Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Աուն Խօսք Առաւ Ազգային Ազատ Հոսանքի Հաւաքին Ընթացքին

Կենդանի հեռասփռումի միջոցաւ նախագահ Միշէլ Աուն երէկ խօսք մը արտասանեց իրեն զօրակցութիւն յայտնող Ազգային Ազատ հոսանքի կազմակերպած հաւաքին մասնակիցներուն առջեւ:

Աունի խօսքը խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ այնտեղ Պաապտայի ապարանքի մայրուղիին վրայ հաւաքուած ժողովուրդին կողմէ:  Աուն յաղթանակի նշանով յայտնուեցաւ եւ բարեփոխումներու հետ կապուած իր խօսքերը կրկնեց, հաստատելով, որ ինք բոլորին կողքին է եւ այլ հրապարակներու վրայ ընդվզում յայտնող ժողովուրդին պահանջները իր ալ պահանջներն են:

Աունին խօսքին յաջորդեց Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլի խօսքը, որուն բովանդակութիւնը այնքան ալ տարբեր չէր ընդվզումի շարժումին սկիզբը իր յայտարարածներէն, որուն մէջ ան շեշտեց, որ ինք միշտ բարեփոխումներու ծրագիրներու քաջալերողը եղած է, սակայն եղած են կողմեր, որոնք իրեն խանգարած են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին