Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

«Ակադեմական Տարեշրջան Մը Կը Կորսնցնենք, Բայց Կը Շահինք Մեր Ապագան». Յեղափոխութեան 23րդ Օրը Ուսանողները Անդամալուծեցին Պետական Հաստատութիւնները

Համալսարանական ուսանողներն ու դպրոցական աշակերտները միանալով ցուցարարներուն նոր բովանդակութիւն եւ ծաւալ տուին Լիբանանի ազգային յեղափոխութեան:

Ազգային ընդվզումի 23րդ օրը  երիտասարդ ցուցարարները անդամալուծեցին պետական հաստատութիւնները:

Լիբանանեան Համալսարանի կեդրոնական շէնքը, Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը, բջիջային հեռաձայնի սպասարկութիւն մատուցող ընկերութիւնը, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատուները եւ շատ մը այլ պետական հաստատութիւններ Լիբանանի հիւսիսէն հարաւ ժամադրավայրը հանդիսացան երիտասարդ ցուցարարներուն, որոնք  պաշարելով այդ «խորհրդանիշները» փաստեցին, որ իրենք են տէր երկրին:

«Ակադեմական տարի մը կը կորսնցնենք շահելու համար մեր ապագան» լոզունգ մըն էր զանազան այլ խօսքերու շարքին, զորս աշակերտութիւնը կը հոլովեր ամէն կողմ:

Շատ մը տեղեր ուսուցիչներ դաստիարակներ եւ մայրեր միացան իրենց զաւակներուն:

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի մնաց իր խօսքին վրայ, որ ինք անպայմանօրէն հետաքրքրուած չէ վերստին նշանակումով եթէ իր վրայ կառավարութեան կազմ մը պիտի պարտադրուի: Ան այս մասին տեղեկացուց քաղաքական կողմերուն, ի մասնաւորի երկրի նախագահին ու Ազգային Ազատ Հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլին:

Միւս կողմէ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաա զարմանք յայտնեց ժողովուրդին ձայնը տակաւին չլսող քաղաքական կողմերուն հանդէպ ըսելով, որ կարծես անոնք կը գտնուին այլ մոլորակի մը վրայ: Ժաաժաա մտահոգութիւն յայտնեց, որ եթէ պետութիւնը տակաւին յամառի եւ ուշանայ արագ քայլեր առնելու երկիրը կրնայ գահավիժիլ անդունդն ի վար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին