Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մշակութային Գործակցութեան Ծաւալումը Հայաստանի Հանրապետութեան Հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բազմակողմանի ծառայու­թիւններուն մէջ, մասնաւորաբար մշակութային մարզը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։ Արդարեւ Կաթողիկոսարանի ընդհանուր կառոյցին մէջ, զուտ մշակութային արժէք ներկայացնող բաժանմունքներն են՝ Մատենա­դարանը (հնատիպ եւ արդի գիրքեր), «Կիլիկիա» թանգարանը, ձեռագիրները, արխիւները, «Հասկ» ամսագիր պաշտօնաթերթը, «Հասկ» Հայագիտականը, Տպարանը եւ հրատարակ­չական ծրագիրները։

Մշակութային ոլորտէն ներս, Կաթողիկոսութիւնը թէ՛ թեմերու մակարդակին վրայ, եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութա­յին կառոյցներուն հետ սերտ գործակցութեան իւրայատուկ առաքելու­թիւն կ’իրականացնէ ի նպաստ հայ ժողովուրդի մշակութային զարգաց­ման։

Այս մարզէն ներս, Ուրբաթ 8 եւ Շաբաթ 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Հ.Հ. Ցեղասպանութեան Թանգարանին մէջ տեղի ունեցող «Հայե­րու փրկու­թեան գործը մերձաւոր արեւելքի մէջ 1915-1923 թթ.» գիտա­ժողովին յանուն Կաթողիկոսու­թեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Մատենադարի եւ Հնատիպերու տնօրէն՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ուր զեկոյց ներկայացուց «Որբանոցէն Կաթողիկո­սարան, Կիլիկիոյ Կաթո­ղիկոսութեան հաստատումը Անթիլ­իասի մէջ» վեր­նագրով­։ Սրբազան Հայրը պաշտօնա­կան հանդիպում ունեցաւ «Մաշ­տոց­եան Մատենա­դարան»ի տնօրէնութեան հետ։ Ուրբաթ 8 Նոյեմբեր 2019-ի կէսօրին տեղի ունեցաւ «Փոխըմբռնման Յուշագիր»ի պաշտօնական ստորագ­րութիւն, առաւել սերտացնելու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գործակ­ցութիւնը եւ նոր մղում տալու մասնաւո­րաբար հայ ձեռագիրներու, մատենագրա­կան աշխատասիրութիւններու եւ նմանօրինակ նիւթերու հետազօտու­թիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ այցելութիւններ տուաւ Ցե­ղաս­պա­նութեան Թան­գարան, Ազգային Արխիւ եւ «Կոմիտասի անուան թանգարան» գործակ­ցութեան կարելիութիւններ ու ծրագիրներ պատ­րաստելու առաջադրու­թեամբ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին