Երէկ երեկոյեան մեծ տարողութեամբ հաւաքներ տեղի ունեցան, վերջին 18 օրերու հաւաքավայր հանդիսացած երկրին բոլոր տարածքներուն վրայ գտնուող հրապարակներուն վրայ:
Հաւաքներուն զուգահեռ կատարուեցան գլխաւոր մայրուղիներու փակում, որպէս բողոք իշխանութեան դանդաղ քայլերուն ժողովուրդին պահանջները կատարելու ճամբուն վրայ:
Այս հաւաքները յատկանշուեցան յետագայ քայլերու ծանրակշիռ որոշումներով, որն է երկիրը ամբողջութեամբ անդամալուծել մինչեւ այն ատեն, որ իշխանութիւնը ժամանակ կը կորսնցնէ նոր կառավարութիւն կազմելու գործընթացին մէջ:
Անցնող շաբաթներուն փակուած ու վերջին օրերուն միայն բացուած բոլոր ճամբաները դարձեալ փակուեցան, հակառակ Լիբանանեան բանակի ճիգերուն անոնք բաց պահելու: Բանակը բռնի միջոցներու չդիմեց իր կամքը պարտադրելու:
Այսօր դարձեալ դպրոցներու մեծ մասը փակ պիտի մնայ: Դրամատուներու պարագային ալ անոնց տնօրէնութիւնը ազատ ձգուեցաւ ըստ շրջանի ապահովութեան իր մասնաճիւղը բանալու կամ փակ պահելու որոշումին մէջ:
Դարձեալ դժուար շաբաթ մը ընթացք կ՛առնէ, որուն ընթացքին կ՛ակնկալուի, որ նախագահը արագ կերպով խորհրդակցութիւններ կատարէ նշանակելու վարչապետը, որպէսզի կազմուի կառավարութիւնը, որ ըստ ժողովուրդին պէտք է անկախ ըլլլայ եւ քաղաքական ճնշումներէ հեռու արհեստավարժներէ կազմուած խումբ մը ըլլայ, որ անցումային շրջանով մը տնտեսական բարեկարգումներ յաջողեցնէ ու նախապատրաստէ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ:






