Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Ելեկտրոնային Շրջաբերականներ

Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, դպրոցին ընկերային համացանցին վրայ երէկ ծանուցած է հետեւեալը.

«Հոկտեմբեր 2019էն սկսեալ սկսանք դպրոցական շրջաբերականները մեր ծնողներուն ղրկել ելեկտրոնային տարբերակով, փոխան՝ տպագրի:

Այս ձեւը փաստեց, որ ան ոչ միայն աւելի ազդու է եւ նպատակայարմար ինչ կը վերաբերի իր հասցէին հասնելու, այլ՝ մինչեւ տարեվերջ մենք խնայած պիտի ըլլանք 70,000 A4 չափի թուղթ:»

Իսկապէս օրինակելի նախաձեռնութիւն, որ ոչ միայն անտեղի կերպով սպառող թուղթ կը խնայէ, այլ նաեւ՝ իր դպրոցաշէնքըվերջերս «կանաչ դպրոց» յայտարարած հայկական վարժարանը, սատար կը հանդիսանայ թղթաշինութեան եւ անոր ցրւումի գործընթացի հանգրուաններուն պատճառած կենսոլորտի նուազ ապականման: Իսկ ամենակարեւորը, ան այս ձեւով տարին խնայած կ՛ըլլայ ծառ մը, որովհետեւ ըստ գիտական հաշուարկումի, միջին հաշուով 85000 հատ նշեալ չափի թուղթ արտադրելու համար կարիքը կայ մէկ ծառի փայտին…:

Այս առիթով կը շնորհաւորենք տնօրէնութիւնը, մաղթելով, որ նման նախաձեռնութիւններ վարակիչ ըլլան:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին