Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

72 Ժամուայ Միջոցը Ժողովուրդը Յոգնեցնելու Կամ Խաբելու Հնա՞րք, Թէ Զայն Առաջարկողին Ինքնազգաստութեան Առիթ

Այսօր երեկոյեան կ՛աւարտի Վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջարկած 72 ժամուայ միջոցը, որ ան ներկայացուցած էր Լիբանանի ցուցարարներուն, որուն ընթացքին ան խոստացած էր իր գործընկերներուն հետ խորհրդակցաբար բարեկարգումներու ծրագիր մը ներկայացնել ժողովուրդին:

Ցուցարարները թերահաւատութեամբ մօտեցան այս խոստումին մատնանշելով, որ տասնեակ տարիներէ չիրագործուածը ինչպէ՞ս կարելի է իրագործել այս կարճ ժամանակամիջոցին մէջ: Անոնք, որպէս հիմնական առաջնորդ ունենալով ընկերային համացանցը եւ իրենց արդարացի պահանջները, որոնց գլխաւորն է կառավարութեան հրաժարականը, ամբողջ շաբաթավերջին մնացին անդրդուելի եւ իւրաքանչիւր օր փողոցի վրայ գտնուող իրենց ներկայութեամբ թիւով գերազանցեցին նախորդ օրուայ իրենց թիւերը:

Մինչ այդ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարները քօղարկուած սպառնալիքներ ուղղեցին ինչ կը վերաբերի ցուցարարներուն եւ լիբանանի ապագային եթէ ցուցարարները մնային իրենց կեցուածքին վրայ: Միւս կողմէ եւ օրինակելի քայլով մը Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը յարգելով ցուցարարներուն կամքը եւ ըստ իրենց յայտարարութեան՝ համահունչ ըլլալով իրենց կուսակցութեան համոզմունքին հետ, իրենց պլոքի չորս նախարարներուն հրաժարականը ներկայացուցին: Անյստակ մնաց Ընկերվար-Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարին առնելիք որոշումը, որ ըստ երեւոյթին կ՛ուզէ վարչապետին կողքին մնալ:

Պատահեցաւ աւելին: Ցոյցերու ընթացքին կարգ մը «թապու»ներ գլորեցան եւ ցուցարարներ սկսան լուտանքներ ուղղել նախապէս իրենց իտէալները եւ «սրբութիւն սրբոց»ը  հանդիսացող քաղաքական գործիչներուն հանդէպ: Այս երեւոյթը աննախադէպ էր իր տարողութեամբ:

Այս իրավիճակին ի տես պիտի ուզէի կոչ ուղղել բոլոր անոնց, որոնք «քաղաքական պարապութեան» վտանգով կը սպառնան ժողովուրդին, դադրիլ այս հին ու նոր փորձուած ձեւէն, որովհետեւ ժողովուրդը որքան ալ զգացական ըլլայ, ունի իր գիտակից տարրը, որ լաւ գիտէ թէ Լիբանանի սահմանադրութիւնը նկատի առած է նման պարագայ եւ ունի անոր լուծումները: Ի վերջոյ անձերու հրաժարումով հանդերձ պետական հաստատութիւնները կը մնան ու կը գործեն: Կը մնայ, որ ժողովուրդը չվախնայ նման դատարկաբանութիւններէն: Իսկ փողոցի դէմ փողոց սպառնալիքի մասին չեմ ուզեր մեկնաբանել սակայն անոր հաւատացողը կամ դիմողը, եթէ նոյնիսկ ժամանակաւոր յաջողութիւն մը գտնէ, երկար ժամկէտի վրայ նման քայլ մը համազօր է ինքնասպանութեան:

Վարչապետ Հարիրիին կոչ կ՛ուղղեմ ընդամէնը մտածել, որ ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ մեծ յոյսերով եւ տեսլականով փողոց իջած երիտասարդութիւնը յանկարծ յուսախաբ տուն դառնայ: Այս պարագան արդէն հոգեբանական աղէտ մըն է, որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ ժողովրդագրական գետնի վրայ: Անոնց կարեւոր մէկ թիւը յուսախաբուած գաղթի ճամբան պիտի չառնէ՞: Այդ պարագային ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենան իր ներկայացնելիք տնտեսական բարեկարգումներու թէական ծրագիրները:

Կը մնայ տակաւին կառավարութեան մէջ իր անդամակցութիւնը պահող հայկական մեր քոյր կուսակցութեան` ՀՅԴի պատասխանատուներուն ալ համեստ, անկեղծ ու սրտբաց հարցադրումով մը դիմել: Եթէ իրենք չըլլային ազգային եւ սկզբունքային իրենց նկարագրին չնմանող դաշինքի մը անդամ, պիտի ուզէի՞ն մնալ կառավարութեան մը մէջ, որ այսքան վարկաբեկուած է ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասին կողմէ:

Պատեհական ու ժամանակաւոր դաշի՞նքը թէ հայավայել կեցուածքն ու սկզբունքը: Ահաւասիկ այս է հարցումը այսօր:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին