Կենսագործումը՝ կեանքի երկարաձգումն է, մահը ուշացնելու համար։ Իսկ բարենորոգումը՝ կեանքի բարելաւումն է, անոր յառաջդիմութեան համար։ Այլ խօսքով՝ անոր ժամանակին հետ քայլ պահելուն համար, որ ոչ թէ սոսկ կ՚ուշացնէ մահը, այլ՝ կ՚արգիլէ զայդ, պտղաբեր կեանքը երկարաձգելով։ Ինքնանպատակ երկարացուած կեանքը անպտուղ է. անհոգի դիակ մըն է, կամ՝ անհիւթ պտուղ։ Առանց յառաջդիմութեան, երկարաձգուած կեանքը, որ ժամանակի հետ քայլ պահելով չէ բարենորոգած ինքզինք, մահուան դատապարտուած է։ Անհոգի դիակի վերածուելու դատապարտուած է, եթէ նոյնիսկ մեքենականօրէն գոյատեւէ, ինչպէս է պարագան կարգ մը եկեղեցիներու, որոնք կը մերժեն բարենորոգուիլ։
Աշխարհահռչակ բժիշկ ու կենսաբան Աննա Ասլան (ռումինահայ բժշկապետը, որ հնարեց երկարակեցութեան շիճուկ մը), լրագրողներու հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Իմ նպատակս մարդոց կեանքին ինքնանպատակ ու մեքենական երկարաձգումը չէ, այլ՝ անոնց առողջ ու պտղաբեր կեանքին երկարաձգումը…»։ Անոնց կեանքին յառաջդիմութիւնը։
Յառաջդիմութիւնը պարուրաձեւ զարգացումն է. միշտ՝ դէպի վեր բարձրացում…։
Յառաջդիմել կը նշանակէ գոյատեւել՝ բարձրանալով, բարենորոգուելով կամ փոխակերպուելով…։ Նոյնը մնալով կամ տեղքայլելով կարելի չէ գոյատեւել, քանի որ ամէն իրական «գոյ» անսահման եւ անվախճան չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Որովհետեւ ամէն իրական «գոյ», միմիայն՝ տարածութեան մը եւ ժամանակի մը մէջ կը գոյատեւէ, հուսկ՝ մահանալու կամ փոխակերպուելու համար։
Մարդկային պատմութեան պարուրաձեւ զարգացումն ու ամէն իրական «գոյ»ի սահմանափակումը՝ տարածութեան մը եւ ժամանակի մը մէջ, գիտական ճշմարտութիւններ են, համաձայն՝ պատմական եւ դիալեկտիկական մատերիապաշտ փիլիսոփայական ուսմունքին, որ ցարդ կը մնայ չհերքուած եւ անհերքելի…։
Հետեւաբար, կրօններու համար եւս, յառաջդիմելով գոյատեւելու համար, իբր դեռեւս ապրող կրօն, ան պարտի դիմագրաւել բարենորոգուելու հրամայականին մարտահրաւէրը…։
Հայ գրականութեան ամէնէն պարզ ու հակիրճ, վճիտ ու թափանցիկ ոճի տէր, դիպուկահար ճշմարտախօս բանաստեղծներէն Համօ Սահեան, գրած է սա կենսասիրական տողերը.
Սպիտակել եմ՝
Հոգսերի ձեռից,
Տարիքի բեռից…
Սպիտակել եմ՝
Սակայն ծերանալ
Չեմ կարողանում։
Անշուշտ, ան դժգոհ չէ որ չի՛ կրնար ծերանալ… ասոր գաղտնիքը բացայայտած է սա պատճառով.
Առ քո թեւերին՝ տար ինձ ժամանակ,
Ես ետ մնալուց շատ եմ վախենում։
Ան՝ յետամնաց երկարակեցութիւն (ծերութիւն) չի սիրեր, եւ ուրեմն՝ կը դիմէ ինքնաբարենորոգումի… յառաջդիմելու եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու համար։
Հայաստանեայց Եկեղեցին, եթէ մտահոգութիւնը ունի ժամանակէն ԵՏ ՉՄՆԱԼՈՒ եւ ՉԾԵՐԱՆԱԼՈՒ, թող հետեւի Համօ Սահեանի օրինակելի տիպարին։
Իսլամի կրօնը եւս պարտաւոր է դիմագրաւելու բարենորոգումի հրամայական մարտահրաւէրը։
Թունուզի մեծ բարեկարգիչ նախագահ Հապիպ Պուրկիպայի կրօնամշակութային հարցերու խորհրդական Դոկտ. Ճա՚աֆար Ալ-Պաքլի վկայեց թէ՝ նախագահը ջերմ փափաքողն էր իսլամի կրօնի բարենորոգումին, եւ պատմեց. «Հապիպ Պուրկիպա իր շուրջ բոլորուած արաբ եւ օտար լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ. “Տուէ՛ք ինծի կարմիր մատիտ մը եւ ես ձեր բոլորին առջեւ ջնջեմ Քուր՚անի սխալ համարները…”» (Ասիկա, երբ տողերս գրողը «Զարթօնք» օրաթերթը կը ներկայացնէր Թունուզի մէջ գումարուող Պաղեստինցի Գրողներու եւ Լրագրողներու Թ. Համագումարին, 1977 թ.)։
Կրօնի մը հազարամեակ մը առաջ կիրարկուող աստուածաբանութեան բարենորոգումը պահանջող մեծ անհատականութիւնները կրօնատեաց չեն, նաեւ՝ այդ հինին ու ժամանցուածին պահպանումը պահանջողները՝ կրօնասէր չեն…։ Այս վերջին «կրօնասէր»ի կեղծաւոր դիմակաւորն էր Թոնի Պլէռ, որ նոյնքան կեղծաւոր բրիտանացի «աշխատաւորական» մըն էր։ ԱՄՆ իր այցելութեան, Պլէռ կը գործածէր «կրօնասէր»ի դիմակը։ Երբ ամերիկացի լրագրող մը իրեն հարց տուաւ թէ՝ ինչու ան իր այս կրօնապաշտութիւնը չէր ցուցաբերած Անգլիոյ մէջ մինչեւ հիմա, Պլէռ պատասխանած է. «ԱՄՆի բնակչութեան երեք քառորդը կրօնասէր են։ Ես հոս կրնամ ըսել թէ՝ ես ամէն օր Աւետարանը կը կարդամ, նոյնիսկ օդանաւին մէջ։ Բայց եթէ ասիկա Լոնտոնի մէջ ըսեմ, զիս անմիջապէս մտային հիւանդութեանց բուժարան կը տանին։ Հոն կրօնասէր չեն»։
Տողերս գրողը ապակրօն մըն է, բայց ոչ՝ անհաւատ, որովհետեւ կը հաւատայ մարդուն եւ մարդկութեան։ Եւ երբ կը խօսի կրօններու բարենորոգումի հրամայականին մասին, ատիկա միակ անկեղծ թելադրութիւնն է՝ յօգուտ կրօնին։ Ան՝ կեղծիքով, ձեռնոցով ու վախուորած վերապահութեամբ չի գրեր ազգային կամ հասարակական հիմնախնդիրներու մասին, ինչպէս պատգամած են մեր երկու մեծ բանաստեղծները՝ նահատակ Դանիէլ Վարուժանն ու Արմենական տեսաբան Վահան Թէքէեանը։ Այս երկրորդը գրած է. «Ինծի ոչ հաճելի է, ոչ ալ իմ սովորութիւնս է ազգը յուզող խնդրի մը մէջ՝ զգուշաւոր կամ վերապահ դիրք մը բռնել։ Ասիկա պատասխանատւութենէ վախցողի կամ իր դատաստանին վրայ անվստահ մարդու դիրքն է։ Այսպիսի մեղադրանքէն գոնէ՝ մինչեւ հիմա, ինքզինքս ազատ կը զգամ»։
- • •
Իսլամ կրօնի մասին, տողերս գրողին հիմնական կրօնագիտական ծանօթութիւնը կը պարտի Դոկտ. Փրոֆ. Պութրոս Տիպին, որ եղած է Սեն Ժոզէֆ Համալսարանի Իրաւագիտութեան եւ Տնտեսական Գիտութիւններու Ֆակուլտետի անոր դասախօսը՝ «Իսլամական Ռեժիմները» նիւթին։ Այս նիւթին անունն անգամ իր մէջ կը խտացնէ կրօնն ու քաղաքական իշխանութիւնը։ Փրոֆ. Պութրոս Տիպի առաջին երեք բառերը եղան. «Ալ-Իսլամու Տինուն ուա Տաուլահ» (իսլամութիւնը՝ միաժամանակ, կրօն է եւ պետութիւն)։
Հետեւաբար, «Քուր՚ան»ը՝ միաժամանակ, «Աստուծոյ խօսք»ն է եւ Մուհամմէտ Մարգարէի «վարքը» (սուննահ). Անոր ունեցած վարքն ու կատարած գործերը։
Իսլամական կենցաղը կ՚ընդգրկէ երեք առանցքներ՝ Տին (կրօն), Տիւնիա (համայնք) եւ Տաուլահ (պետութիւն)։ Այլ խօսքով, այս երեք «Տ»երը սերտօրէն իրարու զօդած են հաւատացեալ մարդուն հոգեւոր, համայնքային եւ քաղաքացիական կեանքը. եւ ուրեմն՝ կրօն ու պետութիւն անջատուած չեն իրարմէ… ինչ որ մեծագոյն խոչընդոտը կը նկատուի՝ որպէս ընդհանուր կանոն, իսլամ երկիրներու յառաջդիմութեան դէմ, հրամայական դարձնելով՝ իսլամ կրօնի բարենորոգումը։ Այս հրամայականին տուն տուող գլխաւոր պատճառը սակայն, իսլամ կրօնի էսթապլիշմէնթացումն է, յար եւ նման՝ քրիստոնէական կրօնի էսթապլիշմէնթացումին, որուն հետեւանքով՝ արդարադատ Յիսուս վերածուեցաւ բռնակալ Քրիստոսի։ (Այս փոխակերպումին մասին մանրամասն տեսնել՝ Eric Fromm, “The Dogma of Christ” հատորը)։
Իսլամական պետութեան օրէնսդրութիւնը կամ օրէնսգիրքը Շարիաթն է՝ կրօնական ուսմունքի սկզբունքներն ու կանոնները, որոնք ենթադրուած են ըլլալ Աստուծոյ խօսքերը։ Եւ՝ բարենորոգումի թշնամի էսթապլիշմէնթի (արդիական իմաստով՝ դիւանակալութեան, բիւրոկրատիայի) մարդիկ կը չարաշահեն Քուր՚անի համար 59.19 սուրաթը, որ կ՚արգիլէ ինքնամոռացումը, եւ կ՚ըսեն թէ՝ եթէ պետութենէն անջատենք մզկիթը, մոռցած կ՚ըլլանք (կամ՝ մոռացութեան տուած կ՚ըլլանք) Աստուծոյ խօսքը… որ համազօր է ինքնամոռացումի…։
Սկզբունքով, իսլամներէն կը պահանջուի յարգել Շարիաթը համայնքին մէջ, հիմնելով իսլամական պետութիւն, որպէսզի իրագործուի արդարադատութիւնը, համայնքային (համայնական) բարիքին համար։ Քանի որ, իսլամական պետութեան պարտականութիւնն է հաստատել ընկերային արդար կարգեր, հիմնուած համերաշխութեան, յարգանքի, ազատութեան եւ արժանապատւութեան սկզբունքներուն վրայ, ուր բոլոր մարդ էակները ընդունուած են՝ իրենց բոլոր տարբերութիւններով հանդերձ։ Ուրեմն, այլազանութիւնը՝ ոչ միայն ընդունուած է եւ հանդուրժուած, այլեւ՝ գնահատուած է, ըստ Շարիաթի, իսլամական պետութեան մէջ։
Տակաւին, Քուր՚անի թիւ 2.195 համարը կ՚արգիլէ անձնասպանական գործողութիւնները, ըսելով. «Դուք ձեզ՝ ձեր ձեռքով մի՛ նետէք դէպի ինքնափճացում»։ Եւ թիւ 4.29 համարին մէջ կ՚աւելցնէ. «Ով որ կը գործէ այս օրինազանցութիւնը, չարամտութեամբ կամ գիտակցաբար, մենք զինք պիտի դատապարտենք դժոխքի»։ Որովհետեւ՝ իսլամի ուսմունքին համաձայն, անձնասպանութիւնը չարամիտ մսխումն է Աստուծոյ նուիրած սրբազան նուէրին։
Մաքրամաքուր իսլամի ուսմունքը՝ մունետիկն է խաղաղութեան, մարդոց եւ ժողովուրդներուն միջեւ, եւ անոր ողջոյնը՝ «Սալամ Ալէյքում» է…։ Սակայն, միաժամանակ, չի բացառեր պատերազմի անհրաժեշտութիւնը ընդդէմ՝ նախայարձակումի, բռնակալութեան եւ անարդարութեան։ «Քիթալ»ը (պատերազմիլը, մարտնչումը) անհրաժեշտութիւն մըն է, ինչպէս՝ խաղաղութիւնը, հասարակութեան ու մարդոց կեանքին մէջ։ Քուր՚անի թիւ 60.8 համարը կ՚արտօնէ Քիթալը՝ բռնութեան, անարդարութեան եւ հաւատքի դէմ կռուող ուժերուն դէմ։ Իսկ Քուր՚անի թիւ 8.61 համարը կ՚ըսէ. «Անոնք որոնք խաղաղութեամբ կը վարուին քեզ հետ, դուն պարտաւոր ես խաղաղութեամբ վարուելու անոնց հետ, ապաւինելով Աստուծոյ…»։
«Քիթալ»ը երկրային (այսինքն՝ հողային կամ նիւթական) նպատակ չի հետապնդեր, այլ՝ անդենական կեանքին արժանանալու նպատակը ունի։ Քուր՚անի թիւ 4.74 եւ թիւ 4.75 համարները կը բացատրեն թէ՝ երկրային շահադիտութիւններու համար պատերազմը համազօր է պատերազմելու՝ Սատանայի դատին, բռնատիրութեան եւ անարդարութեան նպատակին համար։ Իսկ Քուր՚անի թիւ 28.83 համարը կ՚ըսէ, թէ՝ վերջնական յաղթանակը միշտ վերապահուած է՝ արդարութեան դատին, Աստուծոյ դատին համար մարտնչողներուն միայն…։
Իսկ «Ճիհատ»ը՝ հիմնովին տարբեր է «Քիթալ»էն։ Ան ունի երեք տարբեր ոլորտներ, որոնց երրորդը յաճախ, տիրող դասակարգերուն կողմէ չարաշահուած են՝ հիմնովին հակառակ նպատակներու համար։
«Ճիհատ»ի երեք տարբեր ոլորտներն են՝ անհատականը, խօսակցականը եւ ֆիզիքականը։ Տառացիօրէն Ճիհատ կը նշանակէ՝ ճգնիլ, ջանալ կամ աշխատիլ (պայքարիլ իմաստով)։
1 – Անհատական ոլորտին մէջ, կը նշանակէ հոգեւոր պայքար՝ ինք իր անձին դէմ, իր հոգին մաքրելու համար սատանայական մտածումներէ եւ մեղաւոր գործեր կատարելու մղումներէ, փորձութեան մատնուելէ, տգիտութենէ եւ թուլութիւններէ…։
2 – Խօսակցական ոլորտին մէջ, կը նշանակէ ճշմարտախօս ըլլալ բռնատիրոջ դիմաց, անարդարին դէմ, եւ յանուն Աստուծոյ խօսիլ բարձրաձայն՝ արդարութեան ի խնդիր։
3 – Ֆիզիքական ոլորտին մէջ, կը նշանակէ մարտնչիլ, պաշտպանելու համար իսլամները ընդդէմ՝ բռնութեան եւ Աստուծոյ թշնամիներուն։ Յանուն Աստուծոյ այս տքնաջանութիւնը (Ճիհատը) բնաւ չի նշանակեր միւս կրօններուն դէմ պատերազմ։ Սակայն, տիրող դասակարգերը՝ երկրային (հողային, տնտեսական) շահերու համար, նենգափոխած են, գլխիվայր շրջած են Քուր՚անի թիւ 2.244 եւ թիւ 22.78 համարներու իմաստը, եւ «Ճիհատ» բառը ստացած է յարձակողական ռազմատենչութեան իմաստ՝ հայոց մօտ, երբ Մեծ Եղեռնի մեծագոյն ոճիրին քարոզիչ շէյխուլ-իսլամները կը չարաշահէին «Ճիհատ»ը…։
Իսլամի կրօնին սկզբունքներէն է նաեւ՝ ոչ միայն հանդուրժողականութիւնը այլազանութեան եւ այլ կրօններու նկատմամբ, այլ այն, որ կրօնի պարագային, չկայ, արգիլուած է բռնադատումը («լա՛ իքրահա ֆիլ-տին»)։ Այսինքն՝ կրօններու միջեւ տարբերութիւնները, կամ՝ տարակարծութիւններն անգամ, պէտք չէ լուծուին պատերազմով, այլ՝ խաղա՛ղ երկխօսութեամբ միայն…։ Այս հարցին շուրջ կարելի է յիշել, օրինակ՝ հեղինակաւոր իսլամագէտ Փրոֆ. Հանս Քուկի այն բանաձեւումը, զոր ան կատարած է 1993 թուին, Շիքակոյի մէջ գումարուած, Կրօններու Համաշխարհային Խորհուրդի Համաժողովի բեմէն, որ կ՚ըսէ. «Ազգերու միջեւ չկայ խաղաղութիւն՝ առանց կրօններու միջեւ խաղաղութեան, եւ կրօններու միջեւ չկայ խաղաղութիւն՝ առանց կրօններու միջեւ խաղաղութեան. ա՛յս է իսլամի սկզբունքը»։
Սակայն, դժբախտաբար, այս բոլոր մարդասիրական, արդարասիրական ու խաղաղասիրական սկզբունքները՝ գոյութիւն ունին, բոլոր կրօններու սկզբնաղբիւրներու մէջ ալ՝ թուղթի վրայ միայն, գործնական գետնի վրայ նենգափոխուած են, երբ կրօնները վերածուած են տիրող, շահագործող եւ բռնատիրող դասակարգերու զինակիցները՝ ժողովուրդին դէմ։ Երբ դարձած են իրենք էսթապլիշմէնթներ, փոխանակ որպէս հոգեւոր առաջնորդներ կանգնելու ժողովուրդի կողքին եւ շահագործող ու բռնատիրող դասակարգերու դէմ, ինչ որ կը կատարէ այսօր Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը Վատիկանի մէջ՝ բարենորոգչական յեղափոխութիւն մը ղեկավարելով։ Նոյն Վատիկանը, միջնադարի խաւար տարիներուն, նոյնացած էր տիրող դաժան աւատապետական դասակարգին հետ, եւ դարձած դաժան մենատէր մը, ատուածպետական միապետութիւն մը (monarchie théocratique), հռչակելով՝ «Արտաքոյ Եկեղեցւոյ՝ Չիք Փրկութիւն» (Extra Ecclessium Nihlil Salus!), եւ նոյնիսկ՝ հաւատացեալները զրկեց Աստուծոյ հետ ազատօրէն հաղորդակցելու իրաւունքէն, եթէ ան չենթարկուի Վատիկանի արտօնութեան մենաշնորհին, որ կը հրամանագրէր. “To be in communion with God, one must pass by the Vatican”։ Այս մենաշնորհով յղփացումը հասցուցած էր այն մոլուցքին, որով Վատիկանը՝ Աստուծոյ իրաւասութենէն խլած էր նոյնիսկ թողութիւն շնորհելու իշխանութիւնը, եւ ինք կը վաճառէր «Թողութեան Գիրեր»…։ (Սովետ Միութեան սոցիալիստական հասարակարգին մէջ, Կոմկուսին վերապահուած էր ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը։ Ինչ որ կ՚ենթադրէր, որ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ ունեցող անձերը դուրս մնային պետական վարչամեքենայէն… որպէսզի կաշառուելու առիթ չունենային, հոգեւոր վերահսկողութիւն կատարելու համար պետական պաշտօնեաներու վարք ու բարքին վրայ։ Բայց այսպէս չեղաւ…։ Երկու պաշտօնները վստահուեցան միեւնոյն կուսակցական պատասխանատուներուն… եւ ասոնք կաշառակեր դարձան… վերահսկողներ չմնացին…)։
Իսլամի կրօնը, իր հերթին, շատ աւելի արագօրէն երկրայնացաւ (էսթապլիշմէնթացաւ), քանի որ արդէն՝ ալ-իսլամու տինուն ուա տաուլահ, եւ կորսնցուց իր հոգեւոր առաքելութիւնը։ Ան դարձաւ տիրող քաղաքական դասակարգին պաշտպանն ու զինակիցը, եւ Քուր՚անի համարներու բարոյական արժեհամակարգը գլխիվայր շրջուեցաւ։ Յանուն Աստուծոյ դատին Ճիհատը վերածուեցաւ՝ ի խնդիր Սատանայի եւ անոր դաշնակիցներու դատին Քիթալի… ջնջելով այս երկուքին միջեւ գտնուող կարմիր սահմանագիծը, հասնելու համար մինչեւ Տա՚աշի «խալիֆաթ»ի բարբարոսութիւնը՝ ոչ միայն անձնասպանութիւններու ճամբով մարդասպանութեան, այլեւ՝ մարդակերութեան (մարդու կուրծքը ճեղքելով՝ անոր սիրտը տաք-տաք յօշոտելու հրէշութեան)։ (Այսպիսի հրէշային ոճիրներուն նախընթացները տեղի ունեցան Եւրոպայի մէջ, քրիստոնեայ յարանուանութիւններու միջեւ 30 եւ 100 տարի տեւող բարբարոսային պատերազմներու ընթացքին (նաեւ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, քրիստոնեայ խաչակիր զինեալներու հրէշային ոճիրները), զորս այստեղ մանրամասն նկարագրելն անգամ կը դժուարանայ տողերուս հեղինակին համար, որ չի զարմանար՝ թէ ինչու, նոյն «քրիստոնեայ» Եւրոպան պատրաստակամութիւն չունեցաւ կանխարգիլելու (կամ գէթ՝ կասեցնելու) Մեծ Եղեռնի ընթացքին գործուած խենէշային, հրէշային ու բարբարոսային ոճիրները…։
Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը վերջ դրաւ կրօնական պատերազմներուն՝ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատներու վրայ, սահմանադրականօրէն միայն Եկեղեցին անջատելով Պետութենէն… այն յոյսով՝ թէ այսպիսով Պետութիւնը չի չարաշահեր Եկեղեցին, իր քաղաքական նպատակներուն համար, իսկ Եկեղեցին այլեւս չի կրնար քաղաքական իշխանութիւն ունենալ… եւ՝ կարծելով թէ այսպիսով Յեղափոխութիւնը վերջ դրած կ՚ըլլայ ամէն աստուածպետական (théocratie) վարչակարգի։ Սակայն, այս յոյսն ու ենթադրութիւնը անհիմն դուրս եկան, երբ Եկեղեցին հրաժարեցաւ իր հոգեւոր առաքելութենէն. աւելի ճիշդ՝ չարափոխեց իր առաքելութիւնը եւ զինակցեցաւ երկրին տիրող դասակարգին հետ… վերստին նոյնանալով անոր հետ։
Վատիկանի պետութիւնը, տեսակ մը համաշխարհային վերպետական աստուածպետութիւն էր, մինչեւ Ֆրանչիսկոս Ա.ի գահակալութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Ա. հրաժարած է միջնադարեան խաւարի Վատիկանի դպրական (scholastique) աստուածաբանութենէն, եւ կը կիրարկէ Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան սկզբունքները, որոնք ժողովրդահայրենասիրական ու համայնական հասարակարգի մը սկզբունքներն են…։ Այսինքն, կը ջանայ Եկեղեցիին վերադարձնել անոր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ համամարդկայնական արժեհամակարգը։ Այլ խօսքով՝ հիմնովին կը բարենորոգէ Վատիկանի Եկեղեցին։
Այսպիսի բարենորոգում եւ իսլամական ազատագրական աստուածաբանութեան մը որդեգրում կրնա՞նք սպասել իսլամի Սիւննիթ եւ Շիիթ էսթապլիշմէնթներէն…։
Անցեալ դարերուն, Քարամիթական Շարժումէն մինչեւ այսօր, եղան շարժումներ եւ անհատ շէյխեր ու աստուածաբաններ եւ աշխարհական մտաւորականներ ու հասարակական գործիչներ եւ պետական մարդիկ, որոնք պահանջեցին բարենորոգումը իսլամի Շարիաթին (ինչպէս տեսանք Թունուզի նախագահ Հապիպ Պուրկիպայի օրինակը)։ Սակայն Ալ-Ազհարն ու Նեկեւը տակաւին կը յամենան հին աստուածաբանութեան մէջ, թէեւ՝ Ֆրանչիսկոս Ա. առաւ առաջին քայլը Ալ-Ազհարի հետ։ Իսկ Նեկեւի Շիիթ թեւին մէջ, Ալի Շարիաթին ձեռնարկած է Շիիթ իսլամի բարենորոգումին Իրանի մէջ, ուր կը գործէ անոր Շիիթական Սոցիալիստ Կուսակցութիւնը, զոր տիրող իշխանութիւնը չի համարձակիր հալածել, ասոր վայելած մեծ ժողովրդականութեան պատճառով, այլ՝ կը հալածէ կոմունիստական «Թուտեհ» կուսակցութիւնը, ասոր ապակրօնութեան պատճառով։ Սակայն նախորդ բոոր անհատ բարենորոգչականները հալածուեցան ու մահուան դատապարտուեցան, եւ չունեցան իրենց հետեւող լայն զանգուածները։ Անոնք մահուան դատապարտուեցան (ինչպէս Լիբանանի մէջ Հիւսէյն Մռուէն եւ Մեհտի Ահմէտը) Սիւննիթ իսլամի էսթապլիշմէնթին կողմէ։ Ճիշդ այդպէս, Հայկական Թոնտրակեան Բարենորոգչական Յեղափոխութիւնը արեան մէջ խեղդուեցաւ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին ձեռամբ…։
Սակայն բարենորոգումը չի գար վերէն՝ էսթապլիշմէնթէն, այլ՝ վարէն՝ ժողովուրդէն, մասնաւորաբար՝ գիտակից հաւատացեալներու զանգուածէն։ Այլ խօսքով, կախում ունի ժողովուրդի մը զարգացումի մակարդակէն եւ յառաջդիմելու ցանկութենէն, ու մանաւանդ՝ անոր յեղափոխական հոգեկան կերտուածքէն։
- • •
Մեր ժողովուրդը իսլամի Չարիքը չտեսաւ, ո՛չ Արաբական Խալիֆաթի եւ ոչ ալ Օսմանական Խալիֆաթի առաջին դարերուն։ Այդ դարերուն մենք վայելած ենք իսլամի հանդուրժողականութիւնը։ Օսմանական Խալիֆաթի հանդուրժողականութիւնը, որ կը բխէր՝ ոչ միայն Քուր՚անի համարներէն, այլեւ՝ տնտեսական եւ հասարակական կեանքի կարիքներէն, որոնք կը գտնուէին բնիկ բնակչութեան մօտ, եւ ոչ թէ եկուոր գրաւողներուն մօտ։ Այս հանդուրժողականութեան առաջին դրսեւորումը՝ Հայոց Պոլսոյ Պատրիարքութեան հաստատումն էր Սուլթանի ֆերմանով, որ կը ճանչնար Էրմէնի Միլլէթի Կրօնակենցաղային Ինքնավարութիւնը։ Յաջորդող սուլթաններու ֆերմանները՝ Երուսաղէմի հայոց սրբատեղիները հաստատող, հիմնուելով Մուհամմէտ Մարգարէի, Ալիի եւ Սալահետտին Այեուպիի հայաճանաչ հրովարտակներուն վրայ, եւ մինչեւ 17-18-րդ դար, Օսմանեան Կայսրութեան վարչական բաժանումներու քարտէսին վրայ սահմանագծուած տարածքը՝ Էրմենիստան Էյալեթին…։ (Ի դէպ, Հայ Հողային Դատին համար, եթէ մենք Միջազգային Դատարանին կարենանք ներկայացնել՝ 17-րդ դարի քարտէսին մէջ սահմանագծուած այս ERMENISTAN EYALETI-ն, ուրիշ փաստերու կարիքը չի մնար։ Ո՞վ եւ ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլայ ձեռքբերել այս անհերքելի քարտէսէն վաւերական նմոյշ մը…)։
Մասնաւորաբար 19-րդ դարի վերջերուն է որ Օսմանեան Խալիֆաթը սկսաւ «իսլամ»ի անունով հալածել ու ջարդել հայերը, երբ կայսրութիւնը ներթափանցուած էր իր սրընթաց վերելքը ապրող Համաշխարհային Սիոնիզմով՝ Հերցելի ղեկավարութեամբ։ 1894-1896 տարիներու հայաջինջ հալածանքները շարունակեցին սիոնափանթուրք երիտթուրքերը մինչեւ Մեծ Եղեռն… դարձեալ՝ «իսլամ»ի անունով։
Կայ պատմական ճշմարտութիւն մը, որ յաճախ կը մոռցուի մեր պատմագրութեան ու մամուլին մէջ։ Ատիկա այն ճշմարտութիւնն է, որ սիոնափանթուրք երիտթուրքերը մտած էին՝ Մուսթաֆա Աթաթուրքի ոչ միայն բանակին, այլեւ պետական վարչամեքենային մէջ, մինչեւ՝ Աթաթուրքի դէմ մահափորձի դաւին բացայայտումը…։ Աթաթուրք Իթթիհատի անդամ չէր։ Ան Փանթուրքիզմի ծրագրին դէմ էր, բաւարարուած՝ արդի Թուրքիոյ սահմաններով։ Բայց իր բանակի Կովկասեան Ճակատի հրամանատարը՝ Քիազըմ Քարապէքիր, եւ իր տնտեսութեան նախարարը՝ Ճավիտը, բարձր աստիճանի սիոնական երիտթուրքեր էին։ Աթաթուրքի դէմ մահափորձի դաւին ղեկավարը Ճավիտն էր, որ հրեայ սիոնական Դաւիթն էր, որ նոյնպէս Իթթիհատի ֆինանսական պատասխանատուն էր։
Սիոնիզմն էր, որ Արեւմուտքի իմփերիալիստ տէրութիւններուն դէպի Արեւելք ծաւալելու ծրագիր որպէս, մշակեց Փանթուրքիզմի ծրագիրը՝ Թուրքիայէն մինչեւ Չինաստան, անցնելով՝ Ազրպէյճանէն, Կասպից Ծովէն եւ Կեդրոնական Ասիայէն… ճամբէն աւերելով՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները, Ղարաբաղը, Իրանն ու Ռուսաստանը…։ Երիտթուրքերը թքեր էին իսլամին վրայ. անոնք թուրք ալ չէին, այլ՝ սիոնականներ… ոչ՝ անպայման հրեաներ։ Այս է պատճառը ոչ-թուրք փանթուրքիստներու, եւ՝ ոչ-հրեայ սիոնականներու գոյութեան, նաեւ՝ հակա-փանթուրք թուրքերու եւ հակասիոնական հրեաներու։
Սիոնիզմը եւ Փանթուրքիզմը ոչ կրօն ունին եւ ոչ ալ ազգութիւն։ Անոնք կը ծառայեն բազմազգ եւ բազմակրօն Արեւմուտքի իմփերիալիզմին՝ Արեւելքի ժողովուրդներուն դէմ։






