Կիրակի, 08. 03. 2026

spot_img

Լիբանանեան Բանակը Գլխաւոր Ճամբաները Բացաւ. Յեղափոխականները Իրենց Բողոքի Ձեւին Մէջ Փոփոխութիւն Մտցուցին. Պաշարել Փտածութեան «Խորհրդանիշերը»

Լիբանանեան բանակի միաւորներ երէկ առաւօտ ուժ բանեցնելով բացաւ փակուած մայրուղիները այնտեղէն հեռացնելով ճամբաները իրենց մարմնով եւ ինքնաշարժներով փակ պահող քաղաքացիները: Հակառակ, որ լուրջ ընդդիմութիւն մը չեղաւ բողոքարարներուն կողմէ, սակայն արձանագրուեցան ձերբակալումներ: Բացուեցան Ռինկի, Ժալ էլ Տիպի, եւ Զուքի մայրուղիները որտեղէն վերցուեցան ամէն տեսակի ցուցարարական երեւոյթ ինչպէս վրաններ եւ բեմեր:

Յեղափոխականները աւելի ուշ յայտարարութիւն տարածեցին, որ այսօրուընէ  սկսեալ իրենց շարժումին միջոցը փոխելով պիտի սկսին պաշարել, ըստ իրենց երկրին փտածութեան «խորհրդանիշերը» հանդիսացող վայրեր եւ կեդրոններ: Այս ծիրէն ներս երէկ ցուցարարներ հասն Զէյթունա պէյ երգելով «զէյթունան մերն է» նկատի ունենալով, որ ան կառուցուած է հանրային սեփականութիւն եղող ծովափին: 

Տեղւոյն ոստիկանութիւնը խափանեց անոնց աւելի եւս յառաջխաղացքը, սակայն ցուցարարները իրենց իրաւունքը պահանջեցին գտնուելու հանրային սեփականութիւն եղող վայրեր իրենց ցոյցը կատարելու:

Այսօր կը նախատեսուի, որ ցուցարարները պաշարէն Պէյրութի Արդարադատութեան նախարարութիւնն ու դատարանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին