Հինգշաբթի, 19. 02. 2026

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Թագուհի Շահնազարեան

Թագուհի Շահնազարեան (Թագուհի Շահնազարեան-Զարեան, հոկտեմբերի 28, 1887, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն – յունիսի 10, 1962, Հռոմ, Իտալիայ), հայ դաշնակահարուհի։

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս: Տեղւոյն «Հայրենիք» օրաթերթի հիմնադիր, մտաւորական եւ հանրային գործիչ Յովհաննէս Շահնազարի եղբօր ընտանիքին մէջ։ Ուսանած է Վենետիկի Պենետէդդոյ Մարչելլոյ երաժշտանոցին մէջ։ Վենետիկ երթալու իր ճամբուն վրայ «Մոնտենեկրօ» նաւին մէջ ծանօթացեր է Կոստան Զարեանին հետ, եւ անոնք ամուսնացեր են։ Վերադառնալով Կ. Պոլիս՝ դասաւանդած  է ամերիկեան քոլեճին մէջ, հանդէս եկած է համերգներով։ 1916-1921 բնակած է Իտալիա:

1922ին ընտանիքի հետ հաստատուած է Հայաստան: Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ դասաւանդած է դաշնամուր  եւ երաժշտութեան տեսութիւն։

Հանդէս  եկած է նաեւ մենահամերգներով։ 1924ին վերադարձած է Եւրոպա, ունեցած է համերգներ։ Կեանքի վերջին տարիներուն Թագուհին  մանրամասն գրի առած է Զարեանի եւ իր համատեղ կեանքի հանգամանալից պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ գրողի կեանքի 1930էն ետք ինկած ժամանակի դէպքերուն ու իրադարձութիւններուն։ 1936ին հաստատուած է Հռոմ, ուր մահացած է1962ի յունիսին 10-ին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին