ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ամէն անհատ կամ հաւաքականութիւն առհասարակ ունի յատկանշական դէպք կամ թուական մը, որ կը ներշնչէ անոր ապագան: Մեծն Մխիթարի համար Սեպտեմբերի ութը եղած է իւրայատուկ թուական մը:
Մատղաշ տարիքին, Մխիթար գիտութեան ծարաւէն մղուած երբ կը դիմէ էջմիածին այդ ժամանակի հայագիտութեան կեդրոնը յուսախաբութիւն կ՛ապրի: Այնտեղ այլ աբեղաներ խորհուրդ կու տան փորձել Սեւանի մենաստանը: Այդ փոքր կղզիին վրայ նորանոր անձկութիւններ կը համակեն զինք:Իր մեծաւորներուն խիստ վերաբերմունքը Մխիթարը անել կացութեան մէջ կը դնեն: Իր ելքը երկնային միջամտութիւնը կ’ըլլայ: Աստուածամօր ծննդեան տօնին, խոր անձկութեան օր մը Սեպտեմբերի մը ութին, երբ աչքերը սեւեռած խորանին ծնրադիր կ’աղօթէ, աչքին կը հպի Աստուածամօր անշուք իւղանկարը կրթնած խորանին: Տիրամօր նայուածքը դէպի վար, վիզը թեք, առջեւը պատանի Յիսուսը մտածկոտ նայուածքով նստած իր չարչարանքի գործիքներուն առջեւ՝ կը նայի նկարէն դուրս իր դիտորդին: Նկարը կ՝արտացոլայ Մխիթարի հոգեվիճակը: Աղօթքը կը վերածուի բուռն լացի: Նկարը կը ստանայ շունչ կը դառնայ խօսուն: Տիրամայրը աչքերը կը հարէ Մխիթարին եւ հարց կու տայ թէ ինչ՞ կ’ուզէ. Մխիթար շուարած է , իր սահմանափակ կամքով ինչ» կրնայ ուզել երկնայինէ մը: Կը պատասխանէ – այն ինչ դուն» կ’ուզես: Աստուածամայրը կը ժպտի եւ կ’ըսէ ԵՂԻՑԻ, թող» ըլլայ: Մխիթարի վարքին հեղինակները այսպէս կը նկարագրեն այս յատուկ վայրկեանը, կնքուած երկնային մեծ՜ ԵՂԻՑԻ-ով մը:
Մխիթարի ԵՂԻՑԻի ճամբուն թուականները խօսուն են: Խիստ հալածանքի պայմաններու տակ, Մխիթարը կը հիմնէ ի Միաբանութիւնը Պոլիս, Բերայի մէջ 1701-ին Սեպտեմբերի 8ին: Օսմանեան հալածանքի տակ, կը փախչին Մեթոն, Յունաստան: Տարիներով աշխատած եւ կերտած այստեղի մենաստանը եւս կը ստիպուի լքել եւ անցնիլ Վենետիկ:
Վենետիկի ծերակոյտը զանազան պատճառներով այստեղ իրեն կը յանձնէ լքեալ Ս. Ղազար կղզին, ուր ան մուտք կը գործէ 1717, Սեպտեմբերի 8ին:
1806-ին իր տխրահռչակ հրովարտակով մը Նաբոլէոն կայսրը կը լուծէ իր կայսրութեան մէջ եղող բոլոր վանքերը եւ կը գրաւէ անոնց ինչքերը: Միաբանութիւնը կը տագնապի. չորս տարուան բուռն աշխատանքէ ետք՝ Նաբոլէոն բացառօրէն կը վերահաստատէ Մխիթարի Միաբանութեան բոլոր իրաւունքները, 181Օ-ի Սեպտեմբերի 8ին:
***
Թորոնթոյի Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը այս տարի կը տօնակատարէ իր հիմնադրութեան տասնամեակը: Անցեալ տասը տարիներու ընթացքին Սեպտեմբերի Ութը առ ի յարգանք Մեծն Մխիթարի Աստուածամօր Ծննդեան տօնին առիթով կը յիշէ վերոյիշեալ յատկանշական թուականները առնուազն հոգեհանգստեան արարողութեամբ կամ այլ ձեռնարկներով:
Այս տարի եւս առանց բացառութեան, Թորոնթոյի ՄՍՄ -ը բոլոր մխիթարեան հանգուցեալ հոգիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրած էր որը կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Սեպտեմբերի ութին: Գերյարգելի Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրիճեանի պատարագի պատշաճ քարոզին առընթեր, Պոլսոյ վարժարանին նախկին սան Պրն. Եդուարդ Պալեան՝ սոյն առիթով տուաւ իր պատգամը ՄՍՄ-ի անունով: Ան ընդհանուր ներկայացուց ամիս մը առաջ հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ յատկապէս ծանօթացումը Երեւանի մօտ Աւանի նոր Մխիթարեան կեդրոնին մասին:
Ան ընդգծեց Մխիթար Աբբահօր մնայուն փափաքը հաստատելու Միաբանութիւնը հայաստանի մէջ իր» ժողովուրդին համար: Մխիթար երազանքը չ’կրցաւ իրագործել իր կենդանութեան քաղաքական պայմաններու եւ հայ ազգի ներքին փոթորիկներու բերմամբ: Ճակատագրի այլեւայլ պատճառներով իր Միաբանութիւնը հիմնեց փոխան իր հողին՝ օտար ափերու վրայ եւ գործեց սփիւռքին համար: «
Պրն. Պալեան շաղկապեց օրուան խորհուրդը Սեպտեմբեր 8-ի Ս. Աստուածածնի Ծննդեան Օրուան հետ, իբր Մխիթարեան Միաբանութեան ծննդեան օր, շեշտելով որ ան օտար հողի վրայ գտնուող Ս.Ղազարը՝ պարզ Վենետիկեան հողաշերտէ մը աւելի՝ վերածեց փոքր Հայաստանի:
Գաղտնիք մը չէ որ ներկայիս Մխիթարեանները կը գտնուին բազմաթիւ անլոյծ խնդիրներու առջեւ: Թէեւ Միաբանութիւնը կը գտնուի նիւթական ծանր կացութեան, սակայն ասկից աւելի լուրջ ծառացած խնդիրը նոր կոչումներու լուրջ պակասն է։ Տասնամեակներ են արդէն որ միաբաններուն թիւը նօսրացած է, տարիքները յառաջացած են, իսկ անոնց բացը գոցողներու թիւը դարձած է անհամեմատ: Յիրաւի, Մխիթարեան նոր կոչումներու պակասը ցեղասպանութենէն ի վեր իրենց վերարտադրութեան լրջագոյնն հարցը կը մնայ:
Մինչեւ 1915 թուականը՝ կոչումները առհասարակ կու գային հայկական գաւառներէն: Հասկնալի պատճառներով անոր յաջորդող շրջանին նոր աշակերտները հաւաքեցին վերապրած հայահոծ գաղութներէն: Այս եւս նօսրացաւ հայութեան նոր տեղաշարժով դէպի նոր հեռաւոր ցամաքամասեր ուր Միաբանութիւնը կայք հաստատած չ’էր:
Սովետական Միութեան անկումը եւ հայաստանի անկախութիւնը թարմ առիթներ ընծայեց Մխիթարեան Միաբանութեան համար: Մխիթարի մահէն աւելի քան 250 տարիներ ետք, Մխիթարեանները առաջին անգամ ըլլալով հաստատուեցան հայկական հողին վրայ, Երեւանի մօտ՝ Աւան արուարձանը։ Հայաստանի կառավարութեան հետ յատուկ համաձայնութեամբ, Սովետական շրջանէն մնացած նախկին դպրոց մը յատկացուած է իրենց կրթական առաքելութեան համար: Շէնքին մեծութեան պատճառով ներկայիս անոր միայն մէկ մասը կ՛օգտագործուի։
Միաբանութիւնը վերջապէս գիտակցելով իր վերարտադրութեան լուրջ խնդրին՝ սկզբնապէս այս կառոյցը իբր Մխիթարեան վարժարան գործածելէ ետք, վերջերս վճռականապէս զայն դարձուցած է նորընտիր կոչումներու վանական Նորընծայարանի: Շէնքի մուտքին Աբբահօր կիսանդրին կը դիմաւորէ այցելուն, ձախին՝ Ղեւոնդ Երէցը իսկ աջին Վարդան Մամիկոնեանը եւ անշուշտ երկու կողմերը Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներն են։ Ս․ Խաչ մատուռը կը լրացնէ վանական համալիրին խորհրդանշական բաժինը: Յատկանշական է այստեղ տեսնել Սուրբ խորանին տեղադրուած Սեւանավանքին Տիրամօր նկարը, որուն առջեւ Մխիթար ունեցած էր իր տեսիլքը։ Տեղւոյն հաւատացեալները կիրակնօրեայ եւ տօնական օրերուն եւս կը մասնակցին պատարագի եւ ժամերգութեան արարողութիւններուն։
Անցեալի այս Մխիթարեան համալիրէն արդեն երկու կոչումներ Հ. Անտոն եւ Հ. Գէորգ ձեռնադրուած են քահանայ: Այստեղ ներկայիս Հ. Եղիա Քիլաղպեան նախկին աբբահայրը կը ծառայէ իբր վանահայր: Աւանի Նորընծայարանին յաջողութիւնը ծայր աստիճան կարեւոր է Մխիթարեան միաբանութեան գոյատեւման համար։
Յիրաւի, Աւանի այս կեդրոնին նոր առաջադրութիւնը կը կարօտի բոլոր ազգին ուշադրութեան ըլլայ աջակցութիւնը անոր միաբաններուն, նորընծաներուն եւ առհասարակ անոր ֆիզիկական կառոյցին: Ասիկա կարելի է սեպել գրաւականը Մխիթարեան Միաբանութեան գոյատեւման եւ վերընձիւղումին:
Պրն. Պալեան իր ներկայացման աւարտին այսպէս եզրակացուց- Այսօր, Աստուածամօր ծննդեան տօնին առիթով կը տօնենք նաեւ Տիրամօր Մխիթարին արտասանած ԵՂԻՑԻՆ:
Ասիկա հաւատքով ուզելու եւ ստանալու տօնն է, ոչ թէ միայն իբր Մխիթարեան Միաբան, Նորընծայ, կամ նոյնիսկ նախկին Սաներ, այլ համայն ազգով հաւատալու Մխիթարի պանծալի առաքելութեան:
Ի վերջոյ՝ Մխիթար իր կենդանութեան հայ ազգը Տիրամօր ԵՂԻՑԻ-ով ամբողջութեամբ ըրաւ իրը: Իսկ այժմ հերթը մերն է, նոյն ԵՂԻՑԻ-ով պարտինք մենք եւս ընել իր ժառանգութիւնը լիիրաւ մերը: