Յեղափոխութեան 34րդ օրը՝ Ժողովրդային յեղափոխութիւնը կարողացաւ իր կամքը դարձեալ պարտադրել եւ խորհրդարանի համար նախատեսուած նիստը տապալել։
Հակասահմանադրական եւ կասկածելի նկատուող Խորհրդարանի երէկուայ համար նախատեսուած օրէնսդրական նիստը, որ իրականութեան մէջ երկրորդ շաբաթն ըլլալով էր, որ կը յետաձգուէր, տապալեցաւ ցուցարարներուն ճնշումներուն եւ դէպի խորհրդարան տանող ճանապարհները փակելուն հետեւանքով: Արդարեւ ծանր օր մը, որուն ընթացքին ցուցարարներուն եւ ներքին ապահովական ուժերու միջեւ արձանագրուեցան շարք մը միջադէպեր:
Նիստը պոյքոթող երեսփոխանական խմբակներու ու անհատ երեսփոխաններուն թիւը աճեցաւ պատճառ հանդիսանալով կայացման համար անհրաժեշտ 65 ձայներու ներկայութեան: Ի դէպ, խորհրդարան հասան թիւով ընդամէնը 5 երեսփոխաններ, մինչ ուրիշներ ծաղրի ենթարկուեցան փողոցներուն վրայ: Արձանագրուեցան նաեւ կրակոցներ:
Խորհրդարանի նախագահին քարտուղարութիւնը նիստը յետաձգուած համարեց: Նիստի գումարման նոր թուական չի ճշդուեցաւ:
Նշենք, որ Թրիփոլիի եւ Սայտա քաղաքին մէջ ցուցարարներն երէկ մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերեցին փակել փորձելով պետական հաստատութիւններ եւ գլխաւոր ճանապարհները։
Լիբանանի տարածքին գործող դրամատուները երէկ վերաբացին իրենց դռները, ապահովական եւ ֆինանսական յատուկ միջոցառումներով:
Մինչ հանրապետութեան նախագահը տակաւին կը յամենայ երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու ժամադրութիւնը ճշդել նշանակելու համար Վարչապետ մը, Լիբանանի անխոնջ յեղափոխութիւնը այսօր կը դիմաւորէ իր 35րդ օրը: