Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

ՉԻՆԱԿԱՆ ՎԱՐՄՈՒՆՔԻՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ. Չինաստան իրական կայսրութիւն մըն է որ կը գործէ իբրեւ ազգային պետութիւն (Nation State)

ODD ARNE WESTAD

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Յիշեալ ենթադրութիւնը գլխաւորաբար հիմնուած է Չինաստանի տնտեսական բացառիկ աճին վրայ։ Այսօր, անոր տնտեսական ուժը, բաղդատաբար Ամերիկայի, կը գերազանցէ, ինչ որ Սովետ Միութեան ուժն էր, բաղդատած Մ. Նահանգներուն՝ մէկէն երեք անգամով։ Թէեւ, յիշեալ զարգացումը ներկայիս դանդաղած է։ Անոնք որ կը հաւատան, թէ Չինաստան Ճափոնի նման տնտեսական լճացումի (stagnation) պիտի ենթարկուի, գրեթէ անվարան սխալած են։ Անոր հանդէպ, եթէ նոյնիսկ օտար բարձր մաքսատուրքեր ի զօրու մնան, Չինաստանի տեղական շուկան պիտի կարենայ տարիներ պահել երկրին տնտեսական աճը։

Ասիոյ մնացեալ երկիրները, որոնք աւելի ծաւալուն են ու տնտեսապէս՝ զօրութենական (dynamic) քան Արեւմտեան Եւրոպան՝ Պաղ պատերազմին սկիզբը, պիտի զգուշանան մաքսատուրքեր պարտադրելու Չինաստանին։

Զինուորական ու ռազմավարական մարզերէ ներս է որ դժուար է չափել մրցակցութիւնը։ Մ. Նահանգներ, այսօր, զինուորական մեծ առաւելութիւններ ունի Չինաստանի վրայ. կը հաշուէ քսան անգամ աւելի հիւլէական զէնքեր, օդանաւային գերիվեր ուժ, պաշտպանութեան յատկացուած եռապատիկ պիւտճէ։

Ամերիկա ունի նաեւ դաշնակիցներ – Ճափոնը եւ Հարաւային Քորէան, եւ յուսալի բարեկամներ Չինաստանի սահմաններուն մերձակայքը՝ Հնդկաստանն ու Վիէթնամը՝ զինուորական կարելիութիւններով օժտուած։ Չինաստանը զրկուած է նման բարեկամութիւններէ։

Հակառակ վերոյիշեալ իրողութիւններուն, վերջին տասնամեակին, Արեւելեան Ասիոյ մէջ ուժի կշիռը թեքած է ի նպաստ Չինաստանի։ Այսօր, Չինաստան ունի հեռահաս հրթիռներ, օդատորմիղ ու նաւատորմ, որոնք զինուորական առաւելութիւն կ՚ապահովեն իր անմիջական շրջապատին մէջ։ Չինաստանի հրթիռային զօրութիւնը լուրջ մարտահրաւէր կը կարդայ ամերիկեան խարիսխներուն եւ օդանաւակիրներուն։ Ամերիկա այլեւս չի կրնար յաւակնիլ որ գերակայութիւն ունի շրջանին մէջ։ Հարցը աւելի պիտի վատանայ, երբ Չինաստանի նաւային կարողութիւնները հսկայական զարգացումներ արձանագրեն յաջորդ քանի մը տարիներուն զինուորական մարզերէն ներս, յատկապէս՝ լէյզըրներու, drone-ներու, cyber-ներու օգտագործումով, եւ օդանաւային կարողութիւններով։ Թէեւ, ներկայիս, Մ. Նահանգներ զինուորական մեծ առաւելութիւններ ունի Չինաստանի նկատմամբ։ Փեքին ներուժն ունի եւ հասկնալիօրէն արագ կերպով հաւասարելու եւ մրցակից դառնալու Մ. Նահանգներուն։

 

ԱՌԱՒԵԼ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Նմանութիւնները Չինաստանի ու նախկին Սովետ Միութեան միջեւ ակնյայտ են, սկսելով համայնավար իշխանութենէն։ Գրեթէ 40 տարիներ, սկսելով Չինաստանի շուկայիկ տնտեսութենէն, Արեւմուտքը վարժուած էր կոմունիստ բռնատիրութեան հանդէպ հանդուրժողութիւն ցուցաբերել։ Հակառակ չինացի ղեկավարներու պարբերական անգթութեանց,– ինչպէս 1989-ի Թիանանմէն հրապարակի արիւնահեղութիւնը,– Արեւմուտքի հանրային կարծիքը ա՛յն էր, թէ Չինաստանը աւելի ազատական ու բազմապաշտ (pluralistic) կը դառնար։ Այսօր, նման նախատեսութիւններ անիմաստ դարձած են. կոմունիստ  կուսակցութիւնը ամրապնդելու վրայ է իր իշխանութիւնը, նպատակադրելով վարել կեդրոնացեալ, մնայուն ղեկավարութիւն։ Կուսակցութիւնը ընդմիշտ պիտի մնայ ազգին ողնայարը։

Այլ նմանութիւն մը ա՛յն էր, թէ ինչպէս որ Սովետ Միութիւնը կը ջանար գերակշռութիւն ունենալ Եւրոպայի մէջ, Չինաստանը նման հակակշիռ կ՚ուզէ ունենալ Արեւելեան Ասիոյ մէջ։ Այս վերջին շրջանը նո՛յնքան կարեւոր է Մ. Նահանգներուն համար։ Չինաստանի նախաձեռնութիւնները համանման են.- քաղաքական ու զինուորական կորզում (extortion), ու բաժնէ որ տիրես ռազմավարութիւն։ Իրականութեան մէջ անոր կարողութիւնները աւելի են. եթէ Ամերիկա չհակակշռէ կացութիւնը, հաւանական է որ Չինաստան դառնայ անդիմադրելի տէրը Արեւելեան Ասիոյ, Ճափոնէն մինչեւ Ինտոնեզիա, 2020-ականներուն վերջերը։

Սովետ ղեկավարներու նման, չինացիները թշնամի կը նկատեն Ամերիկան։ Շատ ուշադիր ու քաղաքավար են հրապարակաւ, եւ յաճախ իրենց յարումը կը յայտնեն միջազգային կանոններուն։ Սակայն, կուսակցական ներքին հաղորդակցութեանց ատեն, գլխաւոր նկատումը ա՛յն է, թէ Մ. Նահանգները կը միտի ականահարել Չինաստանի վերելքը, արտաքին նախայարձակումով ու ներքին տապալումով։ Այնքան ատեն որ կուսակցական ղեկավարութիւնը ու չինական սոցիալիզմը յարատեւեն, Արեւմուտքի դիրքորոշումը՝ բարեկարգումներ իրականացնելու, պիտի չփոխուի, ու ճնշումը պիտի շարունակուի պառակտում յառաջացնելու «գունաւոր յեղափոխութիւններով», նմանութիւնը ակներեւ է Սթալինի քաղաքականութեան հետ, 1940-ի ատենները մղած պայքարի ատեն Ամերիկայի դէմ։ «Արեւմուտքը կը նպատակադրէ տիրապետել աշխարհին՝ օտար երկիրներու ժողովուրդներուն գերութեամբ, քանդելով ժողովրդավարութիւնը՝ նոր պատերազմի դիմելով»։

 

ՀԻՄԱ ԵՒ ԱՅՆ ԱՏԵՆ

Չինաստանը սակայն Խորհրդային Միութիւն չէ։ Սովետ գաղափարախօսութիւնը դէմ էր Ամերիկայի հետ երկարատեւ գոյակցութեան. ժողովրդավարութիւնն ու դրամատիրութիւնը պիտի կորսնցնէին, ապահովելով համայնավարութեան յաղթանակը։ Չինաստանի կեդրոնական կուսակցութիւնը չի բաժներ վերոյիշեալ մեկնաբանութիւնները։ Անիկա արտաքնապէս աւելի ազգայնական է քան՝ միջազգայնական։ Իրեն համար Ուաշինկթընը արգելք է իր իշխանութեան պահպանումին, եւ հետամուտ է շրջանային տիրապետութեան։ Այսուհանդերձ, իր նպատակները իրագործելու համար կուսակցութիւնը չի հաւատար որ Մ. Նահանգները եւ անոր իշխանութիւնը պարտութեան մը հարկաւորութեան տակ նկատուին։

Բաց աստի, չինական հասարակարգը նման է ամերիկեանին, քան թէ՝ սովետականին։ Այս վերջնոյն քաղաքացիները ընդհանրապէս կ՚ընդունէին ու կը համակերպէին ընկերվարական քաղաքականութեան։ Չինացիները, ընդհակառակը, շահագրգռուած են իրենց մրցակցական, շուկայիկ ընկերութեամբ։ Չինացի քաղաքացիներու մեծամասնութեան համար համայնավարութիւնը պարզապէս պիտակ մըն է իշխող կուսակցութեան համար, քան թէ՝ փնտռուած տեսլական մը։ Xi-ն մտածողութեամբ ու գործնականօրէն հեռու է Մաօ Ցէ Թունկի տեսաբանութենէն։

Չինացիները վայելած են քանի մը խաղաղ տասնամեակներ։ Չինաստանի բնակչութեան երկու երրորդը վայելած է խաղաղութիւն եւ յառաջդիմութիւն։ 30 տարի առաջ էր անոր զինուորական օտար միջամտութիւնը վիէթնամեան պատերազմին, իսկ քորէական պատերազմին՝ 70 տարի առաջ։ Վերջին երեսնամեայ յաջողութիւնները փաստեցին խաղաղութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Xi եւ իր խմբակը վտանգը դիմագրաւողներ չեն։ Սակայն, վտանգի ժամանակ, չինացիները կը նմանին 1914-ի գերմանացիներուն, քան թէ ռուսերուն՝ Բ. Աշխարհամարտէն ետք։ Անոնք դիւրայոյզ են, քան թէ՝ յոգնած։

 

(Շար. 2)

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

“Foreign Affairs” երկամսեայ, Սեպտ.-Հոկտ. 2019

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին