Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Նոր Աշխարհակարգ՝ Ոչ Յաղթողներ Եւ Ոչ Պարտուողներ Այլ՝ Խաղաղութիւն Եւ Բարգաւաճում

Կ՚ապրինք անցումային ժամանակներու մէջ. պատերազմի եւ տնտեսական ճգնաժամի հին միաբեւեռ աշխարհակարգէն դէպի խաղաղութեան ու բարգաւաճումի նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, որուն լուսամիտ առաջնորդներն են՝ Ֆրանչիսկոս Ա., Վլատիմիր Փութին եւ… Սերգէյ Լաւրով։

Չարագործին դէմ՝ բարբարոսական, շահագործողական ռեժիմներ, ազատազրկումի եւ չարչարանքի միջոցներ կը կիրարկեն, մինչ քաղաքակրթիչ եւ իրաւապաշտպան ռեժիմներ, ուղղիչ եւ դաստիարակիչ տուներ կը գործածեն. ինչ որ թէ՛ չարագործը կը փրկէ իր ախտէն, եւ թէ՛ հասարակութիւնը՝ անոր չարիքէն։ Երկու կողմերուն միաժամանակ բարիք ընելով… եւ երկու կողմերը իրարու բարեկամացնելով, որուն հետեւանքով՝ երկու կողմերն ալ յաղթող կ՚ըլլան, եւ ոչ թէ՝ մէկը յաղթող, իսկ միւսը՝ պարտուող… ինչ որ կը վերացնէ դառնութիւններն ու վրէժխնդրութիւնը կողմերուն միջեւ, երաշխաւորելով հասարակական խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։

Նոյնն է պարագան հակամարտող հասարակարգերուն եւ պետութիւններուն ու ժողովուրդներուն միջեւ, որոնք եթէ որդեգրեն արդար խաղաղութեան մը համար անկեղծ երկխօսութիւնը, կը դառնան բարեկամներ, կամ՝ խաղաղ մրցակիցներ միայն՝ բարի նախանձով,  եւ երկուքով կրնան բարգաւաճիլ…։

Այս պարզ ճշմարտութիւնը լաւ հասկցած են վերը յիշուած երեք լուսամիտ առաջնորդները, եւ զայդ կը սորվեցնեն այսօր՝ համայն աշխարհին, երաշխաւորելու համար համաշխարհային խաղաղութիւնը, կանխարգիլելու համար Գ. աշխարհամարտ մը, որուն շուրջ Փութինէն բան մը սորված կը թուի ըլլալ Տոնալտ Թրամփ, եւ ինք ալ գոհ կը թուի ըլլալ՝ երազելով խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ…։ Արիստոտէլ ըսած է. «Անոնք որոնք գիտցած են՝ կը գործադրեն։ Անոնք որոնք հասկցած են՝ կը սորվեցնեն»։ Այդ երեքը դաստիարակներ են։ Տոնալտ Թրամփ՝ օրինակելի ուսուցանող մը չէ, բայց՝ իմաստուն է, քանի որ ճիշդ ինքնաճանաչումը կատարած է ամերիկեան իմփերիալիզմի ներկայիս պարզած տեղատուական վիճակին, եւ՝ ընդունած է Փութինի իրեն ցոյց տուած ճամբան։ Եւ նոյն Արիստոտէլն է, որ ըսած է. «Ինքնաճանաչումը իմաստութեան սկիզբն է»։ Եւ Պղատոն կ՚ըսէր. «Ով մարդ՝ Ծանիր Զքեզ» (Anthrope Gnosize Aphton)։  (Իմաստուն Թրամփ ճանչցած է ամերիկեան կայսրութեան անկումը, քանի որ ուշադիր կարդացած է Gore Vidal-ի “The Decline and Fall of the American Empire” հատորը (լոյս տեսած 1999 թուին, Odonian Press-էն)։ Բայց ԱՄՆ-ի կողմնակից «յիմար կոյսերը», ամենուրեք՝ ներառեալ Լիբանան եւ Հայաստան, դեռեւս չեն կարդացած 20 տարիներ առաջ լոյս տեսած այդ հատորը, կամ՝ չեն հասկցած, եւ քաղաքական «աչք» ալ չունին կարենալ տեսնելու համար ներկայի անցումային ժամանակներու զարգացման ուղղութիւնը։ Թրամփ Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակ կը սպասէ, նաեւ՝ որովհետեւ որոշած է իր զօրքերը քաշել Սուրիոյ հիւսիսէն եւ հարաւէն… Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի սահմաններէն. այսինքն՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած իր երկու օֆֆշոր ռազմախարիսխներու սահմաններէն, ծանր մտավախութիւններ պատճառելով փանթուրքական Թուրքիոյ եւ սիոնական Իսրայէլի… մասնաւորաբար՝ Իսրայէլի, որուն բարձրաստիճան զինուորականները անկարող կը զգան պաշտպանուելու, միաժամանակ թէ՝ Հզպալլայի եւ թէ՛ սուրիական բանակի ներկայութենէն՝ իրենց հիւսիսային սահմանին վրայ)։

Մեր նախորդ գրութիւններուն մէջ, յաճախակի անդրադարձած ենք Ֆրանչիսկոս Ա. եւ Վլատիմիր Փութին լուսամիտ առաջնորդներու խօսքերուն։ Ներկայ գրութեամբ պիտի անդրադառնանք Սերգէյ Լաւրով լուսամիտ առաջնորդին խօսքերուն անդրադարձող՝ Արեւմտեան Հայաստանի շարունակուող պետութեան վարչապետի նամակին, զոր այս վերջինը յղած է Սերգէյ Լաւրովին, որուն հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է ԱՀՀ պաշտօնաթերթի թիւ 6 (3 Հոկտեմբեր 2019) համարին մէջ։ ԱՀՀ վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեան, կարդացած ըլլալով Սերգէյ Լաւրովի մէկ կարեւոր յօդուածը՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի 74-րդ նստաշրջանի նախօրէին (լոյս տեսած 20 Սեպտեմբեր 2019 թուին, ռուսական կայքէջի մը վրայ), Արեւմտեան Հայաստանի վարչապետի իր հանգամանքով, Սեպտեմբեր 23-ին անոր յղած է խիստ կարեւոր նամակ մը, որ օրինակելի նախաձեռնութիւն մըն է՝ օգտուելու ներկայի անցումային ժամանակներու հայանպաստ զարգացումներէն՝ ի նպաստ Հայ Հողային Դատին։

Սերգէյ Լաւրով, յօդուածը տուած է “Russia in Global Affairs” (magazine) հանդէսին։ Յօդուածի վերնագիրն է՝ “The World at a Crossroads: A System of International Relations for the Future”։

Վարչապետը նախ կը գրէ թէ ինք «մեծ ուշադրութեամբ» կարդացած է Ռուսական Դաշնութեան «խաղաղասէր արտգործնախարարին յօդուածը», եւ իրեն համար անակնկալ մը չէր յօդուածին «տրամաբանութեան եւ մօտեցումներուն մէջ «Ձեր քաղաքական իրապաշտութեան խիզախութիւնը, որ հիմնականօրէն կը յենի համամարդկային հարցերու նկատմամբ, Ձեր եւ ընդհանրապէս Ռուսական Դաշնութեան որդեգրած անկեղծութեան վրայ, որ թոյլ տուաւ որ Դուք մատնացոյց ընէք՝ համաշխարհային ներկայ ճգնաժամէն դուրս գալու ամէնէն արդար, օրինական եւ իրապէս կենսունակ լուծումներու բանալի սկզբունքները, ուր չկան յաղթողներ ու պարտեալներ, չկայ վրէժխնդրութիւն՝ բոլոր դառնութիւններով հանդերձ, այլ կայ՝ ամուր եւ հաստատ դիրքերէ մեկնած՝ համաշխարհային խաղաղութեան, միջազգային կայունութեան, եւ՝ հաւաքական, ընդհանրական բարգաւաճումի ուղիին առաջարկը»։ Վարչապետը իրաւացիօրէն ընդգծած է՝ թէ Փութինեան-Լաւրովեան Ռուսաստանի խաղաղութեան առաջարկը՝ Արեւմուտքին, չի մեկնիր տկարութեան դիրքերէ, այլ՝ «ամուր եւ հաստատ դիրքերէ…»։ Եւ միւս կողմէ՝ վարչապետը մեղմօրէն կը նշէ անսպասելի բարեացակամութիւն մը՝ «միաբեւեռ աշխարհակարգի ձգտող կողմին հանդէպ», քանի որ Լաւրովի ոճը այնքա՜ն անվրէժխնդիր ու ներողամիտ է անոնց պատճառած «բոլոր դառնութիւններուն հանդէպ», որ իր յօդուածը ընթերցողները կ՚ունենան այն տպաւորութիւնը, թէ՝ Լաւրով կը կարծէ թէ միաբեւեռ աշխարհակարգի իշխանաւորները չեն գիտակցիր թէ՝ իրենց ծրագիրը անիրաւ է եւ հիմնուած խաբեբայութեան վրայ…։

Ապա՝ վարչապետը մաղթանք կը յայտնէ, որ Լաւրովի միջազգային գործընկերները, որոնց ան համերաշխութեան ձեռք կը մեկնէ, լիովին գիտակցին որ Լաւրովի առաջարկը կ՚ընդգրկէ նաեւ՝ իրենց իսկ ճգնաժամէն դուրս գալու պատուաւոր ելքն ու փրկութիւնը։ (Ըստ երեւոյթին, Տոնալտ Թրամփ գիտակցած է

Վարչապետը տարակոյս կը յայտնէ հետեւեալ բառերով. «Բայց ի՞նչ գնով անոնք կրնան գիտակցիլ։ Երբ անոնք քանի մը դար բռնութեամբ եւ այլ ազգերու արեան ու իրաւունքներուն գնով փառքեր կուտակեցին եւ այդ փառքերու քաղցր համէն իրենց քիմքերը պատրաստ են հրաժարելու՝ առանց փոխարժէքի…»։

Եւ կը շարունակէ. «Շնորհիւ Միջին Արեւելքի բնիկ ազգերու, մասնաւորաբար, Սուրիոյ եւ Պարսկաստանի, աննահանջ դիմադրողականութեան, զուգորդուած Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ժողովրդային Չինաստանի պատասխանատու եւ խիզախ անընկճելի կեցուածքներուն, միաբեւեռ աշխարհակարգի ծրագիրը անվերականգնելիօրէն ձախողած է, բայց տակաւին՝ պարտուած չէ, վերջնականապէս»։

«Կ՚երեւի թէ՝ համաշխարհային խաղաղութեան պահպանութեան միջազգային կայունութեան ապահովումին հրամայականի իրականացումը կը թելադրէ, որ այդ ծրագրի տէրերը պէտք չէ որ պարտուին, այլ՝ համոզուին իրենց կենսական շահերը միայն երաշխաւորող ուղին որոնելու, զոր Դուք ցոյց կու տաք՝ փոխադարձ վստահութեան պայմաններով, սակայն այդ ուղիին գործնական քայլերը Դուք չէք յիշեր մանրամասնօրէն։ Ուրեմն, մենք հոս է որ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան ձայնը լսելի դարձնել կ՚ուզենք՝ յիշեալ գործնական քայլերէն մէկը որպէս…»։

Նախ՝ վարչապետը Լաւրովի ուշադրութեան կը յանձնէ այն, որ «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայութիւնն այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, ՈՂՋ է… թէ՛ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն, եւ թէ՛՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, եւ՝ հայկական նոր Յառաջապահ Սփիւռքը ներկայի անցումային ժամանակներուն, բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ, այլեւս տեղքայլ չըներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումը պահանջելով, այլ կը պահանջէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ազատագրումը թրքական բռնագրաւումէն…»։ (Յայտնօրէն, վարչապետը այս զատորոշումը՝ նոր յառաջապահ Հայ Սփիւռքին աւանդականէն, անհրաժեշտ համարած է, մտավախութիւն ունենալով՝ որ Լաւրով, աւանդական Հայ Սփիւռքէն ստացած իր տպաւորութեան տակ, տարակուսելի գտնէ նամակին բովանդակութիւնը)։

Ապա՝ խօսելով Հայ եւ Արաբ ժողովուրդներուն սպառնացող վտանգներուն մասին, կը գրէ. «Բոլորս, մասնաւորաբար հայերս եւ արաբները, քաջ գիտենք, որ նախկին միաբեւեռութեան ձգտող ուժերու քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակը եղաւ՝ Միջին Արեւելքը պահել ոչ խաղաղ եւ ոչ կայուն իրավիճակի մը մէջ, որուն գլխաւոր գործադրողները եղան, ու կը շարունակեն մնալ՝ Փանթուրքիզմի ծրագրի հեղինակ Սիոնիզմի տարատնկեալ պետութիւնը՝ Իսրայէլ, եւ Փանթուրքիզմի ծրագրի գործադրող՝ դարձեալ տարատնկեալ պետութիւնը՝ Թուրքիա (ոչ միայն Նեթանիահուն կամ Էրտողանը)։ Եթէ միաբեւեռ աշխարհակարգի մայրամուտը իրականութիւն է, ուրեմն, արագացնելու համար բազմաբեւեռ աշխարհակարգի արշալոյսը, հարկ է չէզոքացնել հին աշխարհակարգի նպատակին ծառայող երկու տարատնկեալ պետութիւններուն ազդեցութիւնը, վերահաստատելու համար Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, որոշելով ստեղծել՝ Արեւմտեան Հայաստանն ու դեմոկրատական Պաղեստինը, որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւններ, իրենց բնիկ ժողովուրդներով… որպէսզի հողին տակ թաղուած չմնան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու անհատոյց մնացած պատմական անկապտելի իրաւունքները, եւ այդպիսով՝ երաշխաւորուած ըլլան տարածաշրջանի արդար խաղաղութիւնն ու երկարատեւ կայունութիւնը»։

Հոս, վարչապետ Սարգիսեան մեղմ բառերով կը յայտնէ արդարացի եւ իրաւացի մտահոգութիւն մը, գրելով. «Եթէ շարունակուի, Թուրքիոյ նկատմամբ՝ ներողամտութեան ու աչքաթողութեան նմանող քաղաքականութիւնը կամ տակտիկան… եւ ան՝ վերջին ութ տարիներուն եւս իր գործած ոճիրներուն հակառակ՝ յանկարծ յայտնուի յաղթող կողմի ձեւաւորման կազմին մէջ… եւ դառնայ մասնակիցը տարածաշրջանի ապագայի ձեւաւորումին… ապա՝ հին աշխարհակարգի ուժերը երբեք պիտի չհրաժարին իրենց դէպի Արեւելք տարածուելու Փանթուրքիզմի երազանքէն… եւ բնականաբար, երբեք պատրաստակամ պիտի չըլլան մասնակցելու նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգի կերտումին, եւ հետեւաբար՝ միջազգային ճգնաժամն ու տարածաշրջանը պիտի վերստին թեւակոխեն, նոր տասնամեակներ տեւող անկայունութեան մէջ, ինչ որ կը հակասէ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի խաղաղասիրական վսեմ նպատակին, եւ՝ կը վնասէ տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու պատմական իրաւունքներուն»։ (Լաւ պիտի ըլլար, որ այս պարբերութեան մէջ, յիշուէր թէ Թուրքիոյ կողմէ յամառօրէն հետապնդուող «ապահովութեան գօտի»ի պահանջը Սուրիոյ հողերուն վրայ… իբր թէ վախնալով քիւրտերէն… վրան բաց սուտ մըն է, որուն տակ պահուած է Թուրքիոյ նպատակը՝ սուրիական նաֆթային շրջանի մը բռնագրաւումի)։

Այս վերջին երկու պարբերութիւններուն մէջ Փանթուրքիզմի ծրագրի վերյիշեցումը խիստ շահեկան է, որովհետեւ՝ մէկ կողմէ կը բացայայտէ Փանթուրքիզմի ծրագրի հեղինակը (որ Սիոնիզմն է), որուն նկատմամբ գրեթէ հաւկուրացած է հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը մինչեւ այսօր… հակառակ սիոնական երիտթուրքերու գործած Մեծ Եղեռնին…, միւս կողմէ՝ Լաւրովին կը վերյիշեցնէ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու ստրատեգիական բնական դաշինքը Փանթուրքիզմի ծրագրին դէմ, եւ՝ Արեւելահայաստանի կողքին, Արեւմտեան Հայաստանի ալ վերականգնումով, կը հզօրանայ հայկական պատնէշը Թուրքիոյ դէպի Ազրպէյճան ու Կեդրոնական Ասիա ծաւալելու ծրագրին դէմ, որ կը համընկնի նաեւ Ռուսաստանի գոյութենական շահերուն հետ…։

Եւ խելօք համեստութեամբ մը, վարչապետը կը շարունակէ. «Այս տողերով, մենք չենք յաւակնիր ձեզի վերյիշեցնելու աշխարհաքաղաքական հաստատուն իրականութիւններ եւ ռազմավարական բնական դաշինքներ, այլ պարզապէս կ՚արտայայտենք մեր անկեղծ մտահոգութիւնները, քանզի հայերս՝ բազմաբեւեռ ու միջազգային հանրային իրաւունքի գերակայութեան նոր աշխարհակարգով, որուն շոգեշարժը Ռուսաստանն է, ամէնէն աւելի շահագրգռուածներն ենք անտարակոյս…։ Որովհետեւ՝ մենք որոշած ենք ազատագրել մեր գրաւեալ հայրենիքը պատմական։ Կեանքի կոչել մեր ազատ եւ անկախ Արեւմտեան Հայաստանի պետութիւնը, որուն պատմականօրէն առաջին, ռահվիրայ ախոյեանը հանդիսացած է՝ 11 Յունուար 1918 թուի Ռուսաստանի Դեկրետը, որուն պատմական նախաքայլը հանդիսացած էր 1878 թուի Սան-Սթեֆանոյի դաշնագրի Յօդ. 16-րդը։ Մենք որոշած ենք ամէն գնով ձեռնարկել մեր ազգային ինքնորոշումի իրաւունքին կիրառումին, եւ դառնալ տարածաշրջանին խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերելու գործընթացին գործօն մասնակիցը, շրջանի այլ բնիկ ժողովուրդներուն հետ միատեղ, այնպէս՝ ինչպէս Դուք Ձեր թանկարժէք եւ իմաստուն յօդուածով կոչ կ՚ընէք աշխարհի բոլոր պետութիւններուն։ Իսկ կարեւորագոյնը այն է, որ մենք այս բոլորը կը ձգտինք իրականացնել՝ միայուն ու միայն, միջազգային հանրային իրաւունքին ուժով։ Իսկ այդ ուժով միայնակ քայլելը գրեթէ անհնար է տարագրեալ, պետականազուրկ եւ հայրենազուրկ ժողովուրդի մը համար, որուն հայրենի պատմական հողը բռնագրաւեալ կը մնայ Թուրքիոյ կողմէ»։

Նամակի վերջընթեր պարբերութեան մէջ, վարչապետ Սարգիսեան կը գրէ. «Արեւմտահայաստանի անկախութեան Դեկրետի օրով, հզօր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Չիչերինն էր, որուն գլխաւոր խորհրդականը Լեւոն Գարախանեանն էր…։ Այսօր՝ Դուք էք հզօր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը, որ կարիքը չունի հայ խորհրդականի մը, որովհետեւ ինք կը խտացնէ իր անձին մէջ նաեւ՝ հայ խորհրդականը։ Ի հարկէ՝ Ձեր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ Ռուսական Դաշնութեան գերագոյն շահերն ու առաջնահերթութիւն ունեցող համաշխարհային հարցերը…։ Բայց ո՞վ կրնայ այսօր ըսել՝ որ Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան վերականգնումը անբաժանելի բաղադրիչ մը չէ, Ձեր ուշադրութեան կեդրոնը գրաւող յիշեալ երկու խնդիրներուն։ Ոչ ոք։ Հետեւաբար, Ձեր օգնութեամբ, հարկ է, որ Արեւմտահայաստանի տարագրեալ ժողովուրդին ձայնը լսելի դառնայ»։

Արեւմտեան Հայաստանի շարունակուող պետութեան վարչապետին նամակը Սերգէյ Լաւրովին, կ՚եզրափակուի հետեւեալ պարբերութեամբ.

«Մեծայարգ եւ մեզի հարազատ Սերգէյ Լաւրով, մենք անվերապահօրէն կը ձայնակցինք Ձեր յօդուածի բովանդակութեան՝ ամբողջութեամբ։ Կը ցանկանք ձեր բարձր ուշադրութեան յանձնել Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ կայացած G20 գագաթաժողովի նախօրէին, Արեւմտեան Հայաստանի նախագահութեան անունով առաքուած նամակը՝ Ռուսական Դաշնութեան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն (որուն պատճէնը կցեալ է)։

«Խորին յարգանօք

«Գառնիկ Սարգիսեան՝ Արեւմտահայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ

«Հռոմ, 23 Սեպտեմբեր 2019»։

Նկատի ունենալով հզօր Ռուսաստանի արտգործնախարար Սերգէյ Լաւրովի այս յօդուածին բովանդակած մարդկայնական վսեմ առաջարկին կենսական նշանակութիւնը ողջ մարդկութեան եւ՝ առաջին հերթին, հայ ժողովուրդին համար, եւ նկատի առնելով՝ որ այդ առաջարկին հիմնական միտք բանին յիշուած է Արեւմտահայաստանի շարունակուող պետութեան վարչապետի նամակը խտացնող ներկայ գրութեան մէջ, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ՝ հայութեան անյետաձգելի պահանջները՝ այս անցումային բախտորոշ ժամանակներուն մէջ, կը խնդրուի սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլի օրկաններէն արտատպել սոյն գրութիւնը, որպէս՝ ի պաշտօնէ, Չորրորդ Իշխանութիւն…։ Կանխայայտ շնորհակալութիւն։

2020 անկիւնադարձային տարուան սեմին, համահայութեան կենսունակ ու մարտնչող ուժերը, որ ի Հայաստան ու Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի, յուսանք՝ որ կը գիտնան արդիւնաբեր եւ ստեղծագործ կերպով արժեւորել Սեւրի Դաշնագրի եւ Ուիլսոնեան Իրաւարար Վճիռի դարադարձերը, եւ չեն ուշանար օգտուելու ներկայի անցումային ժամանակներու հայանպաստ զարգացումներէն, եւ՝ չեն կրկներ Մեծ Եղեռնի դարադարձի տեղքայլն ու ձմեռնաքունը։

Ասիկա վերջին մաղթանք-պաղատանքն է, այս տողերու 86-ամեայ հեղինակին…։

Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին