«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մեկնեցաւ Փարիզ մասնակցելու Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքի յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր:
Հարիրի Լիբանանի պետութեան եւ ժողովուրդին անունով ցաւակցութիւններ պիտի յայտնէ Ֆրանսայի այժմու նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ինչպէս նաեւ Շիրաքի այրիին Պերնատէթ Շիրաքին:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաք Հինգշաբթի օր մահացաւ Ֆրանսայի մէջ 1995 – 2007 տարիներուն Շիրաք բազմաթիւ անգամ այցելած է Պէյրութ եւ մեծապէս սատարած Լիբանանի զօրակցութեան համար կատարուած նիւթական օգնութիւններու: Շիրաք նաեւ անձնական բարեկամն էր Լիբանանի նախկին նախագահ Ռաֆիք Հարիրիին, որուն սպանութենէն ետք անձամբ եկաւ Լիբանան ցաւակցելու Հարիրի ընտանիքին:






