Հինգշաբթի, 12. 03. 2026

spot_img

Նոր Կառավարութիւն Կազմելու Շուրջ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին. Հարիրի

Վարչապետ նշանակելու եւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին ըսաւ Հարիրի Պաապտայի ապարանքին մէջ տեսակցութիւն մը ունենալէ ետք նախագահ Միշէլ Աունի հետ:

«Ես այցելեցի հանրապետութեան նախագահին միասնաբար քննարկելու նոր կառավարութիւն մը կազմելու կազմելու հնարաւորութիւնները բոլոր կողմերուն հետ խորհրդակցաբար» ամփոփ կերպով իր այցելութեան նպատակին մասին յայտնելով թղթակիցներուն, որոնց հարցումներուն ան չպատասխանեց:

Նախագահական պալատէն յայտնեցին, որ նախագահը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ շուտով նշանակելու համար երեսփոխանական խորհրդակցութեանց թուական մը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին