Կը պատմուի, որ մարդ մը Փիքասոյին դիմելով կ՛ըսէ. «ըստ երեւոյթին դուն գծել չես գիտեր բացի իրար մէջ մտած գիծերէ եւ գոյներէ»:
Այս լսելով Փիքասոն վրձինը վերցնելով իրենց գտնուած բակին գետնին վրայ կը գծէ ցորենի հատիկ մը: Հատիկը այնքան իրականի նման դուրս կու գայ, որ բակին մէջ գտնուող հաւը մօտենալով կը փորձէ ուտելու համար կտուցով բռնել զայն:
Մարդը ապշած կը դառնայ մեծ գեղանկարիչին ու կ՛ըսէ. «Եթէ նման բան գծելու կարողութիւնը ունիս, ինչո՞ւ ուրեմն միշտ անկապ գիծեր եւ տարօրինակ բաներ կը գծես»:
Փիքասոն կը պատասխանէ. «Իրականութեան մէջ, ես հաւերու համար չէ, որ կը գծեմ…»:
Ըսածս ի՞նչ է սիրելի ընթերցող: Շատ յաճախ առանց հասկնալու կը ծաղրենք կամ կը քննադատենք գեղանկար մը, երաժշտութիւն մը, հեղինակ մը, գրող մը, գրութիւն մը, մարդ մը…: Երբեմն ալ հաւի ազգակից թութակի նման, պարզապէս կը կրկնենք ուրիշի մը գաղափարը առանց գիտակցութիւնը ունենալու, որ ի՞նչ կ՛ըսենք, կամ պահ մը մտածելու, որ պէտք է ունենանք նաեւ անձնական կարծիք:
Մարդկային յոռի վարուելակերպ, որուն սրբագրութեան համար կ՛արժէ պահ մը Մարդու նման խորհիլ:
Բարի լոյս սիրելի ընթերցող:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






