ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» Մշակութային յանձնախումբը սիրով կը ներկայացնէ յոբելենական համերգ՝ նուիրուած երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար, ազգագրագէտ եւ երաժշտահաւաք մեծն Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին։
Բացառիկ այս համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Առաջնորդանիստ Սբ․ Ղեւոնդեանց Մայր տաճարէն ներս (3325 North Glenoaks Boulevard, Burbank, CA 91504):
Ելոյթ պիտի ունենայ հեղինակաւոր «Կրամմի» մրցանակի ներկայացուած սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան՝ ընկերակցութեամբ երաժիշտներու Լոս Անճելըսէն, Ֆրեզնոյէն եւ Քալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարայի համալսարանէն։ Պիտի նուագակցի Ֆրեզնոյի Coro Vox Aeterna նուագախումբը՝ խմբավարութեամբ Աննա Հեյմերի։
Հայ արդի երաժշտական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած այս ընդգրկուն համերգը պիտի ներառէ զանազան ստեղծագործութիւններ։ Նշենք, որ այս տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւս մեծ շուքով տօնախմբեց Կոմիտասի 150-ամեակը։
Պիտի հնչեն նոր եկեղեցական եւ աշխարհիկ մշակումներ երգչախումբի եւ սոփրանոյի համար դաշնաւորմամբ, մանկական երգերու եւ աղօթքներու փունջ մը՝ սրինգի, տաւիղի եւ սոփրանոյի համար դաշնաւորմամբ, ինչպէս նաեւ ժողովրդական երգեր՝ սոփրանոյի եւ լարային քառեակի համար դաշնաւորմամբ։ Lively Arts հիմնադրամի եւ Պայրագտարեանի գլխաւոր նպատակը այս համերգին միջոցաւ ներկայացնել Կոմիտասի համամարդկային արժէքն ու մեծութիւնը, որ հոգիներ կը թափանցէ, սիրտեր եւ միտքեր կը զմայլէ, եւ կը կամրջէ անցեալն ու ապագան։
Տոմսակներուն արժէքներն են՝ 35.00, 50.00, 100.00 տոլար։ Զանոնք կրնաք ապահովել հեռաձայնելով 818-558-7474 Ext. 0 թիւին։