Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Խաչեալն ու Խաչափայտը

ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Վերացման Սուրբ Խաչի եօթներորդ կիրակին կը տօնէ տարուան վերջին խաչի տօնը, որն է՝ Տօն Սուրբ Գիւտ Խաչի։ Թէեւ Սուրբ խաչափայտը յայտնաբերելու այս գեղեցիկ տօնը վերջինը կը տօնուի, սակայն առաջին Սուրբ խաչի տօնն է։

Այստեղ ամփոփ ձեւով ներկայացնենք դրուագը։

Հռոմի Կոստանդիանոս Կայսրը (306-337) եւ իր մայրը՝ Հեղինէն, երբ կ’ընդունին Քրիստոնէական հաւատքը անմիջապէս կը լծուին Քրիստոնէական զօրացման ու ամրութեան։ Հեղինէ թագուհին ուխտագնացութիւն մը, իր մտքին մէջ կը ծրագրէ դէպի Երուսաղէմ՝ անշուշտ իր մտքին մէջ ունենալով նաեւ այցելել Սրբավայրեր ու նաեւ գտնել Մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Խաչափայտը։ Երբ թագուհին Երուսաղէմ կը հասնի, իր հարցափորձերու հետեւանքով կը ծանօթանայ Յուդա անունով հրեայի մը։ Ան Հեղինէ թագուհիին ցոյց կու տայ մեծ աղբանոց մը, ուր մօտաւորապէս 300 տարի առաջ նետուած պիտի ըլլար մեր Տիրոջ Խաչափայտը։ Թագուհին անմիջապէս կը հրահանգէ, որ աշխատաւորներու մեծ բազմութիւն մը սկսի աշխատանքի։ Երբ ան կը տեսնէ թէ գործը տակաւ առ տակաւ կ’ընթանայ, իր ամբողջ գանձը բերել կու տայ եւ ոսկիները կը նետէ այդ աղբանոցին մէջ ու հետեւեալը կ’աղաղակէ.- «Ով որ գտնէ պիտի տիրանայ ոսկիին»։

Ուստի մարդիկ իրենց առաւելագոյն ջանքն ու ճիգը կը թափեն, որպէսզի գտնեն։ Ի վերջոյ կը յաջողին երեք խաչափայտեր գտնել, որոնցմէ մէկը Յիսուս Քրիստոսինն էր եւ միւս երկուքը Անոր հետ խաչուած աւազակներունը։ Սակայն որպէսզի գիտնան բուն խաչափայտը, կը կանգնեցնեն նորոգ մեռեալ պատանիի մը մահուան թափօրը եւ առնելով պատանիին անշունչ մարմինը կը դնեն խաչերուն վրայ։ Առաջինին՝ ոչինչ կ’ըլլայ։ Երկրորդին՝ փոքր շարժում մը տեղի կ’ունենայ, իսկ երրորդին՝ պատանին կը վերակենդանանայ։ Այսպիսով կը գտնեն Մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Խաչափայտը եւ զայն մեծ հանդիսութեամբ ու ցնծութեամբ կը տանին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը։

Ահաւասիկ, այս է դարեր շարունակ՝ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ պահած Գիւտ Խաչի տօնին պատմական աւանդութիւնը, որ բնականաբար իր մէջ կ’ամփոփէ մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին գիւտին դրուագը, անոր կապուած հրաշքը եւ հաւատացեալ ժողովուրդներու վերաբերմունքը՝ հանդէպ սրբավայրերուն։

Զուտ հայկական տօն մըն է այս, թէ՛ իր խորհուրդով ու թէ՛ ալ իր դէպքով ու պատմութեամբ։ (Որովհետեւ ուղղակի, ինչպէս որ նշմարեցիք, Հայաստանի հողին վրայ կը կատարուի այս դէպքը)։

 

Մեր դարաւոր հայրերը, իրենց շարականներով ու յօրինումներով, ճոխացուցած են հայ երաժշտութիւնը։ Այստեղ նաեւ յիշենք թէ տակաւին, եկեղեցական հայրեր, բազմաթիւ պատմութիւններ ու մեկնութիւններ ունին խաչի մասին։

 Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուին բազմաթիւ Խաչի Տօներ՝ որոնցմով միշտ Խաչեալ Փրկիչն է, որ կը յիշուի ու կը պաշտուի։ Այս իմաստով մեր եկեղեցւոյ մէջ Խաչի Տօները թիւով չորս հատ են՝ Խաչվերաց, Գիւտ Խաչ, Երեւման Խաչ ու Վարագայ Խաչ։ Այստեղ յիշենք ու նշենք, թէ Աւագ Ուրբաթ օրն ալ խաչի ամենամեծ տօնը կը համարուի՝ քանի այդ օրը ուղղակի յիշատակումն է Յիսուս Քրիստոսի Խաչելութեան։

Այս չորս տօներն ալ, իրենց հետ կապուած պատմական դէպքերով, այսօր գաղափար մը կու տան մեզի թէ այդ օրերուն խաչը, որքան տեղ գրաւած էր ժողովուրդի բարեպաշտական կեանքին մէջ։ Բայց անոր հանդէպ յարգանքի ու հաւատքի այս բոլոր արտայայտութիւնները կը պարպուին իմաստէ, եթէ երբեք չփորձենք հասկնալ այդ արտայայտութեանց ետին կեցող խաչին խորհուրդը։

Մեր ժողովուրդի հաւատալիքներու եւ բարեպաշտական աշխարհին մէջ մեծ բաժին յատկացուած է Սուրբ Խաչին։ Առաւօտուն, տակաւին իր գործին չգացած՝ հայ մարդը, հայ գիւղացին եւ արհեստաւորը, Խաչին հանդէպ իրենց ունեցած արտայայտութիւնը կու տան, երբ կը խաչակնքեն իրենց երեսը, խոր հաւատքով արտասանելով «Խաչ օգնեա ինձ» բառերը, այս ձեւով յարաբերութեան մէջ մտնելու համար իրենց Աստուծոյն հետ, եւ անկէ ստանալու համար ոյժ եւ յաջողութիւն՝ իրենց առօրեայ գործերուն համար։

Շատերուն խիստ կը թուի սա խօսքը «Ուրացիր անձդ, ա՛ռ խաչդ ու հետեւէ՛ ինծի»։ Բայց շատ աւելի խիստ պիտի չըլլա՞յ, դատաստանին օրը ըսել սա խօսքը «Հեռացէ՛ք ինձմէ, անիծեալներ, եւ գացէք յաւիտենական կրակին մէջ»։

Անոնք, որոնք սիրով ընդունած են խաչեալն ու խաչին հրաւէրը, վախ չունին լսելու յաւիտենական դատապարտութեան վճիռը։ Արդ, սիրելի ընթերցող, ինչի՞ կը սպասես խաչդ առնելու եւ հետեւելու Քրիստոսին։ Իսկ խաչը առնել ու հետեւիլ Քրիստոսի ամէն բանէ առաջ կը նշանակէ կռնակ դարձնել աշխարհի սին բաներու եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ ծառայական դաշտին մէջ։

Աւելի լաւ է երկրի վրայ Քրիստոսի համար մեռնիլ՝ որպէսզի երկինքի մէջ յաւիտենական կեանք ունենանք։

Աւելի լաւ է երկրի վրայ Քրիստոսի համար տառապիլ՝ որպէսզի երկինքի մէջ յաւիտենական հանգիստ գտնենք։

Եւ շատ աւելի լաւ է երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարել՝ որպէսզի երկինքի մէջ կատարած ըլլանք Աստուծոյ կամքը։

***

Յաճախ մարդիկ որոշ տարիքէ մը ետք կը սկսին զանազան հարցերու մասին մտածելու եւ խոկալու, անոնցմէ է նաեւ այս հարցումը որ կ’ըսէ, «թէ ի՞նչ է խաչը հայ քրիստոնեային համար եւ ի՞նչ է անոր նշանակութիւնը հայ քրիստոնեայի կեանքին մէջ»։

Հայ Քրիստոնեան անշուշտ ապաւինելով խաչի զօրութեան կը խափանէ ու կը յաղթահարէ չարին։ Ամենապարզ բացատրութեամբ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ երբ առաւօտեան իր տան դռնէն կամ մայր մուտքէն դուրս կ’ելլէ, անմիջապէս կը խաչակնքէ ու փառք կու տայ Աստուծոյ եւ մաղթանքին բառերը գործածելով, կ’ըսէ. «Փառք քեզ Աստուած փառք քեզ, յաղագս ամենայնի տէր, փառք քեզ»։ Նաեւ խաչով կը զարդարուին մեր հայաշէն եկեղեցիները, այլ խօսքով, խաչով կը մկրտէ, խաչով կը դրոշմէ, խաչով կը պսակէ, խաչով կը կազմէ իր սուրբ ու մաքուր ընտանիքը ու խաչով կ’իջեցնէ գերեզման իր սիրելիները։

Ամբողջ աշխարհը իր յատուկ յարգանքն ու սէրը ունի հանդէպ խաչին ու կը խոնարհի անոր խորհուրդին առջեւ։ Այսօր խաչը մեզի կը յայտնուի որպէս հաւատք, որպէս յոյս, որպէս «վահան ամրութեան», որպէս «պարիսպ ամրութեան», եւ որպէս սէր։ Այստեղ յիշենք Դաւիթ Անյաղթի մեծ իմաստասէրին խօսքը, որ կ’ըսէ. «Հոն ուր խաչ կայ՝ այնտեղ է խաչեցեալը, եւ հոն ուր խաչեցեալն է՝ այնտեղ խաչելութիւն կայ»։ Այլ խօսքով եթէ կ’ուզենք երկու բառերով բացատրել կամ արտայայտել այսինքն՝ զոհաբերում ու սէր կայ։

Սիրելի ընթերցող,

Մէկ բան գիտցիր, որ այս կեանքին մէջ ամէն բան ժամանակաւոր է, ոչ պատիւ, ոչ աթոռ, ոչ պաշտօն, ոչ հարստութիւն, ոչ տիտղոս, ոչ դիրք, ոչ գեղեցկութիւն ու ոչ վկայական եւ ոչինչ, որովհետեւ այս բոլոր երեւոյթները կը պատկանին այս սին աշխարհին, որուն դուն ժամանակաւոր պահակը նշանակուած ես։ Եւ նոյն այս մտածումներով է, որ Պօղոս Առաքեալ իր միակ պարծանքը կը գտնէ մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոս խաչին մէջ։ Այստեղ յիշենք Ա.Կորնթացիներ 1.18-24 համարները, որ կ’ըսեն․«Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա։ Արդարեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի խափանեմ, խելացիներուն խելքը պիտի կորսնցնեմ»։ Այն ատեն ո՞ւր պիտի մնան իմաստունները կամ ուսեալները եւ կամ այս աշխարհի հարցերը քննողները։ Չէ՞ որ Աստուած ցոյց տուաւ՝ թէ այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է։ Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան։ Եւ թէպէտ Հրեաներ հրաշք կ’ուզեն, իսկ Յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար, թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը»։

Խաչի ճամբան առհասարակ այս աշխարհի մտածողութեամբ խորթ ու անիմաստ ուղի մըն է, սակայն քրիստոնեային համար միակն է ան, յաղթահարելու մահուան ու ժառանգելու Փառաց Պսակը։ Այո, ճիշդ է, որ դարեր շարունակ նայած ենք, կը նայինք ու պիտի շարունակենք նայիլ խաչին։ Մեր պատմութեան ընթացքին այրած ու ինկած են խաչեր, ջարդուած ու կործանած են խաչեր, սրբապղծուած են խաչեր, բայց հազար փառք Աստուծոյ, որ չէ տկարացած խաչի խորհուրդը, որովհետեւ այդ խորհուրդը Աստուծմէ է, որովհետեւ այդ խորհուրդը յոյս է, մխիթարութիւն է, զօրութիւնն ու յաղթութիւնն է։

Աստուած երբ ուզեց մարդուն քով գալ, խաչը ընտրեց իր միակ ճանապարհը, ուրեմն այսպիսով մարդ արարածը երբ ուզէ երթալ իր Արարիչին կամ իր Հօրը քով, պէտք է խաչի ճամբան ընտրէ, որովհետեւ այս է միակ օղակը, զոր Աստուած եւ մարդ կրնան հաղորդակցութեան մէջ մտնել։

Երբ մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի խաչին մասին կը մտածենք, անմիջապէս մեր մտքին առջեւ շուտով կը պատկերանայ Գեթսեմանիի պարտէզը։ Անիկա սեմն է Յիսուս Քրիստոսի խաչին։ Այո, ճիշդ է, որ փշոտ է խաչի ճամբան ու տատասկները անպայման որ պիտի հոսեցնեն մեր ոտքերուն արիւնը․բայց երբեք ու երբեք չմոռնանք, որ նո՛յն այդ տատասկները արիւնեցին նաեւ Փրկչին ոտքերը, սակայն Ան հաստատ կերպով կոխեց ու անցաւ անոնց վրայէն։

Ուրեմն, Գիւտ Խաչի տօնին առիթով մենք եւս քարոզենք Խաչեալ Քրիստոսը, ապրինք ու ապրեցնենք մեր սրտերուն մէջ զՔրիստոսը, որպէսզի Ինք եւս փառաւորուի ու փառաբանուի։ Մենք որպէս քրիստոնեաներ, ու յատկապէս հայ քրիստոնեաներ, պարտաւոր ենք խաչ մը ունենալ ո՛չ թէ մեր վիզերուն վրայ կախուած, այլ՝ մեր սրտերուն մէջ դրոշմուած. ո՛չ թէ մեր տուներուն մէջ որպէս զարդ, այլ՝ որպէս փրկութեան ու պաշտպանութեան խոհրդանիշ։

Հայ ժողովուրդի կեանքը լեցուն ու առատ է խաչի պատմութիւններով ու մեկնութիւններով։

Ուստի, եկէք գտնենք մեր խաչը, պահենք ու պահպանէք ու տէր կանգնինք, միշտ ու միշտ բարձր պահենք մեր կեանքին, հոգիին ու սրտին մէջ ու մշտապէս կրկնելով սա մաղթանքը, ըսենք. «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն․ յորժամ երեւիս փառօք Հօր ընդ ամպս լուսաւորս։ Յայնժամ մեք մի՛ ամաչեսցուք յուսացեալքս ի քեզ, այլ զօրութեամբ քով մեծաւ բերկրեսցուք ընդ աջմէ քումմէ, որպէս զորդիս լուսոյ եւ որդիս տունջեան»։

Եւ որպէս եզրակացութիւն մտածենք այս հարցումին մասին ամէն օր ու ամէն վայրկեան, «ԹԷ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՏՈՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ԽԱՉՈՒԵՑԱՒ… ԵՒ ԵՍ ԻՐԵՆ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԵՄ..»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին