Հինգշաբթի, 19. 02. 2026

spot_img

Խմբագրական «Զարթօնք»ի. Անկախութեան Իսկական Խորհուրդը

Լիբանանի Անկախութեան տօնին, իր որպէս անկախ Հանրապետութիւն գոյառման 76ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ, որ մենք քաղաքական եւ տնտեսական տագնապով կը դիմաւորենք մեր սիրելի հայրենիքին ազգային թիւ մէկ տօնը: 

Լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ այս երկրին մէջ բան մը փոխուած է: Ժողովրդային այս աննախընթաց յեղափոխութեան յաջողութեան պարագային (որուն հակառակը երեւակայելն անգամ աւելի քան ցնցիչ է)  երկրին հեռակայ բարօրութեան մասին լաւատեսութիւնը տեղին է եւ չի նմանիր անոր նորագոյն պատմութեան զանազան հանգրուաններուն ի դերեւ ելած յոյսերուն: Ժողովրդային յեղափոխութիւնը ունի իր փայլուն հեռանկարը այսօր, հոգ չէ, թէ անոր ընթացքը դանդաղ է եւ լեցուն՝ խոչընդոտներով:

Ի՞նչ է անկախութեան խորհուրդը այսօր, որ վեր է եւ շա՜տ աւելի կարեւոր քան տեսական գերիշխանութիւնն ու միջազգային ընտանիքի, որպէս երկիր, անդամ ըլլալը: Ժամանակակից երկրի մը, անկախութեան կարեւոր չափանիշերէն է, անկախութիւնը՝ փտածութենէ: Անկախութիւնը՝ երկրի իշխանութեան կամայականութիւններէն: Անկախութիւնը՝ երկրին բաղկացուցիչ ժողովրդային դասին իրար հանդէպ ունեցած նախապաշարումներէն, եւ ամէնակարեւորը. ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԱԽԷՆ:

Հակառակ տնտեսական տագնապին, Լիբանանցի Ժողովուրդը անկախ է այսօր: Երկրին տնտեսական տագնապին պատասխանատուն յեղափոխութիւնը չէ անշուշտ, ինչպէս իշխանութիւնը անամօթաբար կը փորձէ յաճախ ներկայացնել: Ընդհակառակը: Յեղափոխութիւնը ինքը արդիւնքն է այդ տագնապին:

Լիբանանցի ժողովուրդը անկախ է այսօր, որովհետեւ անկախ է վախէն: Ինկած է վախի պատը: Ժողովուրդը չի վախնար իշխանութենէն: Չի վախնար իր այս կամ այն առաջնորդէն: Երկրին տարածքին յեղափոխութեան զանազան հրապարակներուն վրայ չկան թապուներ: Ժողովուրդը, եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը քաջաբար կ՛արտայայտուի ու կը բողոքէ փտածութեան դէմ, իր իշխանաւորներուն անկիալութեան դէմ: Ան լիաբերան կը մեղադրէ: Ան անուններ կու տայ: Փաստեր կը ներկայացնէ եւ կը պահանջէ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ ԲՈԼՈՐ անոնց, որոնք վերջին երեսուն տարիներուն մասնակից եղած են փտածութեան:

Ժողովուրդը անկախ է այլեւս այն իշխանաւորներէն, որոնք քանի մը տասնեակ, քանի մը հարիւր կամ նոյնիսկ քանի մը հազար ձայնով, ընտրական (ըստ պատուէրի (custom made) եւ քանի մը իշխանաւորի չափին ձեւուած) օրէնքով մը ընտրուած երեսփոխաններ են այսօր: Երեսփոխաններ, որոնք ժողովրդային պատնէշին դէմ յանդիման, դժուարութիւն ունին նոյնիսկ խորհրդարան հասնելու: Երեսփոխաններ, որոնք չեն ամչնար փախստական միջոցներով խորհրդարան հասնելու, օրէնսդրական հակասահմանադրական նիստի մը մասնակցելու համար, կասկածելի օրէնսդրութիւններու միջոցաւ Աստուած գիտէ ինչ փախցնելու համար: Երեսփոխաններ, որոնց շարքին նաեւ այսպէս կոչուած «Հայկական Պլոք»ի անդամներ, որոնք ինչ-ինչ հաշիւներէ ելլելով չեն ամչնար չյայտարարելու, որ իրենք պիտի չմասնակցին նման հակասահմանադրական նիստերու:  Պիտի քան կանխահաս ընտրութիւններ: Այս բանը անխուսափելի է: Պիտի ընտրուի նոր խորհրդարան: Պիտի փոխուի պատկերը:

Այո, վարչապետի մը նշանակումը կ՛ուշանայ այսօր: Մօտաւոր ապագային, նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը այնքան ալ հաւանական կրնայ չըլլալ եթէ իշխանութիւնը տակաւին յամառի: Սակայն այս իրավիճակը նորութիւն մը չէ: Ընդամէնը քանի մը տարի առաջ՝ 2016ին, Անկախութեան տօնին նախօրէին դարձեալ անորոշութիւն կը տիրէր ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան: Այսօրուայ յեղափոխութիւնը, ճիշդ այդ անորոշութիւններէն եւ կարկանդակը իրար մէջ բաժնելու համար ժողովուրդէն խլուած ժամանակէն եւ փտած իշխանութեան մը խաղերէն ձերբազատուելու համար է, որ կը կատարուի եւ պիտի յաջողի անշուշտ, որովհետեւ ժողովուրդը ԱՆԿԱԽ է այսօր:

Իշխանութեան պարագլուխները ըստ երեւոյթին կ՛ապրին հոգեբանական հերքումի եւ ժխտումի հանգրուան մը: Երբ լսենք իրենց յայտարարութիւնները, այնպէս կը տպաւորուինք, որ անոնք իսկապէս կտրուած իրականութենէն՝ կ՛ապրին այլ մոլորակի մը վրայ, մինչ իրենց արբանեակներն ու խորհրդատուները երեւի տակաւին գրաւական կը դնեն ժամանակին կամ ժողովուրդին յոգնելու կարելիութեան վրայ: Ճիշդ ըսած է անցեալ դարասկիզբին ապրած  Բրիտանացի գրագէտ եւ քաղաքական գործիչ Չարլզ Բըրսի Սնոն. «Իրենց ձեռքին մէջ իշխանութիւնը պահող մարդիկ մինչեւ վերջին վայրկեան չեն հաւատար, որ կրնան զայն կորսնցնել»: Անոնք պիտի կորսնցնեն սակայն:

Խաղին օրէնքները փոխուած են այսօր: Յեղափոխութիւնը պիտի յաջողի: Այլ տարբերակ չկայ:

Բոլորս դէպի յեղափոխական հրապարակներ: Պահը աննկուն քաջութիւն կը պահանջէ: Իսլամ մտաւորական մեծ իմամ՝ Ալի Պըն Ապի Թալէպի վերագրուած հետեւեալ խօսքը յիշելու պահն է այսօր. «Քաջերը շատ անգամներ ճեղքած են մահուան պատը ու ապրած: Վախկոտները մահացած են նոյնիսկ իրենց թաքստոցներուն մէջ»:

Բոլորս դէպի Լիբանանի իսկական անկախութեան կերտում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին