Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Բողոքի Ցոյցեր Պէյրութի Մէջ

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեծ թիւով ցուցարարներ հաւաքուեցան Պէյրութի կեդրոնական փողոցները՛ յատկապէս Ռիատ Սոլհ հրապարակ՝ վարչապետարանի հարեւանութեամբ:
Բողոքարարները փորձեցին խուժել վարչապետարան, որ սակայն արգիլուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Ցուցարարներուն պահանջքը կառավարութեան հրաժարականն էր եւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը ի տես երկրին դիմագրաւած տնտեսական անելին, որ իր խոր ազդեցութիւնը ձգել սկսած է ժողովրդային խաւերուն մօտ:

Այս ծիրէն ներս արդէն տեղի ունեցած էին գործադուլներ ինչպէս վառելանիւթի կայարաններու եւ հացի փուռերու: Ուրիշ շատ մը սենտիքայական եւ այլ ոլորտներ արդէն իսկ զգուշացուցած են կառավարութեան իրավիճակին առաջքը շուտ առնել հակառակ պարագային գործադուլերը համատարած բնոյթ պիտի ստանան:

Հակառակ ամէն տեսակի ճիգերու լիբանանեան դրամանիշն ալ կայուն չէ գոնէ իր շուկայական եւ ոչ պաշտօնական արժէքով:
Աւելի ուշ երեկոյեան սակայն բողոքի ցոյցերը տարբեր բնոյթ ստացան երբ կողմնակի փողոցներէն անոնց միացան խափանարար տարրեր, որոնք ցոյցին խաղաղ բնոյթը շրջեցին, ինչ որ պատճառ հանդիսացաւ ապահովական ուժերուն բռնութեան դիմել ցրուելու բողոքարարները:

Նոյն ժամանակ դէպի Պէյրութ տանող գլխաւոր մայրուղիներ փակուեցան ցուցարարներու կողմէ, որ աւելի ուշ կարելի եղաւ բանալ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին