Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Կեդրոնական Դրամատան Կողմէ Նոր Միջոցառումներ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինչպէս կը նախատեսուէր, Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատունը յայտարարեց իր ստեղծած միջոցառման նոր տեսակի մը մասին, որն է ամերիկեան տոլարի պահանջը ճշդուած գինով ապահովել վառելանիւթ, հացահատիկ եւ դեղորայք ներածողներուն համար:

Նշուած արտադրութիւնները ներածողները վերջին շաբաթներուն բարձրաձայնած էին իրենց խնդիրը, որն է արտադրութիւնը ծախել լիբանանեանով եւ ներածել ստիպուիլ ամերիկեան տոլարով, որուն սակը անյստակ է շուկայի վրայ:

Որոշ սահմանափակումներով եւ պայմաններով ստեղծուած օրէնքը պիտի սկսուի գործադրուիլ, որուն իբրեւ հետեւանք ներածող ընկերութիւններ տոլար ձեռք ձգելու դժուարութիւն պիտի չունենան եւ այս պիտի կատարուի անշուշտ պանքային համակարգին միջոցաւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին