Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Կիրակնօրեայ «Ճնշումի Հաւաք»

Երէկ երեկոյեան մեծ տարողութեամբ հաւաքներ տեղի ունեցան, վերջին 18 օրերու հաւաքավայր հանդիսացած երկրին բոլոր տարածքներուն վրայ գտնուող հրապարակներուն վրայ:

Հաւաքներուն զուգահեռ կատարուեցան գլխաւոր մայրուղիներու փակում, որպէս բողոք իշխանութեան դանդաղ քայլերուն ժողովուրդին պահանջները կատարելու ճամբուն վրայ:

Այս հաւաքները յատկանշուեցան յետագայ քայլերու ծանրակշիռ որոշումներով, որն է երկիրը ամբողջութեամբ անդամալուծել մինչեւ այն ատեն, որ իշխանութիւնը ժամանակ կը կորսնցնէ նոր կառավարութիւն կազմելու գործընթացին մէջ:

Անցնող շաբաթներուն փակուած ու վերջին օրերուն միայն բացուած բոլոր ճամբաները դարձեալ փակուեցան, հակառակ Լիբանանեան բանակի ճիգերուն անոնք բաց պահելու: Բանակը բռնի միջոցներու չդիմեց իր կամքը պարտադրելու:

Այսօր դարձեալ դպրոցներու մեծ մասը փակ պիտի մնայ: Դրամատուներու պարագային ալ անոնց տնօրէնութիւնը ազատ ձգուեցաւ ըստ շրջանի ապահովութեան  իր մասնաճիւղը բանալու կամ փակ պահելու որոշումին մէջ:

Դարձեալ դժուար շաբաթ մը ընթացք կ՛առնէ, որուն ընթացքին կ՛ակնկալուի, որ նախագահը արագ կերպով խորհրդակցութիւններ կատարէ նշանակելու վարչապետը, որպէսզի կազմուի կառավարութիւնը, որ ըստ ժողովուրդին պէտք է անկախ ըլլլայ եւ քաղաքական ճնշումներէ հեռու արհեստավարժներէ կազմուած խումբ մը ըլլայ, որ անցումային շրջանով մը տնտեսական բարեկարգումներ յաջողեցնէ ու նախապատրաստէ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին