Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Զգաստութեան եւ Սթափումի Կանչն է Հնչած

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ներկայ օրերուն, իւրաքանչիւր լիբանանցի, լիբանանեան հողին վրայ կամ աշխարհասփիւռ, սրտատրոփ կը հետեւի մեր Հայրենիքին մէջ արագօրէն զարգացող իրավիճակին:

Ոմանք կը պահեն իրենց լաւատեսութիւնը յուսալով հիմնական բարեփոխումներ երկրին վարչական կառոյցէն եւ տնտեսական անհաւասար գոյավիճակէն ներս: Սակայն կան շատեր, որոնք կը զարհուրին այս բողոքի շարժումէն բխելիք արդիւնքէն: Աներկբայօրէն կարելի է հաստատել ցաւալի այն իրողութիւնը թէ Լիբանանի մէջ, յատկապէս 15 տարուայ քաղաքացիական կործանարար պատերազմէն ի վեր, պետութեան վերնախաւը երկրին տնտեսութիւնը նկատած է իր սեփական եկամուտի աղբիւրը:

Մինչ միջին դասակարգը՝ որեւէ երկրի մը տնտեսութեան ողնասիւնը, կը հիւծէր գործազրկութենէ, հանրային ծառայութիւններու թերացումէ, առողջապահական մատչելի միջոցներու չգոյութենէ, ջուրի եւ ելեկտրականութեան անկանոն մատակարարումէ, հարուստները աւելի եւս կը հարստանային, փտածութիւնը քամիի արագութեամբ կը տարածուէր իրենց քլիքներէն ներս:

Աւելի աղետալի եւ երկրին պատուհաս ներկայացնող երեւոյթը՝ այս ագահ ու պետական դասին պատկանող հարուստ անձերը, ոչ մէկ նշանակելի ներդրում կը կատարէին երկրին մէջ: Լիբանանը կը կքէր պարտքերու տակ (վերջին վիճակագրութիւններու համաձայն, Լիբանան աշխարհի երրորդ ամէնէն ծանր պարտք ունեցող երկիրն է) եւ կառավարութիւնը կը դիմէր ամէնադիւրին եւ անարդար լուծումին, որն է՝ կրճատել հանրութեան ծառայութեան սպասարկութիւնները պիւտճէն, ներդրումներ չկատարել կենսական ծառայութիւններէ ներս, չբարելաւել ելեկտրականութեան եւ ջուրի սպասարկութեան պահանջները իսկ ամէնասարսափելին՝ նոր տուրքերով ծանրաբեռնել հասարակ քաղաքացին:

Յետադարձ ակնարկով մը կարելի է վկայել թէ տնտեսութեան երեք գլխաւոր սիւները. զբօսաշրջութիւն, թեթեւ ճարտարարուեստ եւ շինարարութիւն, կառավարութեան կողմէ արժանի ուշադրութեան չարժանացան:

Հետեւաբար զարմանալի չէ հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներու հանրային զայրոյթը: Վերջին տարիներուն, տնտեսական անհաւասարութիւնն ու պետական անձնաւորութիւններուն զեղծարարութիւնները քովնտի խօսակցութեանց առանցքը կը կազմէին: Հոկտեմբերի կիսուն, թարախը պայթեցաւ: Ժողովուրդը վերագտաւ իր ձայնը:

 Ճիշդ է թէ վարչաձեւին անկումով երկիրը կրնայ ինքզինք անդունդի եզրին գտնել եթէ մշակուած եւ ժողովուրդին կողմէ չվաւերացուած ծրագիր մը սեղանին վրայ չըլլալ:

Քաղաքական ակնառու դէմքեր, ինչպէս Հըզպալլայի պարագլուխ Նասրալլա եւ Տիւրզի համայնքի երկու յայտնի ղեկավարներէն մին՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ մերժեցին վարչակարգի անկումին պահանջքը: Անոնք առաջիններէն  էին նման դիրքորոշումի մը: Սակայն, մերժել վարչակարգի անկումին պահանջքը չի  նշանակեր թէ անոնք, յատկապէս Նասրալլան դէմ են ցուցարարներու միւս բոլոր պահանջներուն:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26ին ձեր հեռուստատեսիլը իր յայտարարութեան մէջ ցնծութեամբ արտայայտուեցաւ վարչապետին կողմէ մշակուած տնտեսական բարեկարգումներուն մասին, զանոնք վերագրելով բողոքի շարժումին յաղթանակը: Իբրեւ իրատես ղեկավար, ան զգուշացուց երկիրը այն տխուր անդրադարձներէն, որոնք կրնան պատահիլ վարչաձեւին տապալումին իբրեւ արդիւնք: Միւս կողմէ սակայն արդարամիտ Նասրալլային այն ակնարկութիւնը՝ թէ ցուցարարները ֆինանսաւորուած են շրջանային եւ միջազգային ուժերը կողմէ, պարզապէս պախարակելի է:

Աւելին, Հըզպալլայի պատկանող սեւազգեստ անդամները երբ քանի մը օրեր առաջ Պէյրութի կեդրոնին մէջ համախմբուած ցուցարարներուն դէմ դիմաց կեցան (շատերու կարծիքով զանոնք լռեցնելու համար), արդեօ՞ք լիազօրուած էին այդ ոտնձգութիւնը կատարելու: Չմոռնալ, որ Հըզպալլան շատ կարգապահ կէս զինուորական կազմակերպութիւն մըն է: Այս վտանգաւոր միջադէպէն անմիջապէս ետք. Հըզպալլայի ղեկավարը իր շարքերէն պահանջեց քաշուիլ ցուցարարներու ներկայութեան վայրերէն:

Մաղթենք, որ երկիրը կը վերստեղծէ ինքզինք, ինչպէս ցուցարարները կը պահանջեն՝ անօրէն կերպով հարստութիւն դիզած պետական անձիք արդարութեան կը կանչուին (ի միջի այլոց կեդրոնական դրամատան նախագահը) թեքնոքրաթ ուժեր ձեռք կ’առնեն երկիրը եւ Լիբանանը վերստին կը դառնայ Միջին Արեւելքի փայլող աստղը:

Հակապետական Ցոյց Նիւ Եորքի Մէջ Թիկունք Կանգնելով Լիբանանի Ցոյցերուն

Հիասթափ ըլլալու հոգեկան պատրաստութեամբ Շաբաթ երեկոյեան, Հոկտեմբեր 26ին, ուղղուեցայ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին դիմացը գտնուող փոքր հրապարակը: Քանի մը օր առաջ, Լիբանանցի երիտասարդ բարեկամներս զիս հրաւիրած էին մասնակցելու Հակա-պետական ցոյցի մը:

Յաճախ անցած եմ այդ հրապարակի մայթէն եւ միշտ ալ հանդիպած եմ ցուցարարներու, որոնք ողորմելի ներկայութեամբ անցորդներուն կը ջանան բացատրող իրենց բողոքի ցոյցին դրդապատճառները, անգլերէն լեզուի նման բարբառով մը:

 Հորիզոնին վրայ արեւը սկսած էր նահանջել եւ աշնանային հաճելի զեփիւռ մը կը դիմաւորէր զիս: Անձկագին կը մտածէի. Արդեօք գոնէ երկու տասնեակ մը անձեր պիտի գտնե՞մ հոն:

Վերջապէս, գեղեցիկ այս օդին, Նիւ Եորքը երիտասարդները հրապուրելու համար ունի բազմապիսի տուեալներ:

Վերջ մտահոգ հոգեվիճակիս: Ինչ փառահեղ տեսարան: Բազմահարիւր երիտասարդ – երիտասարդուհիներ մէկ կողմէ կը Ճոճէին Լիբանանի դրօշակը եւ միւս կողմէ հակա-կառավարութիւն բարձրաղաղակ լոզունգներ կ՛արձակէին բացօթեայ երգահանդէսի մը երեւոյթը տալով հաւաքին:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրին դիմագիծը զարդարուած էր վարակիչ ժպիտով: Երկարածաւալ Լիբանանեան դրօշակը իր շուրջ համախմբած էր ցուցարարները, որոնք «Յեղափոխութիւն-Յեղափոխութիւն» կը բացականչէին: Ակնյայտ էր անոնց հոգեկան ցաւը, ի տես Լիբանանի տագնապին: Սակայն բոլորն ալ միահամուռ ունէին այն կրանիթեայ հաւատքը թէ նոր արշալոյս մը պիտի բացուի: Երիտասարդ բարեկամներէս ոմանք բարձրագոյն տիտղոսներու արժանացած ամերիկեան ամէնէն յայտնի համալսարաններէ, պահելով իրենց լաւատեսութիւնը՝ դժգոհ էին, որ չեն կրնար իրենց յարմար պաշտօններ գտնել Լիբանանի մէջ, աւելցնելով թէ միայն ներկայ վարչակարգին փլուզումով ասպարէզը կը բացուի իրենց մասնագիտութիւնը կիրառելու Լիբանանի մէջ:

Միտքերու փոխանակումի ընթացքին, Լիբանանեան դրօշին շուրջ համախմբուած ցուցարարներուն շարքերը իր խտանային: Երիտասարդուհի մէջ, բարձրախօսը ձեռին հարց կու տար-

Մենք իսլամ ենք – Ո’Չ

Մենք Քրիստոնեայ ենք – Ո’Չ

Մենք Տիւրզի ենք – Ո’Չ

Ապա ցուցարարները միացնելու իրենց ձայնը «Մենք բոլորս Լիբանանցիներ ենք» կը յայտարարէին:

Ի՜նչ ոգեւորիչ երեւոյթ:

Անարդար պիտի ըլլայ այս երիտասարդ ցուցարարներուն բողոքի ելոյթը քաղաքական որեւէ դրդապատճառներու վերագրել:

Ընել այդ կը նշանակէ երկրին նահանջը յաւիտենականացնել:

Խուռներամ բազմութիւնը բարձր տրամադրութեամբ բողոքի իր ձայնը կը միացներ ովկիանոսին միւս կողմը գտնուող իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Բողոքի այս ալիքը ոչ մէկ սահման կը ճանչնայ:

«Կը պահանջենք վարչաձեւին անկումը» կը գոչէին միաբերան, աւելցնելով

«Բոլորը՝ այսինքն բոլորը» հաւանաբար կառավարութենէն հեռացումը ներկայ բոլոր ղեկավարներուն:

Եթէ քիչ մը իտէալիստական կը հնչէ այս բողոքը, թող ներուի Լիբանանը անկեղծօրէն սիրող  հայրենասէր ու մաքրասիրտ այս երիտասարդ –երիտասարդուհիներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին