Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կազմաւորուեցաւ յեղափոխական, գաղափարական ու մշակութային հարուստ ժառանգութիւններու տէր ազգային կազմակերպութիւններու անշահախնդիր միաձուլումով մը:
Հայ ժողովուրդի, ինչու չէ նաեւ մարդկային պատմութեան մէջ հազուադէպօրէն պատահած է, որ մրցակից եւ յաճախ հակամարտ անձեր կամ խումբեր միանան ու միասնակամ գործելու տեսիլքը մշակեն: Տեսիլք, որուն գերագոյն նպատակակէտն է ազգային հիմնական նպատակներու իրագործումի ճամբան կերտել՝ հետապնդելու ու հասնելու այդ իտէալին:
Այս իւրայատուկ դէպքերէն մէկն է Հայ շարք մը կուսակցութիւններու միաձուլումով՝ 1 Հոկտեմբեր 1921ին հիմնուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:
Այս իւրօրինակ միութեան ու միասնակամ կերպով վեհ գործ մը շարունակելու ծրագիրը մարմնաւորուեցաւ, ի պատիւ զայն նախաձեռնողներուն ազգային միասնականութեան տենչին ու հեռատես իմաստութեան մը հզօր մղումին:
Վերոյիշեալ միութիւնը, ուրեմն, սկիզբ մը չէր, այլ՝ շարունակութիւն մը այն վեհ գործին, որուն ճամբուն վրայ զոհուած էին շատ մը հայորդիներ: Հետեւաբար այսօր, մենք տարեդարձ մը չէ, որ կը տօնենք, այլ կը նշենք ու կը շեշտադրենք միութեան մը կարեւորութիւնը:
Իր հիմնադրութեան յաջորդող տասնամեակները պերճախօս վկաներն են այս միութեան կենսական կարեւորութեան՝ յօգուտ միացեալ եւ վեհ նպատակի մը, որն է Հայ Ժողովուրդի յաւերժացումը ու հայրենիքի գոյերթը ռամկավար եւ ազատական առողջ գաղափարախօսութեամբ ու քաղաքական միտքով:
ՌԱԿի կազմութեան իրողութիւնը ինքնին հայ ազգային կեանքին մէջ միաբանութեան գաղափարին յաղթանակն էր, որ իրագործուեցաւ 98 տարիներ առաջ:
Իսկ այսօր, ո՞ւր ենք մենք այս միութեան ու միասնականութեան անցեալը ունեցող կազմակերպութեան մը շառաւիղներս: Ինչո՞վ ենք զբաղուած: Որքանո՞վ կ՛արժեւորենք մեր նախնիներուն աւանդը եւ ի՞նչ սորված ենք անոնցմէ: Ահաւասիկ այս պէտք է ըլլայ կենսական հարցադրումը այսօր իւրաքանչիւր ռամկավար ազատականի համար:
Մենք պէտք է հաւատանք այսօր, որ միութեամբ մը նոր ուղեգիծի մը որդեգրումը չի ջնջեր միացող կողմերուն գոյութիւնը: Չի մոռցներ անոնց անունները կամ կատարած լաւ գործերը: Չի սրբեր անոնց իտէալներն ու աւանդութիւնը մանաւանդ երբ չկայ գաղափարական տարբերութիւն: Ընդհակառակը: Այդ միութիւնը կը զօրացնէ բոլորը: Կ՛երաշխաւորէ անոնց քայլերը ապագային մէջ երթը շարունակելու վճռակամ ու ճակատաբաց: