Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Օղակ Մը Ցաւերէս

Հնդիկ Շիւա աստուածը բազմաթիւ թեւեր ունի որով ամենահաս է. Ի հարկէ Աստուած այդպէս պէտք է ըլլայ որ կարենայ ամենահաս ըլլալ օգնելու, փրկելու եւ ըլլալ նաեւ խորհրդատու: Ամէն ծնունդ կարիքի մը արդիւնք է ու եթէ ծնելէն ետք ապրի, կեանքը շարունակուի, պայքարը  կը սկսի յանուն կարիքի որոնք բազմազան են. Հուսկ՝ մարդիկ հետամուտ կ՛ըլլան բաւարարելու  զանոնք: Սա բնական մղում մըն է բխած անհրաժեշտութենէ  որ կը կոչուի գոյամարտ  ու պէտք ունի «հացի, օդի, ջուրի» ինչպէս ամէն կենդանի արարած որպէս կեանքի գրաւական: «Եւ մահամերձն ալ կ՛ուզէ երկու բան. Նախ կեանքը…»:

Կեանքի առանցքը պայքարն է. «Արի գութան, վարի գութան…»«Ձեռս պակաս, ուժըս հատած,/ Հազար ու մի ցաւի տէր,/Ինձ են նայում մերկ ու սոված/ Մի տուն լիքը մանուկներ»:

Անտարակոյս կենդանական աշխարհը իրարմով կը սնանի. Բնազդ է. Ա՛յդ է դրուածքը, գազանէն մինչեւ կէտը, ոչխարն ու ծիտը. Փախուստ չկայ եւ գրեթէ ամէն պարագաներու մէջ խորամանկութիւնը իր դերը ունի, մանաւանդ մարդ արարածին մօտ, շնորհիւ բնատուր բանականութեան:

Ու ահա կը սկսի պայքարը գերակայութեան պայքարի, որմէ՝ կռիւներն ու լայն չափանիշով՝ պատերազմները. Աւեր ու ապա՝ խաղաղութիւն ու շրջանը կը շարունակուի իրարամերժ կողմերէ ու կը ցնդին վեհ միտքերն ու գաղափարներ որոնք մի քանի հազար տարիներու արգասիքն են, կը մնան իբրեւ լոզունգ ու ոչ մէկ գործնական քայլ ու եթէ պատահի՝ այդ ալ փետուրի ծանրութենէն ոչ աւելի տարողութեամբ իսկ խորքային լուծումները  հորիզոնէ անդին են. Փաստ՝ պատերազմները որոնք կը հրահրուին տնտեսական տագնապներու պատճառաւ, որոնց ետին ի հարկէ կան թաքուն նպատակներ, եւ զանոնք մղող պատճառներ: Վերջապէս կը հասնինք իրավիճակի մը ուր՝ «Շունը տիրոջ հաւատարիմ, հայրը որդին էր ուրանում» ալ ու՛ր մնաց գիրն ու գրականութիւնը…

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին (1975) կ՛աշխատէի Րաուշէյի դիմացի մէկ շէնքին մէջ. գործընկերներէս մին  ըսաւ.-«Բեր գիրքերդ ու ծով թափէ»:  Իմ ու իր միջեւ սերունդի մը տարբերութիւն կար. Ինք ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԷՐ. Եւ անգլերէնով պէտք է ըսեմ «UP TO DATE».

Ամէն դար իրեն յատուկ ապրելակերպը ունի որմէ խուսափիլ անհնարին է:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին