Կը պատմեն, որ մարդ մը, օրին մէկը հիւանդանոց կը հասնի եւ դէպի ընդունարանը յառաջանալով կ՛ուզէ աչք-ականջի բժիշկը տեսնել:
Ընդունարանի պատասխանատուն կը փորձէ մարդուն հասկցնել, որ աչք-ականջը մէկ մասնագիտութիւն չէ, հետեւաբար պէտք է ճշդէ թէ ինք, ո՞ր մէկը կ՛ուզէ եւ կամ իւրաքանչիւրին տարբեր ժամադրութիւններով դիմէ:
Մարդը կը պնդէ. «ես աչք-ականջի բժիշկը կ՛ուզեմ»: Ընդունող օրիորդը կը փորձէ համբերութեամբ տակաւին բացատրել, թէ նման մասնագէտ չկայ: Անկարելի կ՛ըլլայ համոզել: Մարդը պնդելով կը պնդէ, թէ իր ուզածը «աչք-ականջ»ի բժիշկն է:
Հիւանդապահուհի մը կը զուգադիպի, որ այնտեղէն կ՛անցի: Կը փորձէ մեր մարդուն խելքին համեմատ առնել եւ կը սկսի հարց տալ, թէ պարոնը ճիշդ ի՞նչ կը զգայ: Ա՞չքն է, որ չի տեսներ, թէ լսողութեան դժուարութիւններ ունի, թէ ի՞նչ…:
Մարդը ճարահատ ու բարկացած կը բացատրէ. «Ճանըս իմ խնդիրը հետեւեալն է»: Ու կը շարունակէ. «Ես միեւնոյն հարցին մասին բան մը կը տեսնեմ, այլ բան կը լսեմ եւ բոլորովին ուրիշ բան կը կարդամ» կը բացատրէ մեր մարդը: «Հետեւաբար պէտք է անպայման աչք-ականջի բժիշկը տեսնեմ» կ՛եզրափակէ ան:
Հիւանդապահուհին մեծահոգութեամբ մարդուն ուսը կը բռնէ ու կ՛ըսէ: «Հասկցայ ձեզի պարոն: Այն բանը, որ կը զգաս իւրայատուկ չէ եւ դուն միակը չես: Այս խնդիրը բնատիպ (typical) է եւ համատարած երեւոյթ է մեր ապրած տարածաշրջանին մէջ: Բոլորս նոյն բանը կը զգանք: Այս քրոնիկ իրավիճակը դարման չունի: Բժիշկը պիտի չգտնես: Պիտի համակերպիս ասոր: Ճարը չկայ»:
Դարձեալ անմեղ դրուագ մըն է սիրելի ընթերցող, որ պատահաբար լսեցի եւ անմիջապէս գրի առնելով ուզեցի քեզի հետ կիսուիլ: Յանկարծ չքաղաքականացնես:
Բարի լոյս:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






