Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

ՀԱՆՃԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ՍԷՐԸ. ՆԻՔՈԼՕ ՓԱԿԱՆԻՆԻ ԵՒ ԿՈՄՍՈՒՀԻ ՓՈԼԻՆԱ ՊՈՐԿԷԶԷ

   Իտալացի հռչակաւոր երաժշտահան, անկրկնելի ջութակահար, կիթառահար Նիքոլօ Փականինին ծնած է 27 Հոկտեմբեր, 1782թ., Իտալիա՝ Ճենովա: Ան իր ժամանակի ամենայայտնի, ամենատաղանդաւոր եւ առեղծուածային ջութակահարն էր, որ իր գործերով մարդոց սիրտերը կը յուզէր: 

   Վաղաժամ ծնունդ ըլլալով, Նիքոլօն բաւական հիւանդոտ էր: 

   Անգամ մը անոր մօրը հրեշտակ մը կ’այցելէ երազին մէջ եւ կը յայտնէ, թէ իր երկրորդ երեխան փայլուն ապագայ պիտի ունենայ: Անոր հայրը, որ պարզ վաճառական մըն էր, սակայն շատ կը սիրէր երաժշտութիւնը, լսելով կնոջ պատմածը, անսահման կ’ուրախանայ եւ վստահ կ’ըլլայ որ իր տղան աշխարհահռչակ երաժիշտ պէտք է դառնայ: Հաւատալով մարգարէական երազին, հայրը վեց տարեկան փոքրիկ Նիքոլոյին կը սորվեցնէ ջութակ նուագել, եւ առաջին իսկ դասերէն պարզ կ’ըլլայ որ պզտիկը բնածին փայլուն լսողութեամբ օժտուած է: Հետեւաբար ան կը ստիպէ անդադար պարապել՝ զրկելով անոր ամէն մանկական հետաքրքրութիւններէն եւ խաղերէն: Յաճախ դուռը կը կղպէ եւ չի ձգեր տղան դուրս ելլէ (զրկելով նոյնիսկ կտոր մը հացէն)՝ մինչեւ որ ինք գոհ ըլլայ անոր նուագէն: Նիքոլօն ստիպուած կ’ըլլայ ժամեր շարունակ՝ առանց դադարի գործիքը նուագել, ինչի արդիւնքին ձեռք կը բերէ «փայտացում» հիւանդութիւնը:

   Օր մը, ան ծայրայեղ վիճակի մէջ կ’իյնայ եւ կը մարի: Բժիշկները մահ կ’արձանագրեն, եւ երբ ծնողքը կը պատրաստուի թաղել անոր, հրաշք կը կատարուի. փոքրիկը կ’արթննայ եւ դագաղին մէջ կը նստի: 

   Երեխայի առողջանալէն վերջ, հայրը դարձեալ անոր կը յանձնէ ջութակը: Եօթը տարեկանին փոքրիկ Նիքոլօն հիանալի կը տիրապետէ ջութակին, իսկ արդէն ութ տարեկանին տեղի կ’ունենայ անոր առաջին համերգը՝ Փարմայի մէջ: 

   Դեռեւս պզտիկ տարիքին ան արդէն ջութակի համար շարք մը ստեղծագործութիւններ կը յօրինէ (որոնք, դժբախտաբար, չեն պահպանուած), եւ 11 տարեկանին տուած համերգի ընթացքին՝ այլ հանրայայտ ստեղծագործութիւններու հետ, Նիքոլօն կը նուագէ նաեւ իր առաջին հեղինակային գործերը: Շուտով անոր անունը հանրայայտ կը դառնայ: Եւրոպացի շատ ջութակահարներ կու գան անոր հետ մրցելու, բայց Փականինին անգերազանցելի կը մնայ: Ան ոչ միայն ջութակ հրաշալի կը նըուագէր, այլեւ՝ կիթառ: Հայրը գիտակցելով որ արդէն կրնայ լաւ գումար վաստկել զաւակի տաղանդին շնորհիւ, երաժշտական առաջին շրջագայութիւնը կը կազմակերպէ Հիւսիսային Իտալիոյ տարածքին՝ Փիզա, Ֆլորենցիա, Պոլոնիա, Միլան եւ Լիվորնօ:    

   Ջութակահարի առաջին բեկումնային համերգը տեղի կ’ունենայ 1813թ., Միլանի Լա Սքալա օփերային թատրոնին մէջ, որ հսկայական յաջողութիւն կը բերէ անոր: 

   Փականինիի փառքը Եւրոպայի սահմաններէն  ներս կը տարածուի, երբ 1828-ին ան Վիեննայէն կը սկսի իր համերգային շրջագայութիւնը՝ շարունակելով Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Լեհաստանի եւ Պոհէմայի (ներկայիս՝ Չեխիա) խոշոր քաղաքներու մէջ: Փականինին ցնցող յաջողութիւն կ’ունենայ բոլոր այն երկիրներու մէջ, ուր համերգ կու տայ եւ համերգի տոմսակները մեծ գումարներ կ’արժենան: Անոր համերգներն այնքան պահանջուած կ’ըլլան որ այդ շրջագայութիւնը իր աւարտին կը հասնի տասը տարի անց միայն: Ջութակահարը խոշոր կարողութիւն ձեռք ձգելով՝ «պարոն»-ի տիտղոս կը գնէ:

   Փականինիի՝ ջութակի համար գրած ստեղծագործութիւններն աշխարհի ամենադժուար երաժշտական գործերէն են, որոնք շատ յաճախ նուագել չեն կրնար նոյնիսկ ամենատաղանդաւոր երաժիշտները: Սակայն Նիքոլօն ատոնք զարմանալի թեթեւութեամբ կը նուագէր: Իսկ անոր 24 տատանումները (կապրիսները) մինչեւ այսօր կը համարուին այն բարձունքը, որ նուագել կ’երազեն վիրթուոզ-ջութակահարները: Մարդոց մէկ մասը վստահ էր, թէ ան գործարքի մէջ է սատանային հետ, ուրիշներ անոր հրեշտակ կը համարէին. սովորական մահկանացուները չեն կրնար այդքան տաղանդաւոր ըլլալ, վստահ էին անոնք: Պատահած է որ անոր համերգի ընթացքին ունկնդիրներէն ոմանք ուշակորույս ինկած են:  

   Սակայն, Փականինիով հիանալէն աւելի՝ շատեր կը չարախօսէին եւ կը նախանձէին անոր: Անգամ մը, համերգէն առաջ, չարակամներ կը թուլցնեն անոր ջութակի լարերը, եւ համերգի ժամանակ ատոնք կը կտրուին: Փականինիին ատիկա բոլորովին արգելք չի հանդիսանար՝ ան հանդարտօրէն կը շարունակէ նուագել մէկ լարի վրայ, իսկ հանդիսատեսը զարմանքէն կը քարանայ: Տաղանդաւոր երաժիշտին համար մէկ լարն անգամ բաւարար էր գլուխգործոցներ նուագելու համար: Անոր ձեռքերու մէջ մէկ ջութակը ամբողջ նուագախումբի կը փոխարինէր:

   Ի դէպ, Փականինին զարմանալի ցրուած ու մոռացկոտ անձ մըն էր: Անիկա նոյնիսկ չէր յիշեր ո՞ր թուին ծնած էր ինք, եւ կ’ըսէր, թէ իր յիշողութիւնը ոչ թէ իր գլուխին, այլ մատներուն մէջ է, երբ ջութակը կը բռնէ:    Փականինին կը մահանայ 57 տարեկանին՝ 27 Մայիս, 1840-ին, Նիցցայի (Նիս) մէջ: Մահէն քանի մը օր առաջ անոր քահանայ մը կ’այցելէ, սակայն Փականինին չի կըրնար խոստովանիլ իր մեղքերը (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ այդ ժամանակ երաժիշտը զրկուած էր խօսելու կարողութենէն, իսկ ըստ ուրիշներու՝ Նիքոլօն քահանային ըսած էր, թէ տակաւին կանուխ է այդ ծէսը կատարելը): Եկեղեցականները, որ հերետիկոս հռչակած էին Նիքոլօն, կ’արգիլեն անոր մարմինը թաղել որեւէ քրիստոնեայ երկիրի մը մէջ: Փականինի աճիւնը աւելի քան տասը անգամ տեղէ-տեղ կը տեղափոխուի:Նիքոլոյին, նախ իր ընկերները,  գաղտնի կը թաղեն հայրական տունին մօտ: Եւ միայն 36 տարի անց՝ 1876թ., անոր աճիւնը հանգիստ կը գտնէ. իր որդւոյն՝ Աքքիլեսի ջանքերով, անոր մարմինը քրիս-

տոնէական ծէսի արարողութեամբ, հողին կը յանձնուի Փարմայի գերեզմանատունին մէջ: 1893-ին չեխ ջութակահար Ֆրանթիշէք Օնտրիցէք Փականինիի թոռ Աթիլլային կը համոզէ թոյլ տալ տեսնել Նիքոլոյին մարմինը: Այդ արտասովոր դէպքէն յետոյ՝ 1896թ., հանճարին աճիւնը վերջնականապէս կը վերայուղարկաւորուի Փարմայի նոր գերեզմանատունին մէջ, եւ կը վերականգնուի անոր մեծ փառքը, որ առ այսօր ոչ ոք գերազանցած է: Երկրորդ Փականինի տակաւին չէ ծնած աշխարհին վրայ: 

Փականինիի կեանքը անչափ հարուստ էր զարմանալի եւ միաժամանակ ողբերգական իրադարձութիւններով: Ան առասպել մըն էր դեռեւս իր ապրած օրերուն: Սակայն այսօր կ’ուզենք անդրադառնալ ոչ թէ հանճարեղ ջութակահարի գործունէութեան, այլ անոր մեծ սիրոյ պատմութեանը: 

                 

Սէր, որու մասին քիչ բան

յայտնի է… ջութակահարը իր սէրը գաղտնի կը պահէր սիրտին մէջ եւ մէկու մը չէր պատմեր այդ մասին. միայն քանի մը ականատեսներու եւ մտերիմ ընկերներու պատմածներէն ի յայտ եկած է Փոլինայի եւ Փականինիի սիրոյ պատմութիւնը:    Մեծարգոյ ջութակահարէն շատեր կը վախնային. կը սարսափէին, երբ բեմ կը բարձրանար նիհար, երկար ու բարակ մատներով այդ տաղանդաւոր երաժիշտը։ Անոր ձեռքերուն մէջ ջութակը եւ՛ կ’երգէր, եւ՛ կ’ոռնար, ինչպէս մարդը՝ հոգեկան տառապանքներու ժամանակ։

   Իր արտաքինին ու դիւրագրգիռ բնաւորութեան պատճառով շատեր կ’աշխատէին չմօտենալ իրեն: Այո՛, շատեր կը վախնային անկէ․ շատեր, բայց ո՛չ Փոլինա Պորկէզէն, որ ո՛չ մէկ բանէ եւ ո՛չ մէկէն կը վախնար։ Անիկա, անշուշտ, միակ կինը չէր, որ կը ձգտէր դէպի՝ «սատանան մարմինի մեջ» երաժիշտը… 

   Բայց, արդեօ՞ք բոլոր կանանց փոխադարձ զգացումով կը պատասխանէր հանճարեղ ջութակահարը, որ մեծ փառքին հետ նաեւ խաղամոլի եւ կնամոլի անուն շահած էր: Հոգեւորականները կը խօսէին անոր եւ չար ուժերու կապի մասին, իսկ կանայք կը խենթանային անոր երաժշտութեան համար։ Սակայն, տաղանդաւոր երաժիշտի ամենաբուռն կապը կնոջ մը հետ կ’ըլլայ, որ անտարբեր էր մաէսթրոյի երաժշտութեան հանդէպ։ Հռչակաւոր ջութակահարին սիրտը կը գերէ մէկ այլ հռչակաւոր անձնաւորութեան՝ կայսր Նափոլէոն Պոնափարթի գեղեցկուհի քոյրը….      Պայծառ, կրակոտ, կուրացնող գեղեցկութեան տէր այդ կինը նուաճած էր Եւրոպայի ամենաճանչցուած այր մարդոց սիրտերը: Անոր հանդէպ անտարբեր չմնաց նաեւ հանճարեղ ջութակահարը: 

   Գեղեցկուհին, որուն մարմինը անթերի եւ կատարեալ էր, գրեթէ ոչ մէկուն կը մերժէր. անոր՝ երկրի եւ Եւրոպայի ամենաանբարոյ կինը կը համարէին:  

   Վաղ տարիքէն Մարիա-Փաոլեթթան («ընտանեկան անունով»՝ Փոլինա) աչքի կ’իյնար դէպի այր մարդիկ ցուցաբերած իր արտակարգ սիրով։ Ճաշակելով մարմնական սէրը պզտիկ տարիքէն, անիկա չէր ալ փորձեր բարեպաշտ երեւնալ… կը սիրէր աղմկալից խրախճանքներ, զուարճանքներ: Փոլինային ամենեւին չէին հետաքրքեր տաղաչափութիւնը, գեղանկարչութիւնը, երաժշտութիւնը, ան լսել անգամ չէր ուզեր կրթութեան մասին եւ իր սիրեկաններուն կ’արգիլէր իրեն հետ իմաստուն բաներու մասին զրուցել: Սեւամորթ ծառաները Փոլինային ձեռքերու վրայ շալկած կը տանէին լողաւազան։ Ան այնքան համարձակ էր որ մերկացաւ քանդակագործ Քանովի առջեւ, եւ վերջինս հմայիչ բնորդուհիէն քանդակեց Վեներայի մերկ արձանը, որով հետագային հիացան բոլորը։ 

   Նափոլէոն, որ շատ կը փորձէր կարգի հրաւիրել իր անբարոյ քոյրը, կ’որոշէ ամուսնացնել անոր զօրավար Շարլ Լեգլէրգին հետ։ Վերջինս՝ անչափ հաւատարիմ ըլլալով Պոնափարթին, կայսեր հրամանով կ’ամուսնանար նոյնիսկ սատանային հետ։ Իսկ Փոլինան դրական կ’ընդունի այդ ամուսնութիւնը՝ ոչ մեծ խոչընդոտ մը համարելով իր յետագայ արկածներու համար։ Երբ Նափոլէոնը Լեգլէրգին Հնդկաստան կը ղրկէ, ամուսնոյն նոր աշխատավայրին մէջ ալ Փոլինան անվերջ կը սիրաբանէ անոր աշխատակիցներուն հետ։

   Փոլինայի եւ Շարլի ամուսնութիւնը 5 տարի կ’երկարի եւ կ’աւարտուի Լեգլէրգի մահով, իսկ 22-ամեայ այրին՝ առանց տխրելու, ուրախութեամբ կը վերադառնայ

Փարիզ։

   Յաջորդ տարին եղբայրը նոր փեսացու մը կը գտնէ՝ իշխան Քամիլլօ Պորկէզէ, որ շատ յարմար էր Փոլինայի համար. հարուստ էր եւ ազնիւ։ Լաւ գիտնալով Փոլինայի գէշ համբաւը, Պորկէզէն կը գոցէ աչքերը ատոր վրայ, քանի որ իրեն համար աւելի կարեւոր էր իր ապագայ յաջող գործնական ընթացքը՝ որ պիտի ապահովէր այդ ամուսնութիւնը կայսեր քրոջը հետ։ Սակայն, կարճ ժամանակ անց Պորկէզէն, այլեւս չհամակերպելով Փոլինայի ծայրայեղ անբարոյ կենցաղին հետ, խենթացած՝ անամօթ վարքէն, բաւական մեծ կարողութիւն տալով՝ կ’առաջարկէ իրարմէ զատ-զատ ապրիլ, եւ կնոջը ապրելու կը ղրկէ դղեակի մը մէջ՝ Թուրին: Ճիշդ այդ ժամանակ՝ 1806թ․շքեղ պալատի տիրուհին կը ծանօթանայ տարօրինակ եւ խորհրդաւոր՝ արդէն հանրայայտ Փականինիի հետ։ 

   Անոնք կը հանդիպին Փոլինայի քրոջը՝ Էլիզայի տունը, որու քով Նիքոլօն օրինական կ’աշխատէր։ (Յետագային Փականինին խոստովանած է որ Էլիզայի հետ նոյնպէս սիրային կապի մէջ եղած է)։ Փականինի, որ անչափ կը սիրէր հարստութիւնն ու շքեղութիւնը, կ’արձագանգէ Փոլինայի «կանչին»: Ան «Դամասկոսի Կարմիր Վարդ» կը կոչէ Փոլինային: Անոնք միշտ միասին կ’ըլլան, սակայն երաժշտութեան հանդէպ անտարբեր տիկնոջը կը գերէ միայն ջութակահարի սատանայական արտաքինը։ Իսկ Փականինին, որ աշխարհը կ’ընկալէր միայն երաժշտութեան միջոցով, կը խենթանայ այդ կնոջ համար. «Ձեր մարմինը՝ ամենակատարեալ երաժշտական գործն է»,-կ’ըսէր ան։

   Ի պատասխան Փոլինան, որ լուրջ չէր վերաբերեր Փականինիին, կը խնդար. ջութակահարը ընդամէնը մէկն էր իր բազմաթիւ սիրեկաններէն։ Շատ շուտով ան կը լքէ Նիքոլոյին եւ կ’երթայ անոր ընկեր, երաժշտահան Պլանճինիին մօտ։ Իսկ խաբւած եւ ընկերոջ կողմէն դաւաճանուած Փականինին Թոսքանիա կը մեկնի։    (Չնայած իր ծայրայեղ անբարոյական կենցաղին՝ Փոլինան հաւատարիմ կը գտնուի եղբօր հանդէպ. ընտանիքէն միայն ան Նափոլէոնի հետ Էլպա կ’երթայ եւ նիւթապէս կ’օգնէ անոր)։

Ժամանակ մը վերջ, կը վերահաստատուի հռչակաւոր ջութակահարին կապը Լա Սքալայի երգչուհի Անթոնիա Պիանքային հետ (որուն հետ կապ ունեցած էր նաեւ նախկինին), եւ 1825թ. անոնք որդի մը կ’ունենան՝ Աքիլլես: Աքիլլեսի ծնունդէն մէկ ամիս առաջ, քաղցկեղէն կը մեռնի 45 տարեկան Փոլինան, եւ միայն զաւակին լոյս աշխարհ գալը կ’ամոքէ Նիքոլոյի անսահման վիշտը, որ Փոլինայի մահը պատճառած էր։ Ջութակահարի նախկին ընկե-րըն ու մրցակիցը անոր կը գրէ. «Յիշե՞ց քեզ, արդեօք, կոմսուհին, Նիքոլօ՛… կը կարծեմ՝ ո՛չ… ան իր նախկին սիրեկաններուն մատներու արանքէն կը նայէր…»:

   Երբ Փոլինան մահամերձ կ’ըլլայ, ամուսինը՝ Քամիլլօն, կը ներէ անոր բոլոր մեղքերը:

   Ըստ կտակի, Փոլինային կը թաղեն գոց դագաղով, եւ քովը կը դնեն Քանովի Վեներայի արձանը, որպէսզի բոլորը յիշեն անոր շքեղութիւնն ու գեղեցկութիւնը։

   1837-ին Փականինին համերգներ կու տայ Թուրինի մէջ, բայց յաջորդ տարին իր առողջական վիճակը կտրուկ կը վատանայ: 1839-ին, բժիշկներու ցուցումով ան կը հաստատուի Մարսէյլ, կարճ ժամանակ յետոյ կը տեղափոխուի Նիցցա:

   Կեանքի վերջին օրերուն, ան աննկարագրելի տանջանքներ կը կրէ, եւ բոլորովին կորսնցնելով ձայնը, իր ըսելիքները թուղթի վրայ կը գրէ: Իր վերջին գրութիւնը հետեւեալն է. «Կարմիր վարդեր… Կարմիր վարդեր… Ատոնք գոց կարմիր են եւ, կարծես թէ, վնասակար…»:

   Փոլինայի մահէն յետոյ, Նիքոլօն 15 տարի կ’ապրի, այդպէս ալ չհաշտուելով սիրելիի կողմէն լքուած ըլլալու իրողութեան հետ։ Անոր մարմինը՝ զարդարուած ժամանակի բոլոր կանոններու համաձայն, կը դրուի մեծ դահլիճի մը մէջ: Մարդոց հսկայական բազմութիւն կու գայ հրաժեշտ տալու տաղանդաւոր երաժիշտին, որ վարպետօրէն կը տիրապետէր  իր գործիքին: 

Իր կտակին մէջ երաժիշտը կը գրէ. «Ես կ’արգիլեմ ցանկացած հոյակապ յուղարկաւորութիւն: Չեմ ուզեր որ նկարիչները հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարեն ինծի համար…. Ջութակս կը կտակեմ Ճենովային, որպէսզի յաւերժ հոն պահուի»:

Մահէն առաջ՝ զառանցանքի մէջ, Փականինի դժուարաւ կը շշնջայ «Դամասկոսի Կարմիր Վարդ»ին անունը․․․                                           

                               Շաքէ Մարգարեան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին