Շաբաթավերջին Պաղտատի մէջ տակաւին ընթացող բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ինկան շատ շուրջ 100 զոհեր: Անկարգութիւններու վերածուած ցոյցերը հակակշռելու համար, ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ ուժ բանեցուցած է:
Նշենք, որ անցեալ ամիս նոյնպէս անկարգութիւններու պատճառով ոստիկանութեան միջամտութիւնը արժած էր 250 անձերու կեանքը: Վիրաւորներուն թիւը անցած էր 5000:
Յիշեցնենք, որ 1 Հոկտեմբեր 2019էն ի վեր Իրաքի շարք մը քաղաքներու մէջ ընթացք առած են հակակառավարական ցոյցեր: Ցուցարարներուն պահանջները վատ կենսապայմաններուն կը վերաբերին: Ժողովուրդը նաեւ ընդվզած երկրին մէջ տիրող փտածութենէն:
Խաղաղ հաւաքներով սկսած ցոյցերը սակայն շուտով վերածուեցան անկարգութիւններու, որ հակառակ կառավարութեան ներկայացուցած բարենորոգումներու խոստումներուն, տակաւին կը շարունակուին արիւնոտ տեսք ստացած:






