ՓՐՈՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
***
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երեւանի մէջ օր մը Հայաստանի Սովետական Հանրագիտարանի խմբագրատունը այցելած էի, խմբագրական կազմի կարեւոր անդամներէն մէկուն հետ հանդիպեցայ եւ քիչ մը խօսելէ յետոյ ցած ձայնով ըսաւ. «Եղբայր, երբ «Խորհրդային» բաոը ունինք, ինչ պէտք կայ «Սովետական» բաոը գործածելու»։ Ապա, քանի մը վայրկեան ետք, աւելի ցած ձայնով, այս անգամ շշմեցուցիչ տեղեկութիւն մը տուաւ եւ խնդրեց որ իր մահուընէ ետք գրեմ։ Երբ կը նայիք հանրագիտարանի թիւ ինը հատորին, կը տեսնէք, որ առաջին արձանագրուած բառը կը կոչուի «չեչքար» իսկ երկրորդը «Չեռնենկո», որ ստանձնած է բազմաթիւ կարեւոր պաշտօններ Խորհրդային Միութեան քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս կուսակցութեան նախագահութեան քարտուղարութեան պետ։ Որպէսզի հատորին երկու կողքերուն միջեւ «Չեռնենկո»» չգործածուի եւ տարիներով այդ անունը չմնայ հատորին վրայ, ահագին աշխատանքէ ետք կը գտնէ «չեչքար» հրաբխային ծածկոտէն բառը։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Խորհրդային ժամանակ այպիսի հայրենասէր եւ քաջ մարդիկ ալ կային…
***
Վարդգէս Պետրոսեանին հետ հարցազրոյց ունենալու ժամանակ երբ զինք պիտի լուսանկարէի, «կեցիր» ըսաւ, «Սիկարէթով նկարէ, որպէսզի Պարոյր Սեւակին նման ըլլամ»։
Երուսաղէմ ծնած եմ եւ ընտանեօք կ՚ապրէինք Քաթամոն արուարձանը, ուր մեր դրացին էր Յակոբ Օշականի ընտանիքը եւ քանի մը ուրիշներ։ Մեր Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը կէս ժամ հեռու էր եւ միշտ հանրակաոքով դպրոց կ՚երթայինք։ Նոյն հանրակառքին մէջ կ՚ըլլար նաեւ Յակոբ Օշական, որ կը դասաւանդէր մեր դպրոցին կից Ս․ Յակոբ վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ հայոց լեզու, գրաբար եւ աշխարհաբար, մատենագիտութիւն եւ գրականութիւն։ Ամէն անգամ որ հանրակառք կը բարձրանար կու գար եւ դաստակով իմ եւ ուրիշներու գլուխը կը հարուածէր, ապա կ՚ըսէր. «Բախտաւոր էք, ձայն չկայ, արձագանգ չկայ, ուրեմն գլուխդ լեցուն է պարապ չէ»։
***
Լեւոն Հախվերդեան կ՚ապրէր Երեւանի Սարի Թաղ, բարձրայարկ շէնքի մը մէջ։ Օր մը այցելութեան գացի եւ վերելակը չէր աշխատեր։ Քանի մը յարկ բարձրացայ եւ մտայ ներս. գանգատեցայ որ քալելով բարձրացայ եւ յոգնեցայ։ Երբեմն վերելակը չ՚աշխատիր, ըսաւ։ Եկուր պատշգամ նստինք, շարունակեց ան։ Մենք բախտաւոր ենք, ճիշդ ֆութպոլի դաշտին քովն ենք եւ խաղը ձրի կը դիտենք մեր պատշգամէն… Միւս պատշգամէն ալ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ նորակերտ տաճարը կը տեսնենք եւ մեղքերս քաւելու համար պատշգամէն… կ՚աղօթեմ։






