Սիրելի ընթերցող դժբախտաբար այնպէս կ՛երեւի, որ Լիբանանի տագնապը երկարաժամկէտ պիտի ըլլայ եւ բոլորս ինչ որ կերպով փակուած պիտի մնանք փակուղիի մը մէջ, որուն միւս ծայրի լոյսը տակաւին չերեւիր հետեւեալ պատճառներով.
Ա. Հրապարակի վրայ օրերէ ի վեր գտնուող ժողովուրդը հակառակ իր վճռակամութեան միջոցն ու կարողութիւնը չունի Հըզպալլայի վրայ իր կամքը բանեցնելու ինչ կը վերաբերի անոր ներկայ կառավարութեան զօրակցութեան, թէ այլ հարցերով: Սակայն ան հաստատակամ է երկար մնալու փողոցը մինչեւ իր արդար նպատակներուն իրագործումը:
Բ. Հըզպալլան մտահոգ է, որ կատարուածը թակարդ մըն է իրեն առջեւ դրուած: Եթէ ընդունի կառավարութեան հրաժարումին հետ քալել ապա գիտէ, որ ժողովուրդին յաջորդ պահանջը պիտի ըլլայ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ, որուն արդիւնքներէն ամենեւին ալ վստահ չէ, նկատի առնելով ժողովրդային նոր պահուածքի աննախադէպ ազդակը: Իր ժողովրդային հիմքերէն հանդիսացող Նապաթիյէի, Քաֆար Ռումմանի եւ Սուրի մէջ կատարուած ցոյցերը որոշ չափանիշեր են այս առնչութեամբ: Ասոր ալ կրնայ յաջորդել նախագահին անկումը, որ այս հանգրուանին իր գլխաւոր ապաւէնն է իրեն ապահովելով քրիստոնեայ դաշնակից մը:
Գ. Վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ընկերվար-Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգ են Հըզպալլայի հակազդեցութեամբ, եթէ յանկարծ անոր կամքին հակառակ հրաժարին:
Դ. Իշխող համակարգին անդամներուն վախերէն մէկն է նիւթական խնդիրներով դատավարութիւններու հաւանականութիւնը, որ եթէ իշխանութեան գլխուն չմնան կրնան անոր թիրախները ըլլալ:
Ե. Նախագահին ընտանիքին եւ Ազգային Ազատ Հոսանքի պատասխանատուներուն մօտ տիրող քաոսն ու հակասութիւնները:
Զ. Ժողովուրդը հրապարակներէն դուրս բերելու եւ ճամբաները բանալու ամէն լաւ եւ վատ փորձերուն ձախողութիւնը:
Է. Դաւադրութեան Տեսութեան հետ կապուած տարածուած լուրերուն անլրջութիւնը, որ ամէն պարագայի արդիւնք չտուաւ:
Ը. Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն գործածուած ապատեղեկատուութիւններու եւ ատելութեան գրականութեան անպիտանելիութիւնը ստեղծուած նոր պայմաններուն լոյսին տակ:
Թ. Իշխող համակարգին անակնկալի գալը տես իրենց պատկերացուցածէն շատ աւելի ժողովրդային ցասումին ու աղքատութեան թիւի անհամեմատ մեծութեան:
Վերոյիշեալները լուրջ խնդիրներ են: Գնդակը Վարչապետին դաշտին մէջն է, որ պէտք է քաջ որոշում մը առնէ ի գին ամէն անձնական վտանգի:
Գալիք օրերուն վարչապետը պիտի ձեռնարկէ՞ այս քայլին: Ահա հոս է հարցը, որուն համար պէտք է սպասել որ տեսնենք: Մինչ այդ երկրին տնտեսութիւնը տակաւին որքա՞ն կրնայ շալկել այդ ալ կը մնայ հանելուկ եւ կախեալ դրամատուներու բացումէն, որ իր կարգին աւելի մեծ խնդիր մըն է եւ ըստ երեւոյթին երկրին մէջ վերջին բացուող հաստատութիւնը պիտի դառնայ եթէ պէտք է խուսափիլ դրամանշային ահագին մեծ եւ յանկարծակի անկումէ, որ այսօրուայ դրութեամբ անխուսափելի է:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






