Այսօր կը թեւակոխենք Լիբանանի ժողովրդային ընդվզումին 12րդ օրը: Հակառակ իշխանութեան որոշ զիջումներու փորձերուն, ըստ երեւոյթին անոնք տակաւին լաւ չեն ըմբռնած ժողովուրդի ընդվզումին խորքն ու տարողութիւնը: Այս իրավիճակը պատկերաւոր ասացուածք մը ունի արաբերէն լեզուին մէջ, որ կ՛ըսէ.- «Ժողովուրդը մէկ ձորի մէջ է. իշխանութիւնը՝ ուրիշ ձորի»:
Իշխանութեան մօտ սպառած է ժողովուրդին վստահութիւնը շահելու կամ անոնց փողոցներէն ու հրապարակներէն դուրս բերել համոզելու ամէն կարելիութիւն եւ խաղ, որուն մէջ օգտագործուած են ամէն տեսակի հոգեբանական տեսութիւններ: Ժամանակի վրայ գրաւ դնելու հին ու նոր ձեւն ալ ժամանակը փաստեց, որ ազդեցութիւն չունի ալ կորսնցնելիք չունեցող ժողովուրդի մը համար, որոնք ի տես այս փորձերուն եւ ամէն մէկ պաշտօնական յայտարարութենէ կամ զիրենք ճնշելու փորձէ ետք շատ աւելի ուժգին հակազդեցութիւն ըրին աւելի եւս ամրապնդելով իրենց շարքերն ու միակամութիւնը:
Երէկ, Կիրակի օր կազմակերպուած Լիբանանի ամբողջ երկայնքին՝ հիւսիսէն հարաւ մարդկային շղթայ մը կազմելու խորհրդանշական շարժումը, որ բողոքարար ժողովուրդը յաջողցուց, շատ կարեւոր ցոյց մըն էր, հաչս իշխանութեան, որ ըստ երեւոյթին անոր միջոցաւ դարձեալ իրեն ուղղուած «նամակ»ն ալ չհասկցաւ կամ լուրջի չառաւ:
Իշխանութիւնը այսօր պիտի փորձէ ամէն գնով ճամբաները բանալ, որուն լուրին ի տես ժողովուրդը ամէն տեսակի նախազգուշութեան քայլ առաւ իր ընդվզումին ամէն կարեւոր զէնքերէն մին՝ ճամբաները փակելը, իր ձեռքին մէջ պահելու համար: Իշխանութիւնը գիտէ, որ ճամբաներուն բացումը բաւականին պիտի թեթեւցնէ իր ուսին բեռը եւ ցոյցերու ազդեցութիւնը նուազագոյնի իջեցնէ: Ժողովուրդը հասկցած է այս խաղը: Ուժերու հաւասարութեամբ բռնցքամարտ մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ, որուն աւելի եւս շարունակութիւնը ճիշդ է, որ կրնայ յոգնեցնել ժողովուրդը,՛ սակայն հաստատ է, որ աւելի եւս պիտի վարկաբեկէ իշխանութիւնը:
Կը մնայ խուսափիլ արիւնահեղութենէ, որուն մասին լաւ կը գիտակցի լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնն ու ներքին գործոց նախարարութիւնը, որոնք ամենայն զգուշութեամբ կը վարուին եւ միշտ չէ, որ բառացիօրէն կը գործադրեն քաղաքական իշխանութեան հրահանգները, որոնք շատ յաճախ կամայական ու անհեռատես կը թուին ըլլալ: Քաղաքական իշխանութիւնը այսօր կը դիմէ իրեն ենթակայ զինուորական մէկ այլ մասնաբաժնի, որն է պետական անվտանգութեան ջոկատները:
Օրը յղի է ամէն տեսակի հաւանականութիւններով եւ կը կարծեմ, որ ճակատագրական է բռնցքամարտի երկու կողմերուն ալ համար:
Դարձեալ գնդակը վարչապետին դաշտին մէջն է, որմէ կ՛ակնկալուի քաջ եւ ինքնազոհ վերաբերմունք առաջքը առնելու անվերականգնելի վտանգներու, որոնք երկիրը կրնան տանիլ այնպիսի տեղ, որմէ ետ դարձը շատ դժուար կրնայ ըլլալ:
Պատմական օրեր կ՛ապրինք:
Բարի եւ ապահով օր քեզի սիրելի ընթերցող:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






