Կենդանի հեռասփռումի միջոցաւ նախագահ Միշէլ Աուն երէկ խօսք մը արտասանեց իրեն զօրակցութիւն յայտնող Ազգային Ազատ հոսանքի կազմակերպած հաւաքին մասնակիցներուն առջեւ:
Աունի խօսքը խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ այնտեղ Պաապտայի ապարանքի մայրուղիին վրայ հաւաքուած ժողովուրդին կողմէ: Աուն յաղթանակի նշանով յայտնուեցաւ եւ բարեփոխումներու հետ կապուած իր խօսքերը կրկնեց, հաստատելով, որ ինք բոլորին կողքին է եւ այլ հրապարակներու վրայ ընդվզում յայտնող ժողովուրդին պահանջները իր ալ պահանջներն են:
Աունին խօսքին յաջորդեց Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլի խօսքը, որուն բովանդակութիւնը այնքան ալ տարբեր չէր ընդվզումի շարժումին սկիզբը իր յայտարարածներէն, որուն մէջ ան շեշտեց, որ ինք միշտ բարեփոխումներու ծրագիրներու քաջալերողը եղած է, սակայն եղած են կողմեր, որոնք իրեն խանգարած են:






