Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն այսօր երեկոյեան Լիբանանի անկախութեան 76րդ տարեդարձին առիթով իր խօսքը պիտի ուղղէ լիբանանցիներուն, մինչ երկիրը կ՛ապրի յեղափոխութիւն:
Աունին խօսքը պիտի հեռասփռուի այսօր երեկոյեան ժամը 8ին: Այս մասին հաղորդեց նախագահական տեղեկատուական գրասենեակը: Նշուած է, որ Նախագահը նաեւ պիտի անդրադառնայ ներկայ կացութեան:
Աուն մինչեւ այս պահը տակաւին երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու համար ժամադրութիւն չի ճշդեց, բան մը, որ կարելիութիւնը պիտի ստեղծէ վարչապետի մը նշանակումին: Յիշեցնենք, թէ վարչապետ Հարիրի հրաժարեցաւ Հոկտեմբեր 29ին:
Նաեւ յիշեցնենք, որ նախագահ Աունի նախկին հանրային ելոյթը, որ կատարուեցաւ Նոյեմբեր 12ին ժողովրդային բողոքներու ալիքը աւելի եւս սաստկացուց: Նոյն գիշերն էր, որ բողոքարար Ալաա Ապու Ֆախր զոհուեցաւ Խալտէի մէջ, որուն սպանութեան պատճառ հանդիսացած զինուորականը կը հարցաքննուի:
Նշենք, որ յեղափոխութեան 35րդ օրը՝ երէկ համեմատաբար խաղաղ օր մը եղաւ, որուն ընթացքին կեանքը բնականոն հուն մը ստացաւ Լիբանանի շատ մը շրջաններուն մէջ, բացի Թրիփոլիէ, ուր ցոյցերը նոյն թափով կը շարունակուին:






