Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Ճամբաները Փակ Պահելու Ու Բանալու Ժողովուրդ-Պետութիւն «Ըմբշամարտ»

Ժողովրդային ընդվզումի 12րդ օրը յատկանշուեցաւ ժողովուրդին կողմէ հաստատակամ մէկ որոշումով, որն է ընդհանուր գործադուլ յայտարարել եւ մայրուղիները փակ պահել:

Իշխանութեան որոշումը ճամբաները անպայման բանալու ընդվզած ժողովուրդին համար ազդանշան էր, որ կարելի չէ այդ քարթը ձեռքէ փախցնել, որովհետեւ ճամբաներու բացումով եթէ երկրին կեանքը բնականոն ընթացք ստանայ ցուցարարներու թիւը զգալիօրէն պիտի նուազի իւրաքանչիւրը իր գործին կամ ուսումնառութեան երթալով, բան մը, որ չափազանց պիտի տկարացնէ կառավարութեան վրայ ճնշումը:

Այս պատճառով ժողովրդային խումբեր երկրին ամէն տարածքին առաւօտեան շատ կանուխ ժամերէն ճամբաները վերածեցին իրենց ննջարաններն ու նստավայրերը վրաններու եւ նստարաններու զետեղումով: Մայրուղիներուն վրայ եղան կէտեր ուր ժողովուրդը իր ինքնաշարժները կանգնեցուց ամբողջութեամբ փակելով զանոնք, որպէսզի անհնար ըլլայ բանակին ճամբաները բանալ:

Արդարեւ բանակային ուժեր մեծ դժուարութեան հանդիպեցան իշխանութեան որոշումը գործադրելու: Այսպիսով շաբթուայ առաջին օրը դարձեալ սկսաւ ամբողջական անդամալուծութեամբ մինչ արդէն իսկ դպրոցները, համալսարաններն ու դրամատուները փակ շարունակեցին մնալ:

Եղանակին աննպաստութիւնը որոշ ժամեր խանգարեց մեծ թիւով ցուցարարներու ներկայութիւնը սակայն երեկոյեան աւելի ուշ ժամերուն հրապարակներն ու ճամբաները դարձան լեցուեցան ցուցարարներով, որոնք իրենց յայտարարութիւններով անզիջում մնացին իրենց պահանջներուն մէջ:

Իշխանութիւնները ելքեր փնտռելով իրենց աշխատանքին մէջ ունին նաեւ ժամանակի խնդրին վրայ գրաւ դնելու տարբերակը, որ անշուշտ ժողովուրդին ի նպաստ չէ, սակայն 12րդ օրուայ դրութեամբ երէկ ցուցարար ժողովուրդը յոգնութեան լուրջ նշաններ ցոյց չտուաւ:

Այսօրուայ համար աւելի խիստ աշխատանքի նշոյլներ կան իշխանութեան կողմէ ճամբաները ամէն գնով բանալու հակառակ այն իրողութեան, որ բանակը ի պատիւ իրեն ազնիւ եւ մեղմ կը վարուի ճամբաները փակող ժողովուրդին հետ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին