ:

Դարերու  Պատմութիւնն ալ այդ է. ՊԱՅՔԱՐ, ինչպէս կեանքը ինքնին: Դարերէ ի վեր կայ պայքարը ու կը շարունակուի քանզի անզօր է հասնելու բուն թիրախին:Դարերու բարեփոխումները շատ չնչին մէկ մասնիկն իսկ չեն պահանջուածին:

Անձնապէս բարեփոխումներու հաւատք չունիմ նկատի ունենալով  ԽՈՐՔԱՅԻՆԸ քանի որ ան կախեալ է ԿԵՆերէն.Բնութեան ներգործութեամբ ըլլալիք երեւոյթ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին