Շաբաթ, 31. 05. 2025

spot_img

Խմբագրական «Զարթօնք»ի. Լիբանան Պիտի Կարենա՞յ Տոկալ

Մինչ Երկրի Տնտեսութիւնը Անդունդի Եզրին Է, Անոր Պատասխանատուները Տակաւին Կը Խօսին «Տագնապի Տնօրինումի» (Crisis Management) Մասին Փոխանակ Հաշուետուութեան Կանչելու Այն Բոլորը Եւ Կասեցնելու Այն Ամէն Ինչը, Որ Իրավիճակը Այստեղ Հասցուցին

Հակառակ պատասխանատուներու կողմէ ամէն տեսակի սփոփիչ յայտարարութիւններու, իրականութիւնը կը մնայ այն, որ լուրջ մտահոգութիւն կայ տնտեսական վերահաս անկումի եւ դրամանշային տագնապի:
Ժողովուրդը կը խօսի պետութեան մօտալուտ սնանկութեան, լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման, եւ տնտեսական անսանձելի անկումի մը մասին: Որքան ալ խօսուածը գիտականօրէն տրամաթիք չըլլայ, սակայն երկրին մէջ կայ այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր Կեդրոնական դրամատան պարտադրած դրամի փոխանակման եւ փոխանցումներու սահմանափակումը, հակառակ անկումը սանձելու ամենագործնական միջոցը հանդիսանալուն, մեծ շփոթ եւ վախ ստեղծած է քաղաքացիին մօտ, որ եթէ իր դրամները ուզէ դրամատան թէ տանը մէջ պահել, պիտի ապրի մտահոգ, իսկ զայն ամբողջութեամբ եւ տոլարային դրամանիշով դրամատունէն դուրս բերելն ալ արդէն ուրիշ տեսակ տաղտուկ է, որմէ սկսած է տառապիլ քաղաքացին ամէն օր, մինչ ինչպէս միշտ կարգ մը լումայափոխներ ու պատեհապաշտ առեւտրականներ կ՛օգտուին ստեղծուած խուճապէն առանց հաշուի առնելու ընդհանրական շահը:
Միւս կողմէ հակառակ այն իրողութեան, որ պետութեան ֆինանսական վիճակը բնաւ ալ նախանձելի չէ երբ տարեկան պիւտճէի բացը 3 միլիառ ամ. տոլար էր 2017ին եւ 4.5 միլիառ ամ. տոլար 2018ին, Լիբանանի հանրային պարտքը արդէն 84 միլիառ ամ. տոլար է, որուն վրայ պիտի գայ աւելնալու 5 միլիառ տոլարի տոկոսը, մինչ պետութեան ամբողջ մուտքը 12 միլիառ ամ տոլար է տարեկան, այս բոլորով հանդերձ պետական ամբողջական սնանկացումը միջակ ժամանակամիջոցի վրայ երկարած կրնայ չպատահիլ, որուն հիմնական պատճառը լիբանանի պարտքին տեսակն է, եւ երկրին հիմնական խաղցողներու յարաբերութեան բարդ իրավիճակը:

Այս ուղղութեամբ առաջին հերթին նշենք, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունն ու առեւտրական դրամատուները իրենք են, որ շալկած են ու ֆինանսաւորողն են երկրի պարտքին 85 տոկոսին եւ մինչեւ այն ատեն, որ անոնց մեծամասնութեան սեփականատէրերը երկրին պատասխանատու դասին պատկանող անձիք են, անոնք պիտի շարունակեն իրենց գումարները ի պահ դնել կեդրոնական դրամատան մօտ օգտուելով բարձր տոկոսներէ ոտքի մնալով իրենք եւ իշխանութեան մէջ եղող իրենց ընկերները, մինչ Կեդրոնական Դրամատունը պիտի շարունակէ այդ գումարներով միջամտել շուկային մէջ կայուն պահելու լիբանանեան թղթոսկին:
Երկրորդ, տնտեսական անմիջական անկում մը գործին չի գար նաեւ քաղաքական գործիչներուն, որովհետեւ նման պարագային լիբանանցի քաղաքացին աւելի եւս պիտի իյնայ աղքատութեան գիրկը ու լուծումներ փնտռել փորձէ այդ միեւնոյն գործիչներուն մօտ, որոնց ժողովրդական վարկը կրնայ նուազիլ եւ ազդէ իրենց ընտրական հաշիւներուն վրայ:
Երրորդ, Լիբանանի մէջ պետական պաշտօններով կը սնանին շուրջ 400000 ընտանիք, այսինքն՝ լիբանանի բնակցութեան գրեթէ կէսը: Անոնց եկամուտներուն անկումը լուրջ գլխացաւանք կրնայ ըլլալ այսպէս կոչուած պատասխանատուներուն, որոնք պետական հաստատութիւնները լեցուցած են իրենց համագիւղացիներով ու «հաւատարիմ» մարդոցմով՝ «հաճախորդայնութեան» (clientelism) վատ սկզբունքով:

Հիմնուելով այս բոլորին վրայ եթէ ամէն բան ձեւով մը հակակշիռի տակ է, ապա ուրկէ՞ յանկարծ պայթեցաւ այսօրուայ տագնապը: Ի՞նչը փոխուեցաւ անցեալ տարուընէ այսօր:
Փոխուած բաներէն մէկը այն է, որ Կեդրոնական դրամատունն ու առեւտրական դրամատուները օտար դրամանիշի վրայ իրենց տուած տոկոսի արժէքը վերջին տարուան ընթացքին բարձրացուցին, ժողովուրդին ձեռքէն փորձել հաւաքելով օտար դրամանիշը, պատրաստ գտնուելու համար ոեւէ անկումի պարագային միջամտելու իրենց պահեստային գումարներով: Այս բանը դրամատէր անհատներու առեւտրական ներդրումը անշուշտ կասեցուց, դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներուն հաշւոյն, ուր մարդիկ նախընտրեցին իրենց դրամագլուխը դրամատան պահ տալ քան շուկայի վրայ աշխատցնել, բան մը որ երկրին տնտեսական անիւը աւելի եւս դանդաղեցուց:
Այս բոլորին զուգահեռ, մեր երկրին «փայլուն» պատասխանատուները, անցեալ տարի յաւելեալ տուրքերով բեռնաւորեցին քաղաքացին: Այս բանը պատճառ հանդիսացաւ սպառողական ապրանքներու արժէքային ուռուցումին (inflation), որ 2018ին հասաւ 7 տոկոսի բաղդատած նախորդ տարիներու 3 տոկոսին հետ: Գիներու այս աճը աւելի եւս ճնշեց տնտեսական վիճակը, երկիրը մտցնելով իրավիճակի մը մէջ, ուր չկայ տնտեսական աճ, փոխարէնը կայ գիներու աճ, ինչպէս նաեւ դրամի պակաս առեւտրական գործերու մէջ ներդրելու համար, մինչ դրամատուներն ալ նուազեցուցին անհատական ձեռնարկութիւններու վարկեր տալու դրամային քանակը: Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու այն բանը, որ կը կոչուի ամերիկեան ճնշում լիբանանեան դրամատուներուն վրայ քաղաքական զանազան պատճառներով:
Այս բոլորին ի տես ի՞նչ պէտք է ընել: Ժամանակն է արդէն փոխանակ տագնապը տնօրինելու տեսութիւններով զբաղելու գործնականօրէն լծուիլ բարեփոխումներու կիրառումի մը, վերջ տալու համար պետական այն ահռելի մսխումին, որ մնայուն (chronic) հիւանդութիւն չէ այլեւս, այլ յոռի մշակոյթ, որմէ եթէ շուտով չձերբազատուի պետութիւնը ապա անկումը պիտի դառնայ անխուսափելի:
Իսկ ո՞վ պիտի պարտադրէ այս:
Շատեր վստահած են ՍԵՏՐի խիստ եւ անխուսափելի պայմաններուն, որուն ի վերջոյ պիտի ենթարկուի իշխող դասակարգը: Սակայն ո՞ւր է քաղաքացին: Ե՞րբ պիտի խօսի ան վերջ ըսելու այս խեղկատակութեան, որ դէպի անդունդ կ՛առաջնորդէ բոլորը անխտիր, որովհետեւ տնտեսական անկումը, որ պատահի, անձագիրերու մէջ նշուած համայնքային ու յարանուանական պատկանելիութեան պիտի չնայի, այլ՝ բոլորը միատեղ պիտի ճզմէ իր ահռելի բեռին տակ:
Բոլորս պատասխանատու ենք: Ժամանակն է սթափելու ու անցնելու գործի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին