«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա Թեհրան այցելած է: Այս բանը յայտնի դարձաւ երբ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամէնէի համացանցային պաշտօնական էջը նկար մը հրապարակեց, ուր կ,երեւին Նասրալլա, Խամէնէի եւ Իրանի Յեղափոխութեան պահակներու ղեկավար զօր. Քասեմ Սուլէյմանին:
Նշենք, որ ապահովական խիստ պայմաններու մէջ ապրող Նասրալլայի սոյն այցը առաջինն է երկար ժամանակէ ի վեր:
2006ի իսրայէլեան պատերազմէն ետք Նասրալլա նախընտրած էր անցնիլ ընդհատակեայ կեանքի, որ կ՛ապահովէ իր ֆիզիքական ապահովութիւնը, որուն կը սպառնայ Իսրայէլ:






