Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տեսանկիւն. Գերմանիոյ Կայսրը, Լիբանանցի Գիւղացին ու Էշը

Կը պատմուի թէ, Գերմանիոյ Կայսրն ու իր կողակիցը կ՛այցելէն Պէյրութ: Ամբողջ քաղաքը տեղւոյն Ուալիին (կառավարիչ) առաջնորդութեամբ զիրենք դիմաւորելու դուրս կու գայ տօնական մթնոլորտի մէջ:

Քաղաքին մէջ շրջագայելու ընթացքին Կայսրին կողակիցը ճերմակ շատ սիրուն էշ մը կը տեսնէ, եւ ամուսինին կը յայտնէ, որ կ՛ուզէ այդ էշը իրենց հետ Գերմանիա տանիլ: Այս փափաքը կ՛իմացնեն Ուալիին, որ ամէն ջանք կ՛ընէ գտնելու այդ ճերմակ իշուն տէրը, որ գիւղացի մը կ՛ելլէ:

Ուալին գիւղացիէն կը խնդրէ, որ էշը իրեն տայ, որպէսզի կարելի ըլլայ նուիրել Կայսրուհիին: Գիւղացին կտրականապէս կը մերժէ: Ուալին բարձր գումար կ՛առաջարկէ: Գիւղացին դարձեալ կը մերժէ ու կ՛ըսէ. «Վսեմաշուք Ուալի, էշը չեմ տար, սակայն 6 հատ ազնուածին արաբական նժոյգ ունիմ, որոնք սիրով կը նուիրեմ Կայսրուհիին»: Ուալին շփոթած, պատճառը կը հարցնէ գիւղացիին յամառութեան: Գիւղացին կը պատասխանէ. «Եթէ մնեք այդ էշը նուիրենք Կայսրուհիին, անոնք իրենց հետ զայն Գերմանիա պիտի տանին: Աշխարհի ամբողջ թերթերը այդ իշուն մասին պիտի գրեն եւ յայտնի պիտի դառնայ, որ Կայսրն ու Կայսրուհին զայն իրենց հետ Պէյրութէն տարած են: Շատեր պիտի մտածեն, որ Պէյութի մէջ էշէն բացի բան չէ՞ հաւնած կայսրուհին: Ուրիշներ պիտի ծաղրեն մեզի»: «Ճիշդ այս պատճառով է, որ չեմ ուզէր էշս տալ» կ՛եզրակացնէ գիւղացին:

Ուալին ստիպուած գիւղացիին պատասխանը կը տանի Կայսրին ու իր կողակիցին: Կայսրը չափազանց կը հաւնի գիւղացիին .պատասխանը ու չորս կողմիններուն դառնալով կ՛ըսէ. «Լաւ լսեցէ՛ք: Մարդիկ կան, որոնք իրենց երկրին վարկին վրայ կը վախնան ու չեն ուզէր զայն իշու մի արժէքին հաւասարեցնել: Մինչ կան «էշեր», որոնք իրենց երկիրն ու անոր ժողովուրդը ընդամէնը քանի մը արծաթի կը ծախէն»…:

Բարի օր սիրելի ընթերցող: Քեզի հետ կիսածս այսօր, ընդամէնը անմեղ դրուագ մըն է: Եթէ յանկարծ քաղաքականացնես, մեղաւորը ես չեմ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին