Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Լիբանանեան Դրամատուները Կը Յուսան Որ Սալամէի Յայտարարութիւնները Դրական Ազդեցութիւն Պիտի Ունենան

Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը երէկ մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ , որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ լիբանանեան դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները ապահով են: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ լիբանանեան դրամանիշի ապահովութեան:

Ի լուր այս յայտարարութեան, Լիբանանի դարմատուները յոյս յայտնեցին, որ այս մէկը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ժողովուրդին վրայ: Կառավարիչը նաեւ, դէպի դուրս գումարներ ղրկելու առնչութեամբ կարգ մը սահմանափակումներու մասին խօսեցաւ՛ բան մը որ դարձեալ ապահով կը պահէ լիբանանեան դրամանիշը:

Իր կողմէ Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա հեռասփռուած ելոյթ մը ունենալով ըսաւ, որ դատական համակարգը պէտք է պայքարի փտածութեան դէմ ներառեալ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն եթէ անոնք այս խնդրով ինչ, որ յանցանքներ գործած են:

 Խօսելով նոր կառավարութեան կազմութեան շուրջ, ան ըսաւ, որ այդ գործը ընթացքի մէջ է:

Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի, որ այսօր խորհրդարանական ժողովի հրաւիրած էր երեսփոխանները, երէկ յետմիջօրէին յետաձգեց զայն ապահովական պատճառներով

Նախագահ Աուն այսօր երեկոյեան զրոյց մը պիտի շնորհէ հեռուստատեսային կայաններուն:

Ժողովուրդը այսօր ալ իր ցոյցերը պիտի շարունակէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին