Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Կեդրոնական Դրամատունը Օտար Դրամանիշերու Պահանջքը Կ՛ապահովէ. Սալամէ Հաւաստիացուցած է Աունին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ ջանք չի խնայէր առկայ մտահոգութիւնները փառատելու: Ան այս խնդրով նախագահ Աունին հաւաստիացուցած է, որ Կեդրոնական դրամատունը օտար դրամանիշեր պահանջը կ՛ապահովէ:

Ըստ իր գրասենեակին Կեդրոնական դրամատունը, հանրային եւ անձնական մարզերու օտար դրամանիշի բոլոր պէտքերը ապահոված է անցնող օրերուն:
Այս բոլորը, մինչ սեփական մարզի հաստատութիւնները կը շարունակեն մտահոգութիւն յայտնել ամերիկեան տոլարի շուկայի վրայ անբաւարարութեան նկատմամբ: Յատկապէս ներածողներն են՛ որ մտահոգ են, որովհետեւ անոնք իրենց ապրանքային ներածումները կ՛ընեն օտար դրամանիշերով: Հիմնական մտահոգութիւնը ցորենի, դեղորայքի եւ վառելանիւթի ներածումներու պարագան է, որոնք անցնող շաբաթներուն դժուարութիւններ դիմակալեցին գանձելով լիբանանեան թղթոսկի մինչ իրենք իրենց գնումներուն համար պիտի վճարեն տոլարով:

Այս իրավիճակը Լիբանանի մէջ վերջերս ստեղծեց զուգահեռ շուկաներ, ուր դրամատան մէջ օտար դրամանիշի սակագինը տարբերեցաւ շուկայի սակէն, ուր տոլարի արժէքը աճ արձանագրեց:
Կը մնայ մեծ հարցականը: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը Նախագահ Աունին իր այցելութեան միջոցին յայտնած է, որ ինք այսօր պիտի յայտարարէ մեքանիզմ մը, որ պիտի արտօնէ վառելանիւթի, դեղորայքի եւ հացահատիկի ներածումը ըլլայ տոլարի պաշտօնական գինին համեմատ: Այս յայտարարութիւնը, արդեօ՞ք կը հաստատէ զուգահեռ շուկաներու օրինականացումը…: Այսօր ամէն ինչ կը յստականայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին