ԱՒԵՏԻՔ ՊԻՒԱԶԵԱՆ
Աստուած հաւաքեց բոլոր արարածները եւ որոշեց իւրաքանչիւրին ապրելու տարիները սահմանել:
Առաջինը կանչեց մարդը. «Դո՛ւն, մարդ արարած, այնքան ալ մեծ էակ չես, այն-պէս որ ես քեզի 20 տարուան կեանք կու տամ»:
«Քիչ է…»,-մտածեց մարդը, սակայն Աստուծոյ հետ առանց վիճաբանելու՝ լուռ հե-ռացաւ:
Այդ ընթացքին Աստուած կանչեց ձին. «Քեզ, ձի, ես 40 տարուան կեանք կը սահ-մանեմ, դուն մեծ արարած ես, եւ աւելի երկար պիտի ապրիս»: Բայց ձին աղեր-սեց. «Ողորմեա՛, ով Տէր Աստուած: 40 տարի լուծը պարանոցիս քալել, հող եւ ծանրութիւն քարշ տալ, եւ նոյնիսկ մտրակի հարուածներ ստանալ…. 20 տարին լիովին բաւարար է զիս… Մնացեալը մարդուն տուր, ան աւելի շատ պէտք ունի ատոր»:
Աստուած համաձայնեցաւ, ապա կանչեց կովը: Նոյն սկզբունքով, ինչ որ ձիին, ասոր ալ 40 տարուան կեանք տուաւ: Բայց կովը հրաժարեցաւ. «Փրկէ՛, Տէր Աստուած: 40 տարի անդադար պիտի կթեն զիս: Ինծի 20 տարին բաւարար է, իսկ մնացած տարիներս մարդուն տուր»:
Աստուած կրկին համաձայնեցաւ:
Այս անգամ Տէրը կանչեց շունը. «Քեզ համար, շուն, ես 30 տարի սահմանած եմ»: Իսկ շունը ըսաւ. «Տէր ողորմեա՛: Ես ինչպէ՞ս 30 տարի շղթայուած ապրիմ, կամ անտէր-անտիրական տեղէ-տեղ թափառիմ, բոլորին վրայ հաջելով եւ ոսկորներ կրծելով… 15 տարին լիովին կը բաւէ, իսկ մնացածը մարդուն տուր»:
Այսպիսով, Աստուած եւս 15 տարի նուիրեց մարդուն: Ապա Ան կանչեց կատուն եւ 20 տարուան կեանք առաջարկեց անոր: Բայց կատուն մտածեց. «Ձանձրալի պիտի ըլլայ 20 տարի մկնիկ ուտել եւ անդադար քնանալ»: Ուստի, ան ալ իրեն առաջարկուած 20 տարիներէն 10-ը մարդուն նուիրեց:
Եւ Աստուած յօժարեցաւ:
Այդ ժամանակէն ի վեր մարդը այդպէս ալ կ’ապրի իր կեանքը…
Առաջին 20 տարիները անիկա կ’ապրի իրեն համար սահմանուած տարիները, որոնց ընթացքին ան հոգս եւ վիշտ չունի: Այնուհետեւ կու գան ձիին կողմէ նուիրուած 20 տարիները. մարդը՝ ձիի պէս կ’աշխատի (որոշներ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէ վերջ), իր ուսերուն վրայ ծանր բեռը կրելով՝ աշխատանք, տուն, ընտանիք… Յաջորդ 20-ը՝ կովուն կողմէ նուիրուած տարիներն են. մարդուն կը «կթեն» նախ երեխաները, ապա թոռները: Յետոյ կու գան շունին կողմէ նուիրուած 15 տարիները. ան տունին պահապանը կը դառնայ, կը խնամէ իր թոռները… Եւ վերջապէս կու գան կատուային տարիները. ահա այս ժամանակ ինչպէս որ բախտը բերէ… Կրնան ծեր մարդուն կատուի պէս սիրել, խնամել եւ գլուխը շոյել, իսկ կրնան նաեւ կարեւորութիւն չտալ եւ, նոյնիսկ, ոտքով հարուածել …
Ռուս. թրգմ.՝ ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ