Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Արիւնոտ Շաբաթավերջ Պաղտատի Մէջ

Շաբաթավերջին Պաղտատի մէջ տակաւին ընթացող բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ինկան  շատ շուրջ 100 զոհեր: Անկարգութիւններու վերածուած ցոյցերը հակակշռելու համար, ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ ուժ բանեցուցած է:

Նշենք, որ անցեալ ամիս նոյնպէս անկարգութիւններու պատճառով ոստիկանութեան միջամտութիւնը արժած էր 250 անձերու կեանքը: Վիրաւորներուն թիւը անցած էր 5000:

Յիշեցնենք, որ 1 Հոկտեմբեր 2019էն ի վեր Իրաքի շարք մը քաղաքներու մէջ ընթացք առած են հակակառավարական ցոյցեր: Ցուցարարներուն պահանջները վատ կենսապայմաններուն կը վերաբերին: Ժողովուրդը նաեւ ընդվզած երկրին մէջ տիրող փտածութենէն:

Խաղաղ հաւաքներով սկսած ցոյցերը սակայն շուտով վերածուեցան անկարգութիւններու, որ հակառակ կառավարութեան ներկայացուցած բարենորոգումներու խոստումներուն, տակաւին կը շարունակուին արիւնոտ տեսք ստացած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին