Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տեսանկիւն – Ճիշդ Ժամանակին Հրաժարիլը Արժանիք Է

Երէկ գիշեր մեր այսօրուայ թիւը պատրաստելու առընթեր նստած էի ընկերոջս հետ, որուն հետ ասկէ անկէ կը զրուցէինք:

Յիշեցինք Ֆութպոլի աշխարհահռչակ թագաւոր Փելէն: Փելէն խաղադաշտերէն հեռացաւ երբ իր համբաւին ու հռչակին գագաթնակէտին վրայ կը գտնուէր:

Պատկերացուցինք, որ եթէ այնպէս պատահեր, որ Փելէն յամառէր տակաւին խաղալ, բնականաբար օր պիտի գար ուր կորսնցուցած ըլլալով բնութեան իր երիտասարդ մարմնին շնորհած կարողութիւնները պիտի չկարենար խաղադաշտին ու գնդակին տիրապետել, իր երկրպագուներու թիւը բնականաբար պիտի նուազէր ինչու չէ ան հեգնանքի ալ առարկայ պիտի դառնար:

Սակայն ան գիտցաւ ճիշդ ժամանակին հրաժարիլ, որոշում  մը որ այլ մարզիկներ օրին չառին:  Փելէն ժողովուրդին յիշողութեան մէջ մնաց ու տակաւին կը մնայ իր լաւագոյն «նկարով» ու կատարումներով: Ան միշտ պիտի մնայ «թագաւոր»:

Իմ առօրեային վերաբերող անմեղ զրոյցի մը բովանդակութիւնն է, որ քեզ հետ կը բաժնեմ սիրելի ընթերցող: Յանկարծ չքաղաքականեցնես…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին