Իրանեան տասնեակ քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ը, վկայակոչելով Iran-International կայքի արաբական ծառայութիւնը։ Կը նշուի, որ ցոյցերը սկիզբ առած են շաբաթավերջին եւ Թեհրանէն բացի կը կատարուին տասնեակ այլ քաղաքներու մէջ եւս։
Ցուցարարներու գլխաւոր պահանջն է վերատեսութեան ենթարկել վերջերս որդեգրուած եւ նաւթի սակերը թանկացնելու միտող կառավարական որոշումը։






