Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Ցուցարարները Դարձեալ Փողոցները Գրաւեցին Աունի Արտասանած Խօսքէն Ետք

Ցուցարարները դարձեալ փողոցները իջան ու ճամբաները փակեցին նախագահ Աունի խօսքէն ետք:

Բոլոր կարեւոր ճամբաները Լիբանանի հիւսիսէն հարաւ փակուեցան մեծ թիւով բողոքարարներու կողմէ, որոնք յուսախաբ էին նախագահին խօսքէն:  Ճամբաները փակուեցան այրող անիւներով:

Նախագահ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:30ին, իր պաշտօնավարութեան երրորդ տարեդարձին առիթով խօսքով մը հանդէս եկաւ ուղղուած լիբանանցիներուն: Հակառակ անոր, որ նախագահը փորձեց ցուցարարները գոհացնող արտայայտութիւններով հանդէս գալ, սակայն բողոքարար ժողովուրդը  նախագահին խօսքին բովանդակութիւնը շատ ընդհանրական նկատեցին, բան մը, որ իրենց ակնկալութիւններուն համեմատ չէր: 

Բանակը ինչպէս, որ առաւօտուն ըրած էր, խաղաղ միջոցներով դարձեալ գիշերուայ մինչեւ ուշ ժամերը փորձեց փակուած ճամբաները խաղաղ կերպով վերստին բանալ, կարգ մը տեղեր յաջողելով իսկ այլ տեղեր հանդիպելով ճամբան փակ պահելու ժողովուրդին վճռականութեան:

Նախագահին կը մնայ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ձեռնարկել սահմանադրութեամբ ճշդուած երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները, որպէսզի յստականայ վարչապետի անունը, որ իր կարգին պէտք է կազմէ կառավարութիւն մը, որ պէտք է վայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին