Կիրակի, 08. 03. 2026

spot_img

Հարիրի Կը Մեկնի Փարիզ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մեկնեցաւ Փարիզ մասնակցելու Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքի յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր:
Հարիրի Լիբանանի պետութեան եւ ժողովուրդին անունով ցաւակցութիւններ պիտի յայտնէ Ֆրանսայի այժմու նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ինչպէս նաեւ Շիրաքի այրիին Պերնատէթ Շիրաքին:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաք Հինգշաբթի օր մահացաւ Ֆրանսայի մէջ 1995 – 2007 տարիներուն Շիրաք բազմաթիւ անգամ այցելած է Պէյրութ եւ մեծապէս սատարած Լիբանանի զօրակցութեան համար կատարուած նիւթական օգնութիւններու: Շիրաք նաեւ անձնական բարեկամն էր Լիբանանի նախկին նախագահ Ռաֆիք Հարիրիին, որուն սպանութենէն ետք անձամբ եկաւ Լիբանան ցաւակցելու Հարիրի ընտանիքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին